ԱՅՑ՝ ԴԷՊԻ ՔԱՐԱՏԱՂ

Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան ե­րէկ պաշ­տօ­նա­կան այց մը տուաւ Փոտ­կո­րի­ցա, ուր հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի վրայ։ Քա­րա­տա­ղի Նա­խա­գահ Ֆի­լիփ Վուեա­նո­վի­չի կող­մէ ըն­դու­նուե­ցաւ Նալ­պան­տեան։ Ող­ջու­նե­լով Հա­յաս­տա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րը՝ Վուեա­նո­վիչ կա­րե­ւո­րեց Ե­րե­ւա­նէն այս ա­ռա­ջին բարձ­րաս­տի­ճան այ­ցե­լու­թիւ­նը Փոտ­կո­րի­ցա։ Ան հա­մո­զուած է, թէ այ­ցե­լու­թեան ըն­թաց­քին ձեռք բերուած պայ­մա­նա­ւո­րուա­ծու­թիւն­նե­րը պի­տի խթա­նեն զա­նա­զան ո­լորտ­նե­րէ ներս երկ­կող­մա­նի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը։ «Մի­ջազ­գա­յին հա­մա­ժո­ղով­նե­րու շրջա­նակ­նե­րէն ներս ես շատ հան­դի­պում­ներ ու­նե­ցած եմ բա­րե­կամ Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի հետ եւ յոյս ու­նիմ, թէ այս այ­ցի ար­դիւն­քով ա­ռա­ւել պի­տի աշ­խու­ժա­նան երկ­կող­մա­նի փո­խա­դարձ այ­ցե­լու­թիւն­նե­րը եւ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը», ը­սաւ ան։

Ըն­դու­նե­լու­թեան հա­մար շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նե­լով՝ Նալ­պան­տեան Վուեա­նո­վի­չին փո­խան­ցեց Սերժ Սարգ­սեա­նի բա­րե­մաղ­թու­թիւն­ներն ու Ե­րե­ւան այ­ցե­լե­լու հրա­ւէ­րը։ Զրոյ­ցի տե­ւո­ղու­թեան եր­կուս­տեք շեշ­տուե­ցաւ, որ Հա­յաս­տա­նի եւ Քա­րա­տա­ղի ժո­ղո­վուրդ­նե­րու մի­ջեւ ա­ւան­դա­կան բա­րե­կա­մու­թիւ­նը լաւ հիմք մը կը հան­դի­սա­նայ՝ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու զար­գաց­ման եւ ներ­կայ նե­րու­ժի ամ­բող­ջա­կան օգ­տա­գործ­ման հա­մար։ Քննար­կուե­ցան բարձ­րաս­տի­ճան այ­ցե­լու­թիւն­նե­րու կազ­մա­կերպ­ման, ա­ռեւտ­րատն­տե­սա­կան կա­պե­րու աշ­խու­ժաց­ման, գոր­ծա­րար հա­մա­ժո­ղով­նե­րու կազ­մա­կերպ­ման, ա­պա­կեդ­րո­նա­ցեալ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան զար­գաց­ման ու­ղի­նե­րը։ Այս ա­ռու­մով զրու­ցա­կից­նե­րը կա­րե­ւո­րե­ցին Ե­րե­ւա­նի եւ Փոտ­կո­րի­ցա­յի մի­ջեւ տա­կա­ւին 1978 թուա­կա­նին կնքուած հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան մա­սին հա­մա­ձայ­նագ­րի թար­մա­ցու­մը ու եր­կու եր­կիր­նե­րու վար­չա­տա­րած­քա­յին միա­ւոր­նե­րուն մի­ջեւ կա­պե­րու հաս­տա­տու­մը։

Փոտ­կո­րի­ցա­յի շփում­նե­րուն շրջագ­ծով, Նալ­պան­տեան բա­նակ­ցու­թիւն­ներ վա­րեց նաեւ Քա­րա­տա­ղի Փոխ-վար­չա­պետ ու ար­տա­քին գոր­ծոց եւ Եւ­րո­հա­մարկ­ման նա­խա­րար Ի­կոր Լուք­շի­չի հետ։ Դէմ առ դէմ ձե­ւա­չա­փով հան­դիպ­ման յա­ջոր­դե­ցին պա­տուի­րա­կու­թիւն­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ քննար­կում­նե­րը։ Ող­ջու­նե­լով իր հայ պաշ­տօ­նա­կի­ցը՝ Ի­կոր Լուք­շիչ խորհր­դան­շա­կան հա­մա­րեց, որ բա­րե­կամ Հա­յաս­տա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րը կը հան­դի­սա­նայ 2016 թուա­կա­նին Փոտ­կո­րի­ցա այ­ցե­լած ա­ռա­ջին ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րը։ Ան վստա­հու­թիւն յայտ­նեց, թէ այս այ­ցը նոր լիցք մը պի­տի հա­ղոր­դէ երկ­կող­մա­նի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն։ Շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նե­լով այ­ցե­լու­թեան հրա­ւէ­րին եւ Լուք­շի­չի հիւ­րըն­կա­լու­թեան հա­մար՝ Նալ­պան­տեան ը­սաւ. «2013 թուա­կա­նին Հա­յաս­տան ձեր այ­ցե­լու­թեամբ հիմք դըր-ւե­ցաւ մեր եր­կու բա­րե­կամ պե­տու­թիւն­նե­րու մի­ջեւ շա­րու­նա­կա­կան քա­ղա­քա­կան երկ­խօ­սու­թեան։ Այժմ ու­րախ եմ Փոտ­կո­րի­ցա­յի մէջ գտնուե­լով՝ Հա­յաս­տա­նէն դէ­պի Քա­րա­տա­ղի ա­ռա­ջին պատ­շօ­նա­կան այ­ցե­լու­թեամբ»։

­Բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու ըն­թաց­քին զրու­ցա­կից­նե­րը քննար­կե­ցին երկ­կող­մա­նի օ­րա­կար­գին վե­րա­բե­րեալ շարք մը հար­ցեր, կա­րե­ւո­րե­ցին բարձ­րաստ­ի­ճան այ­ցե­լու­թիւն­նե­րու կազ­մա­կեր­պու­մը, ի­րա­ւա­պայ­մա­նագ­րա­յին դաշ­տի ընդ­լայ­նու­մը, ա­ռեւտ­րատ­նտե­սա­կան կա­պե­րու խթա­նու­մը, մուտ­քի ար­տօ­նագ­րա­յին դրու­թեան դիւ­րա­ցու­մը, մար­դոց մի­ջեւ շփում­նե­րու աշ­խու­ժա­ցու­մը, հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան զար­գա­ցու­մը կրթա­կան, գի­տա­կան, մշա­կու­թա­յին, զբօ­սաշր­ջու­թեան, բարձր փոր­ձա­գի­տու­թիւն­նե­րու ո­լորտ­նե­րէն ներս։

Զրու­ցա­կից­նե­րը անդ­րա­դար­ձան ա­պա­կեդ­րո­նա­ցեալ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան շրջա­նակ­նե­րէ ներս եր­կու մայ­րա­քա­ղաք­նե­րու մի­ջեւ գոր­ծըն­կե­րու­թեան հա­մա­ձայ­նագ­րի թար­մաց­ման անհ­րա­ժեշ­տու­թեան։ Քըն-նար­կուե­ցան նաեւ եր­կու եր­կիր­նե­րու Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թիւն­նե­րուն մի­ջեւ պար­բե­րա­կան խորհր­դա­տուու­թիւն­նե­րու ի­րա­կա­նաց­ման, մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու մօտ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան զար­գաց­ման, միջ­խորհր­դա­րա­նա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան խթան­ման վե­րա­բե­րեալ հար­ցեր։

Ի­կոր Լուք­շիչ ներ­կա­յա­ցուց իր երկ­րի ար­տա­քին քաղ­քա­կան ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն­նե­րը, Պալ­քան­նե­րու գոր­ծըն­թաց­նե­րը եւ ա­նոնց վե­րա­բե­րեալ Փոտ­կո­րի­ցա­յի ղե­կա­վա­րու­թեան մօ­տե­ցում­նե­րը։ Եր­կու նա­խա­րար­նե­րը կար­ծիք­ներ փո­խա­նա­կե­ցին տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին եւ մի­ջազ­գա­յին հրա­տապ հար­ցե­րու, մաս­նա­ւո­րա­պէս՝ Ի­րա­նի մի­ջու­կա­յին ծրագ­րին շուրջ ձեռք բե­րուած պայ­մա­նա­ւո­րուա­ծու­թիւն­նե­րու ի­րա­կա­նաց­ման, Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի զար­գա­ցում­նե­րուն եւ ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ պայ­քա­րին շուրջ։ Նալ­պան­տեան ներ­կա­յա­ցուց Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման ուղ­ղու­թեամբ Հա­յաս­տա­նի եւ ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րուն կող­մէ ձեռ­նար­կուած ջան­քե­րը։ Տե­սակ­ցու­թեան յա­ջոր­դեց նա­խա­րար­նե­րուն հա­մա­տեղ մամ­լոյ ա­սու­լի­սը։ Լուք­շիչ պաշ­տօ­նա­կան ճաշ­կե­րոյթ մըն ալ կազ­մա­կեր­պեց ի պա­տիւ իր հայ պաշ­տօ­նակ­ցին։

Փոտ­կո­րի­ցա­յի մէջ Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան տե­սակ­ցե­ցաւ նաեւ Քա­րա­տա­ղի Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի նա­խա­գահ Ռան­քօ Քը­րի­վո­քա­փի­չի հետ։

Հինգշաբթի, Յունուար 21, 2016