ՄԱԼԵԶԻԱՅԻ ՄԷՋ ԿՈՉ՝ ԻՍԼԱՄԱԿԱՆ ԱՇԽԱՐՀԻՆ ԳԱՂԹԱԿԱՆԱՑ ՀԱՄԱՐ

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ մասնակցեցաւ Մալեզիայի մէջ կազմակերպուած Քուալա Լումփուրի գագաթաժողովին։ Ան իր ելոյթին մէջ քննադատեց սուրիացի գաղթականներու վերաբերեալ իսլամական աշխարհին կողմէ ցուցաբերուած անտարբերութիւնը։ Էրտողան յայտնեց, որ Իտլիպի վերջին բռնի իրադարձութիւններուն հետեւանքով եւս 50 հազար հոգի ճանապարհ դուրս եկած է դէպի Թուրքիա։ Նախագահը յիշեցուց, որ այս պահուն արդէն Թուրքիա կը հիւրընկալէ 4 միլիոն գաղթական եւ հիմա անոր վրայ կրնայ աւելնալ նաեւ 50 հազար հոգի։ Միջազգային ընտանիքը որեւէ աջակցութիւն ցոյց չի տար Թուրքիոյ։

Քուալա Լումփուրի գագաթաժողովին ժամանակ ունեցած ելոյթին ընթացքին Էրտողան շեշտեց նաեւ, որ հրատապ դարձած է ազգային արժոյթներով առեւտուր կատարելու խնդիրը, երբ արդէն խօսակցութիւններ կ՚ընթանան առեւտուրի պատերազմներու շուրջ։

Միւս կողմէ, Քուալա Լումփուրի մէջ Էրտողան ունեցաւ շարք մը երկկողմանի հանդիպումներ։ Նախագահը այս ամբողջին մէջ տեսակցեցաւ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրները մանրամասնութիւններ չհաղորդեցին զրոյցի բովանդակութեան մասին։

Դէպի Մալեզիա ուղեւորութեան ընթացքին նախագահ Էրտողանին ընկերացան Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 20, 2019