ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՄԷՋ ԴԷՊՔԵՐ

Եւ­րո­պա­յի մէջ ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցան ա­հա­բեկ­չա­կան մտա­հո­գիչ դէպ­քեր։ Գեր­մա­նիոյ մայ­րա­քա­ղա­քը՝ Պեր­լի­նի մէջ, պատ­մա­կան «Փլած ե­կե­ղեց­ւոյ» մօ­տա­կայ­քին պա­տա­հե­ցաւ դէպ­քը։ Բեռ­նա­տար հսկայ ինք­նա­շարժ մը ներ­խու­ժեց Սուրբ Ծննդեան շու­կա­յի տա­րած­քը։ Սկիզ­բին ոս­տի­կա­նու­թիւ­նը հա­շուի ա­ռաւ նաեւ հա­ւա­նա­կան ար­կա­ծի մը վար­կա­ծը, սա­կայն ա­ւե­լի վերջ յայտ­նի դար­ձաւ, որ սա ա­հա­բեկ­չա­կան յար­ձա­կում մըն է։ Ամ­բողջ Եւ­րո­պան բնա­կա­նա­բար վեր­յի­շեց շուրջ հինգ ա­միս ա­ռաջ Ֆրան­սա­յի Նիս քա­ղա­քին մէջ պա­տա­հած նմա­նօ­րի­նակ դէպ­քը։ Մի­ջազ­գա­յին աղ­բիւր­նե­րը այս ա­ռա­ւօտ տե­ղե­կա­ցու­ցին, որ Պեր­լի­նի ող­բեր­գու­թեան զո­հե­րուն թի­ւը հա­սած է տաս­ներ­կու­քի։

Ըստ Պեր­լի­նէն հա­սած լու­րե­րուն, բեռ­նա­տա­րի վա­րոր­դը խոյս տուաւ դէպ­քի վայ­րէն եւ ա­ւե­լի վերջ ձեր­բա­կա­լուե­ցաւ։ Յար­ձակ­ման ըն­թաց­քին իր կող­քը նստած անձ­նա­ւո­րու­թիւնն ալ սպան­նուե­ցաւ։ Գեր­մա­նիոյ Ներ­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Թո­մաս  Մե­զիէր յայտ­նեց, որ մա­հա­ցած ան­ձը Լե­հաս­տա­նի քա­ղա­քա­ցի է։ Ան ո­րե­ւէ տե­ղե­կու­թիւն չփո­խան­ցեց՝ բեռ­նա­տա­րի ձեր­բա­կա­լեալ վա­րոր­դի քա­ղա­քա­ցիու­թեան շուրջ։

Մտա­հո­գիչ այլ ի­րա­դար­ձու­թիւն մըն ալ ե­րէկ ե­րե­կո­յեան ժա­մե­րուն պա­տա­հե­ցաւ Զուի­ցե­րիոյ մէջ։ Ցիւ­րի­խի մէջ մզկիթ մը թի­րախ դար­ձաւ յար­ձակ­ման։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 20, 2016