ՍԿԶԲՈՒՆՔԱՅԻՆ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԻՒՆ
Ռուսաստանի, Եւրոմիութեան եւ Ուքրայնոյ միջեւ երէկ Պերլինի մէջ բանակցութիւններ տեղի ունեցան բնական կազի տարանցման հարցերու շուրջ։ Կը հաղորդուի, որ այս երեք կողմերը սկզբունքային համաձայնութեան մը հասած են՝ բնական կազի վերաբերեալ բանակցութիւններու առումով։ Պերլինի մէջ կազմակերպուած հանդիպման աւարտին պատրաստուած է համաձայնագրի նախագիծ մը, որ մօտաւոր ապագային պիտի լրամշակուի։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Ռուսաստանի Ուժանիւթի նախարար Ալեքսանտր Նովաք Պերլինի բանակցութիւններէն վերջ սարքուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին հանդէս եկաւ յայտարարութիւններով։ «Մենք պատրաստեցինք արձանագրութեան նախագիծ մը, մանրամասն արձանագրութիւն մը, որ մեծ չափով պատրաստ է եւ ներկայիս կը կարօտի համաձայնեցման», ըսաւ ան։
Պերլինի մէջ Նովաք յոյս յայտնեց, թէ Ռուսաստանը, Ուքրայնան եւ Եւրոմիութիւնը շուտով համաձայնութեան կը հասնին՝ 1 յունուար 2020 թուականէն սկսեալ Ուքրայնոյ տարածքով ռուսական կազի տարանցման պայմաններուն շուրջ։ Ըստ իրեն, Ռուսաստանը, Ուքրայնան եւ Եւրոյանձնաժողովը քննարկած են Ուքրայնոյ տարածքով ռուսական կազի տարանցման յստակ ծաւալները եւ ապագայ պարտաւորագրի ժամկէտները։
Հարկ է նշել, որ Մոսկուայի եւ Քիեւի առկայ քաղաքական տարաձայնութիւնները լրջօրէն կը խոչընդոտեն Ռուսաստանի բնական կազը դէպի Եւրոպա առաքելու գործը։ Մոսկուա մէկ կողմէ նման բանակցութիւններով կը ձգտի հարթել առկայ խնդիրները, իսկ միւս կողմէ կը ջանայ այլընտրանքային ուղղութիւններ գտնել դէպի Եւրոպա բնական կազ տարանցելու համար։ Այս առումով Սեւ ծովու յատակով Ռուսաստանէն դէպի Թուրքիա կառուցուած խողովակաշարները ունին կարեւոր նշանակութիւն։