ԿՈԹՈՂԱՅԻՆ ԳՈՐԾ ՄԸ

Կը տեղեկանանք, որ Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետութեան նախաձեռնութեամբ այս շրջանին ընթերցասէրներու տրամադրութեան տակ դրուած է իսկապէս շատ հետաքրքրական հատոր մը, որ կը կոչուի «İstanbul'da Çok Dilli Kitabeler»։ Բազմալեզու արձանագրութիւններու կամ յիշատակարաններու այս գիրքը, խորքին մէջ, կը ցոլացնէ դարերու հոլովոյթին մէջ Իսթանպուլի վրայ թողուած հետքերը. հետքեր, որոնք խաւ առ խաւ, շերտ առ շերտ այնպիսի ամբողջ մը կազմած են, որ այսօր վերածուած է յիշողութեան եւ այս աննման քաղաքի պատմութեան։

«İstanbul'da Çok Dilli Kitabeler» գիրքի հեղինակներն են երկու յայտնի մտաւորականներ՝ Էմրէ Էօքթէմ եւ Մեսուտ Եաշար Թուֆան։ Անոնցմէ առաջինը հեղինակաւոր անուն մըն է ակադեմական աշխարհէն ներս, իսկ երկրորդը՝ իսկական վարպետ մը կը համարուի գեղարուեստական աշխարհէ ներս։ Այս երկու դէմքերուն համագործակցութիւնը իսկապէս փայլուն արդիւնք մը տուած է սոյն հատորին, որու յառաջաբանը գրի առնուած է Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետ Էքրէմ Իմամօղլուի կողմէ։ Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադիրներու յիշատակին ձօնուած այս հատորին մէջ՝ որպէս հրատարակութեան զանազան փուլերու պատասխանատու ներդրում ունեցած են՝ Ճենկիզ Էօզքարապեքիր, Ահմէտ Պոզքուրթ, Վահիտ Ույսալ, Զէյնեփ Նուր Այանօղլու, Հիւլիա Աքթաշ, Հայտար Ալի Ալպայրաք, Էվրէն Էրթէմ եւ Մեհմէտ Քարա։

Հաստափոր հատորը կը բաղկանայ հիմնական քանի մը գլուխներէ։ Այսպէս, առանձին բաժիններու մէջ ուշադրութեան առարկայ դարձուած են Իսթանպուլի խաներն ու բնակելի շէնքերը, գերեզմանատուները, սրբավայրերը (եկեղեցիներ, սինակոկներ եւ մզկիթներ), ինչպէս նաեւ դպրոցներն ու որբանոցները։ Նոյնպէս առանձին բաժիններու մէջ խոշորացոյցի տակ բերուած են զանազան ժամանակներու մէջ սուլթաններու համար արտայայտուած երախտագիտութիւնը, դիւանագիտական կառոյցները։ Հուսկ, առանձին բաժնի մը մէջ ընթերցողներուն որպէս անակնկալ մատուցուած են՝ պատմական շատ աւելի վաղ շրջաններէն մեր օրերը հասած բազմալեզու հետքերը։

Գիրքի իւրաքանչիւր բաժնին մէջ մատուցուած յիշատակարանները դասաւորուած են ըստ թաղամասերու։ Այս արձանագրութիւններուն մէջ կան հայոց վերաբերեալ բազմաթիւ երեսակներ։ Այստեղ խօսքը չի վերաբերիր միայն համայնքային կառոյցներու շէնքերուն։ Արդարեւ, արձանագրութիւնները եւ հետքերը կը վերաբերին նաեւ սեփական շէնքերուն, որոնք սկզբնական շրջանին պատկանած են հայերու եւ աւելի վերջ սեփականատէրերը փոխուած են։ Կան նաեւ բազմաթիւ շէնքեր, որոնց ճարտարապետները եղած են հայեր։ Բնականաբար, այն, ինչ որ ի զօրու է հայոց պարագային, նոյնպէս, գիրքի բովանդակութեան մէջ ի զօրու է նաեւ յոյներու, հրեաներու, թուրքերու եւ այլ հաւաքականութիւններու ներկայացուցիչներու պարագային։

Յառաջաբանին մէջ հարց կը տրուի, թէ կա՞յ ուրիշ քաղաք մը, որ Իսթանպուլի նման զանազան անուններով յիշատակուի։ Հետեւաբար, բնական է, որ այսքան բազմազան անունով քաղաք մը ըլլայ նաեւ բազմալեզու։ Յառաջաբանին մէջ նշուած է, որ արձանագրութիւնները, յիշատակարանները վկայութիւններ են այս քաղաքի բազմալեզու եւ բազմամշակոյթ անցեալին տեսակէտէ։ Ուստի, գիրքի բովանդակութեան ձեւաւորման փուլին առաջնահերթութիւն ընծայուած են այն օրինակներուն, ուր նոյնաժամանակ օգտագործուած են մէկէ աւելի լեզու կամ այբուբեն։ Յառաջաբանին մէջ մասնաւորապէս շեշտուած է, որ քաղաքի անցեալի բազմալեզու կամ բազմաայբուբեն արձանագրութիւնները, ընդհանրապէս, պինդ քարերու կամ մետաղներու վրայ փորագրուած էին։ Որքան ատեն, որ անոնք չեն կոտրուիր, չեն շաղախուիր կամ չեն ծածկուիր կամ չեն տեղահանուիր, կը շարունակեն գոյատեւել ու պահպանել անցեալի լեզուները։ Այսօր ալ Իսթանպուլը լեցուն է բազմալեզու ցուցանակներով եւ գովազդային վահանակներով։ Բայց եւ այնպէս, անոնք ընդհանրապէս արտադրուած են կերպընկալէ կամ ալիւմինիումէ։ Հետեւաբար, յայտնի չէ, թէ երկարակեաց պիտի ըլլա՞ն կամ ոչ։ Հուսկ, յառաջաբանին մէջ դիտել տրուած է, որ «İstanbul'da Çok Dilli Kitabeler» գիրքը վը-կայութիւն մըն է քաղաքի խայտաբղէտ անցեալին տեսակէտէ։ Այս գործը նպաստ մըն է այդ գոյներու հետքերը պահպանելու յոյսին։

Անշուշտ, յառաջաբանին մէջ արտայայտուած ոգին կը ցոլացնէ՝ Էօքթէմի եւ Թուֆանի Իսթանպուլի մասին ընկալումներուն ու համապատասխան զգայնութիւնները։

Գիրքի հեղինակները հրատարակութեան բերուած նպաստին համար շնորհակալութիւն յայտնած են շարք մը անուններու, որոնց կարգին կը գտնուի մեր համայնքէն երկու հոգի՝ տքթ. Այլին Գօչունեան եւ Սեւան Աթաօղլու։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 20, 2022