ՍԵՆ ՓԵԹԵՐՍՊՈՒՐԿԻ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ ՏԵՂԻ Կ՚ՈՒՆԵՆԱՅ ԵՒՐՈԱՍԻՈՅ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԺՈՂՈՎԸ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այսօր աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Ռուսաստան։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, ան կը մասնակցի Եւրոասիոյ Բարձրագոյն տնտեսական խորհուրդի ժողովին, որ տեղի կ՚ունենայ Սեն Փեթերսպուրկի մէջ։ Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան անդամ երկիրներու ղեկավարները թէ՛ նեղ եւ թէ ընդլայնուած ձեւաչափերով հանդիպումներ կ՚ունենան եւ անոնց քննարկումներու աւարտին նախատեսուած է համատեղ փաստաթուղթերու ստորագրման արարողութիւն։ Գագաթաժողովի մասնակիցները հանդէս կու գան նաեւ մամլոյ ասուլիսով։

Սեն Փեթերսպուրկի մէջ Նիկոլ Փաշինեան կը մասնակցի նաեւ ԱՊՀ-ի անդամ պետութիւններու ղեկավարներու անպաշտօն հանդիպման։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 20, 2019