ՀԱՐԱԶԱՏՆԵՐՈՒ ԱՅՑ

ԺԱՄԱՆԱԿ-ի Երեւանի թղթակիցներէն Անուշ Թրուանց եւ Սագօ Արեան այս օրերուն կ՚այցելեն քաղաքս։ Տարեվերջի կարճ արձակուրդի մը համար անոնք եկած են Պոլիս, ուր կը շփուին իրենց բարեկամական շրջանակին հետ։ Իրենց կեցութեան առաջին իսկ օրը Անուշ Թրուանց եւ Սագօ Արեան այցելեցին ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրատունը, ուր իրենց ներկայութեամբ բարձր տրամադրութիւն ստեղծուեցաւ։

ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հրատարակութեան տնօրէնուհի Նատիա Գօչունեան ջերմօրէն ողջունեց մեր երկու համակրելի աշխատակիցները, որոնց արտադրանքը այնքան լայն հետաքրքրութեան կ՚արժանանայ ընթերցողներու շրջանակներէն ներս։ Անոնք այս օրերուն կը շփուին Պոլսոյ իրենց բարեկամական շրջանակին հետ, նաեւ կ՚այցելեն քաղաքիս պատմամշակութային տեսարժան վայրերը։

Բարի կեցութիւն կը մաղթենք մեր գործընկերներուն։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 20, 2024