ԻՆՔՆԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ ՊԱՅՔԱՐ

Շաբաթավերջին Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան (ՀՀԿ) հերթական համագումարը։ Այս քաղաքական ուժի գլուխը կը գտնուի՝ երկրի նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեան։ Սա կուսակցութեան 17-րդ համագումարն էր, որու ընթացքին Սերժ Սարգսեան հանդէս եկաւ երկարաշունչ, ծաւալուն ելոյթով մը։ Այս առթիւ ան սուր քննադատութիւններ հասցէագրեց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ղեկավարութեան։ Իր իշխանութեան գլուխ գտնուած ժամանակաշրջանի վերաբերեալ անկեղծ ինքնաքննադատութիւններ ալ ըրաւ Սերժ Սարգսեան, որ շեշտեց, թէ ՀՀԿ երիտասարդացման շարժումի մը հետամուտ եղած է։ Միեւնոյն ժամանակ, ան շեշտեց, որ ՀՀԿ ներկայիս իշխանութեան գլուխ գալէ աւելի՝ կը ձգտի երկրի ինքնիշխանութեան ամրապնդման։

Համագումարի մասնակից պատուիրակներու կողմէ իրականացուած քուէարկութեան հիման վրայ՝ ձայներու գրեթէ միաձայնութեամբ Սերժ Սարգսեան վերընտրուեցաւ ՀՀԿ-ի կուսակցապետ։

ՀՀԿ-ի համագումարին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի դիւանապետ Տ. Արշակ Եպսկ. Խաչատրեան։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 20, 2021