ՌԱՀՎԻՐԱՆԵՐՈՒ ՀԵՏՔԵՐՈՎ
Նկարիչ Էրկիւն Պաշար ներկայիս հանրութեան կը ներկայանայ եզակի ցուցահանդէսով մը։ «Պաշար» գեղարուեստից ակադեմիայի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած այս ցուցահանդէսը կը կրէ՝ «Աթաթիւրք. հետք թողած ռահվիրաներ» անունը։ Էրկիւն Պաշարի այս ցուցահանդէսին առաջին փուլը տեղի ունեցաւ Իսթանպուլի մէջ, Ծովային թանգարանի երդիքին տակ։ Գեղարուեստասէրները մօտիկ հետաքրքրութիւն ցոյց տուին այս ցուցահանդէսին նկատմամբ։ Ծրագիրը Նոր տարիէն սկսեալ պիտի կրկնուի Էսքիշեհիրի եւ Իզմիրի մէջ։ Այսպէս, 15-30 յունուարին ցուցահանդէսը պիտի վերաբացուի Էսքիշեհիրի մէջ, իսկ 18 փետրուար-3 մարտին ալ՝ Իզմիրի մէջ։
Էրկիւն Պաշարի ցուցահանդէսը ձօնուած է Աթաթիւրքին, որու երկու դիմանկարները կը ցուցադրուին այդ ծիրին մէջ։ Ընդհանուր առմամբ 24 դիմանկարներէ կը բաղկանայ այս ցուցահանդէսը։ Նկարիչը ստեղծագործած է շարք մը կարեւոր մտաւորականներու, պետական կամ քաղաքական գործիչներու, գործարարներու, գիտնականներու, արուեստագէտներու եւ այլ յայտնի անուններու դիմանկարները։ Էրկիւն Պաշարի պատրաստած դիմանկարներու շարքին կը գտնուի նաեւ անմոռանալի երախտաշատ մորթաբան Փրոֆ. Յակոբ Կոթողեանի դիմանկարը։ Ծանօթ է, որ այս վերջինը մորթաբանութեան կալուածին մէջ իսկական հեղինակութիւն մըն էր, իբր այդ տասնամեակներ շարունակ մեծ յարգանք ու համակրանք վայելած էր հասարակութեան մէջ՝ մինչեւ իր մահը։
Ցուցահանդէսը կ՚ընդգրկէ դիմանկարները՝ Նազըմ Հիքմէթի, Օրհան Փամուքի, Ազիզ Նեսինի, Ուղուր Մումճուի, Ահմէտ Ատնան Սայկունի, Հայրետտին Քարաճայի, Ռահմի Քոչի, Սաքըպ Սապանճըի, Թիւրքան Սայլանի, Մեհմէտ Աքիֆ Էրսոյի նման անուններուն։
Հարկ է նշել, որ հոգելոյս Յակոբ Կոթողեանի հարազատներն ալ այցելեցին այս ցուցահանդէսը, ուր շատ յայտնի անուններու շարքին անոր տեղ գտնելը զգացական մեծ նշանակութիւն կը ներկայացնէ իրենց տեսակէտէ։