ՑՆՑԻՉ ՄԱՀԱՓՈՐՁ

Ե­րէկ ե­րե­կո­յեան ժա­մե­րուն Թուր­քիա ցնցուե­ցաւ զգա­յա­ցունց մա­հա­փոր­ձով մը։ Ան­գա­րա­յի մօտ Ռու­սաս­տա­նի դես­պան Անտ­րէյ Քար­լով զոհ գնաց ա­հա­բեկ­չա­կան յար­ձակ­ման։ Դէպ­քը պա­տա­հե­ցաւ մայ­րա­քա­ղա­քի սրտին վրայ։ Չան­քա­յա­յի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նին կող­մէ կազ­մա­կեր­պուած լու­սան­կար­չա­կան ցու­ցա­հան­դէ­սի մը բաց­ման հան­դի­սու­թեան ըն­թաց­քին ամ­պիո­նէն ե­լոյթ ու­նե­նա­լու ժա­մա­նակ Անտ­րէյ Քար­լով են­թար­կուե­ցաւ զի­նեալ յար­ձակ­ման։ Երբ ռուս դես­պա­նը ամ­պիոն բարձ­րա­ցաւ, ե­տե­ւէն ի­րեն մօ­տե­ցաւ մար­դաս­պա­նը եւ շատ կարճ հե­ռա­ւո­րու­թե­նէ վեց ան­գամ կրա­կեց ա­նոր վրայ։ Դես­պա­նը մա­հա­ցաւ տեղ­ւոյն վրայ։ Դէպ­քի վայ­րին վրայ տե­ղի ու­նե­ցաւ ընդ­հա­րում, ո­րու ա­ւար­տին Անտ­րէյ Քար­լո­վի մար­մի­նը հա­զիւ կա­րե­լի ե­ղաւ փո­խադ­րել «Կիւ­վէն» հի­ւան­դա­նո­ցը։ Ռու­սաս­տա­նի դես­պա­նու­թեան այլ ե­րեք աշ­խա­տա­կից­ներ ալ դար­ման­ման տակ առնուե­ցան նոյն հի­ւան­դա­նո­ցին մէջ՝ վի­րա­ւո­րուած ըլ­լա­լով։ Ա­նոնց կա­ցու­թիւ­նը ծանր չէ։

Երբ տա­կա­ւին գե­ղա­րուես­տա­կան սրա­հին մէջ ընդ­հա­րու­մը կը շա­րու­նա­կուէր, ար­դէն դէպ­քի վայր հա­սաւ Ներ­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Սիւ­լէյ­ման Սոյ­լու։ Անտ­րէյ Քար­լո­վի հի­ւան­դա­նոց փո­խադ­րու­թեան զու­գա­հեռ՝ ան ալ ան­ցաւ հի­ւան­դա­նոց, ի­րեն միա­ցան նաեւ Ա­ռող­ջա­պա­հու­թեան նա­խա­րար Րէ­ճէպ Աք­տաղ եւ Ազ­գա­յին պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Ֆիք­րի Ը­շըք։ Ա­ռող­ջա­պա­հու­թեան նա­խա­րա­րը ցնցու­մի այդ մթնո­լոր­տին մէջ ան­ձամբ ու­ղեկ­ցե­ցաւ Անտ­րէյ Քար­լո­վի կո­ղակ­ցին, որ մի­ջոց մը վերջ ճա­րա­հատ հրա­ժեշտ ա­ռաւ հի­ւան­դա­նո­ցէն։

62-ա­մեայ Քար­լո­վի վրայ կրա­կած է ոս­տի­կա­նու­թեան աշ­խա­տա­կից մը։ Ներ­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Սիւ­լէյ­ման Սոյ­լու ե­րէկ հա­ղոր­դեց, որ ան կը կո­չուի Մեւ­լիւտ Մերթ Ալ­թըն­թաշ։ 1994 թուա­կա­նին ծնած է Այ­տը­նի Սէօ­քէ գա­ւա­ռա­կին մէջ։ Իզ­մի­րի Ոս­տի­կա­նա­կան բարձ­րա­գոյն վար­ժա­րա­նը ա­ւար­տած է 2014 թուա­կա­նին եւ եր­կու­քու­կէս տա­րիէ ի վեր կը պաշ­տօ­նա­վա­րէր Ան­գա­րա­յի Անվ­տան­գու­թեան տնօ­րէ­նու­թեան բա­ժան­մունք­նե­րէն մէ­կուն մօտ։ Ռուս դես­պա­նին վրայ կրա­կե­լէ վերջ ան գո­չեց, որ պէտք չէ մոռ­նալ Հա­լէպն ու Սու­րիան։ Ան ա­րա­բե­րէ­նով ալ յայտ­նեց, որ ճի­հա­տի հե­տա­մուտ մըն է։ Այդ լո­զունգ­նե­րը ընդ­հան­րա­պէս կ՚օգ­տա­գոր­ծուին «Էլ Քաի­տէ»ի Սու­րիոյ թե­ւը հան­դի­սա­ցող «Նուս­րա» ճա­կա­տի քա­րոզ­չա­կան տե­սա­նիւ­թե­րուն մէջ։ Մա­հա­փոր­ձի պա­տա­հած պա­հէն սկսեալ հան­րա­յին կար­ծի­քին տե­սա­կէ­տէ շատ հե­տաքրք­րա­կան կը հա­մա­րուի նաեւ, որ Անտ­րէյ Քար­լով չու­նէր թիկ­նա­պահ մը։

Այս դէպ­քը վրայ հա­սաւ Թուր­քիա-Ռու­սաս­տան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն տե­սա­կէ­տէ դժուա­րին շրջա­նի մը մէջ։ Երբ Ան­գա­րա-Մոս­կուա ա­ռանց­քին վրայ բնա­կա­նոնց­ման ջան­քե­րը կը շա­րու­նա­կուին, եր­կու ղե­կա­վա­րու­թիւն­նե­րը միեւ­նոյն ժա­մա­նակ կը ջա­նան սեր­տաց­նել ի­րենց հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը՝ մի­ջազ­գա­յին օ­րա­կար­գի հրա­տապ հար­ցե­րուն շուրջ։ Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի, մաս­նա­ւո­րա­պէս Սու­րիոյ ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը թուրք-ռու­սա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն տե­սա­կէ­տէ ստեղ­ծած են ար­տա­սո­վոր վի­ճակ մը։ Ար­դա­րեւ, կարգ մը ա­ռանցք­նե­րու շուրջ կող­մե­րու շա­հե­րը հա­կա­սու­թեան մէջ են, իսկ ու­րիշ ա­ռանցք­նե­րու շուրջ ա­նոնք կը հա­մա­գոր­ծակ­ցին դրա­կան ո­գիով։ Յա­րա­փո­փոխ այս ի­րա­վի­ճա­կին մէջ, ան­տա­րա­կոյս, ռուս-թրքա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն տե­սա­կէ­տէ բա­ցար­ձա­կա­պէս բաղ­ձա­լի վի­ճակ մը չստեղ­ծուե­ցաւ ե­րէ­կուան ցնցիչ մա­հա­փոր­ձին հե­տե­ւան­քով։ Բա­րե­բախ­տա­բար, եր­կու եր­կիր­նե­րու ղե­կա­վա­րու­թիւն­նե­րը կը փո­խան­ցեն շատ պա­ղա­րիւն պատ­գամ­ներ, կը գե­րա­դա­սեն կա­յու­նու­թիւ­նը եւ քա­ղա­քա­կան կամք կը դրսե­ւո­րեն, որ­պէս­զի ա­կա­մայ նոր ճգնա­ժամ մը չծա­գի կող­մե­րուն մի­ջեւ։

Ե­րէկ ե­րե­կո­յեան, Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան հե­ռա­խօ­սազ­րոյց մը ու­նե­ցաւ Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թի­նի հետ։ Եր­կար ժա­մա­նա­կէ ի վեր եր­կու ղե­կա­վար­նե­րը ար­դէն կ՚ու­նե­նան յա­ճա­խա­կի հե­ռա­խօ­սազ­րոյց­ներ։ Այս մէկն ալ այդ ա­ռու­մով հեր­թա­կան էր, սա­կայն, շար­ժա­ռի­թը՝ ոչ։ Էր­տո­ղան Փու­թի­նին թէ՛ ցա­ւակ­ցու­թիւն եւ թէ տե­ղե­կու­թիւն փո­խան­ցեց պա­տա­հա­րին ա­ռըն­չու­թեամբ։ Հե­ռա­խօ­սազ­րոյ­ցէն վերջ Էր­տո­ղան հան­դէս ե­կաւ նաեւ հե­ռուս­տաե­լոյ­թով մը։ Ան շեշ­տեց, որ ո­րո­շուած է հետքն­նու­թիւ­նը յա­ռաջ տա­նիլ հա­սա­րա­կաց ձե­ւով։ Միաս­նա­կան ջան­քեր պի­տի գոր­ծադ­րուին դէպ­քի լու­սա­բան­ման հա­մար՝ եր­կու եր­կիր­նե­րու պատ­կան մար­մին­նե­րուն կող­մէ։ Միեւ­նոյն ժա­մա­նակ, Էր­տո­ղան եւ Փու­թին հա­մա­կար­ծիք գտնուե­ցան, որ դէպ­քը խա­փա­նա­րա­րու­թիւն մըն է՝ թուրք-ռու­սա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն դէմ։

Մա­հա­փոր­ձը վրայ հա­սաւ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Մեւ­լիւտ Չա­վու­շօղ­լուի կող­մէ շատ յատ­կան­շա­կան ժամ­կէ­տով մը։ Ար­դա­րեւ, երբ Անտ­րէյ Քար­լով սպան­նուե­ցաւ, նա­խա­րա­րը կը թռէր  դէ­պի Մոս­կուա, ուր այ­սօր կը տե­սակ­ցի Ռու­սաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Սէր­կէյ Լաւ­րո­վի հետ, Ի­րա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ճե­ւատ Զա­րի­ֆի հետ՝ Սու­րիոյ ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն շուրջ։ Մա­հա­փոր­ձի լու­րէն ան­մի­ջա­պէս վերջ, ե­րէկ ե­րե­կո­յեան ժա­մե­րուն յայ­տա­րա­րուե­ցաւ, որ այ­սօ­րուան ե­ռա­կող­մա­նի հան­դի­պու­մը պի­տի չջնջուի կամ պի­տի չյե­տաձ­գուի, ինչ որ ա­ռա­ջին շօ­շա­փե­լի ազ­դան­շանն էր՝ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը խա­փա­նա­րա­րու­թեան ազ­դե­ցու­թե­նէ զերծ պա­հե­լու քա­ղա­քա­կան կամ­քին ա­ռու­մով։

Ատ­րէյ Քար­լո­վի սպա­նու­թիւ­նը լայն ար­ձա­գանգ ստեղ­ծեց նաեւ հա­մայն աշ­խար­հի մէջ։ ՄԱԿ-ի անվ­տան­գու­թեան խոր­հուր­դը, Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րը, Անգ­լիա, Գեր­մա­նիա եւ այլ բազ­մա­թիւ եր­կիր­ներ ան­մի­ջա­պէս ար­ձա­գան­գե­ցին այս դէպ­քին։ ԱՄՆ-ի պե­տա­կան քար­տու­ղա­րու­թեան բան­բեր Քըր­պի յայ­տա­րա­րեց, որ Անտ­րէյ Քար­լովն ու իր ըն­տա­նի­քը ի­րենց խո­հե­րուն եւ ա­ղօթք­նե­րուն մէջ են։ Ան­գա­րա­յի մօտ Գեր­մա­նիոյ դես­պա­նու­թիւ­նը տե­ղե­կա­ցուց, որ սուգ կը պա­հէ իր ռուս պաշ­տօ­նա­կից­նե­րուն հետ։ Ան­գա­րա­յի մօտ Անգ­լիոյ դես­պան Ռի­չըրտ Մուր ընդգ­ծեց, որ սաս­տիկ կը պա­խա­րա­կէ այս ա­հա­ւոր մա­հա­փոր­ձը։ Իր կար­գին, Ռու­սաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան բան­բեր Մա­րիա Զա­խա­րո­վա յայ­տա­րա­րեց, որ այս դէպ­քը կը հա­մա­րեն ա­հա­բեկ­չա­կան ա­րարք մը եւ զայն ՄԱԿ-ի Անվ­տան­գու­թեան խոր­հուր­դի օ­րա­կար­գին վրայ պի­տի բե­րեն։ 

ՑԱՒԱԿՑԱԿԱՆ

Միւս կողմէ, Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան Փութինին ցաւակցական մը ուղարկեց մահափորձին կապակցութեամբ։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 20, 2016