ԼԱՒԱԳՈՅՆՆԵՐՈՒՆ ՊԱՐԳԵՒ
Հայկական PR-ի ընկերակցութիւնը նախընթաց օր Երեւանի մէջ կազմակերպեց պարգեւատրման արարողութիւն մը։ Լաւագոյններու համար նախատեսուած մրցանակաբաշխութիւն մըն էր այս մէկը, որ արդէն տեղի ունեցաւ չորրորդ անգամ։ Հանրային կապերու եւ հաղորդակցութեան մասնագէտները, լաւագոյն ծրագրերու եւ գաղափարներու հեղինակները խրախուսելու նպատակը կը հետապնդէ այս նախաձեռնութիւնը։
Հայկական PR ընկերակցութեան նախագահ Աստղիկ Աւետիսեան, որ միեւնոյն ժամանակ Երեւանի Պետական համալսարանի Լրագրութեան ֆաքիւլթէի «PR եւ հաղորդակցային փորձագիտութիւններու» մագիստրոսական ծրագրի ղեկավարն է, հաւաքոյթի ընթացքին ունեցաւ ելոյթ մը։ Ան այս առթիւ ըսաւ. «Հանրային եւ քաղաքական դէմքերու, ընկերութիւններու եւ պետական մարմիններու աշխատանքը հայկական PR ընկերակցութեան հետազօտական խումբի ուշադրութեան կեդրոնին են։ Մրցանակաբաշխութիւնը միտուած է բարձրացնել ու կարեւորել հանրային կապերու մասնագէտի դերը, արժեւորել հանրութեան հետ յետադարձ կապը, խրախուսել հաղորդակցութեան կառավարման նոր մեթոտներու եւ փորձագիտութիւններու ստեղծումն ու կիրառումը, ի վերջոյ, արձանագրել ոլորտէն ներս առկայ բացթողումներն ու հաղորդակցութեան խոչընդոտները։
Ընկերակցութիւնը այս տարուան հետազօտութիւնը իրականացուցած է երեք փուլով եւ հետազօտական զանազան միջոցներով։ Մրցանակաբաշխութեան մասնագիտական յանձնաժողովը, որ կը կատարէ դատակազմի դերը, կազմուած է տեղական կամ միջազգային արհեստավարժ մասնագէտներէ։
Այս տարուան մրցանակաբաշխութեան ծիրին մէջ «Սփիւռքի զանգուածային լրատուութեան միջոց» անուանակարգով պարգեւ մըն ալ նախատեսուած էր։ Այս մրցանակը շնորհուեցաւ Ռամկավար մամուլէն «Պայքար» շաբաթաթերթին, որ կը պատրաստուի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Լիբանանի մէջ։ «Պայքար»ի համար նախատեսուած մրցանակը ստացաւ շաբաթաթերթի պատասխանատուներէն Պայծիկ Գալայճեան։