ՄԱԿ-Ի ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ ԿՈՂՄԷ ԱՅՍՕՐ ԿԸ ՔՆՆԱՐԿՈՒԻ ԼԱՉԻՆԻ ՀԱՐՑԸ

Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ լարուած իրավիճակը կը շարունակուի։ Արդէն շուրջ տասն օրէ ի վեր Ատրպէյճան փակ կը պահէ Լաչինի միջանցքը, ինչ որ ինքնին տագնապ մը կը նշանակէ։ Այս մտահոգիչ իրավիճակին մէջ Ատրպէյճանի զօրքերը սահմանին վրայ ալ կը շարունակեն հրադադարը խախտել։

Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրները տեղեկացուցին, որ երէկ կէս գիշերին Ատրպէյճանի բանակի ստորաբաժանումները տարբեր տրամաչափէ հրաձգային զինատեսակներով կրակ բացած են Կուտականի մէջ տեղակայուած հայկական դիրքերուն վրայ։ Հայաստանի բանակը բախումներուն հետեւանքով կորուստներ չէ ունեցած։ Նախարարութիւնը հաղորդեց, որ այս առաւօտեան դրութեամբ առաջնագծին վրայ յարաբերականօրէն կայունացած է իրավիճակը։

Մինչ այդ, Երեւանի ղեկավարութիւնը կը շարունակէ ուշադրութեան կիզակէտին պահել Լաչինի միջանցքի փակումը, որու հետեւանքով Հայաստանի եւ Արցախի կապը խզուած է, Լեռնային Ղարաբաղը յայտնուած է շրջափակման մէջ։ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը տեղեկացուց, որ այսօր ՄԱԿ-ի անվտանգութեան խորհուրդէն ներս կը քննարկուի Լաչինի միջանցքին մէջ ստեղծուած իրավիճակը։ Հարցը օրակարգի վրայ կու գայ Հայաստանի դիմումին հիման վրայ։

Ստեփանակերտի ղեկավարութիւնն ալ անընդհատ ահազանգ կը հնչեցնէ՝ Արցախի պաշարուած ըլլալուն բերումով։ Կը հաղորդուի, որ Լեռնային Ղարաբաղի Անվտանգութեան խորհուրդը գումարած է ընդլայնուած կազմով նիստ մը։

Իր կարգին, Արցախի Պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանն ալ ըսաւ. «Ճգնաժամն ու շրջափակումը կը շարունակուին, մենք ընելիք շատ գործ ունինք»։ Երէկ, Ռուբէն Վարդանեան պատասխանեց նաեւ հարցումի մը, որ կը վերաբերէր Հայաստանի կողմէ Արցախի նկատմամբ ցուցաբերուած ուշադրութեան անբաւարար ըլլալուն։ «Անտարբերութիւնը ամենավտանգաւոր երեւոյթն է», ըսաւ ան։ «Շրջափակման մէջ ենք, կեանքը կը շարունակուի, մենք կ՚երթանք յառաջ։ Ատրպէյճանցիները չհասկցան, որ այս շրջափակումը մեզ աւելի ուժեղ կը դարձնէ», աւելցուց Վարդանեան։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 20, 2022