ԱՐԱՍ ԷՕԶՊԻԼԻԶ ՀԱՄԱՁԱՅՆԵՑԱՒ ՊԷՇԻԿԹԱՇԻ ՀԵՏ

Հա­յաս­տա­նի ֆութ­պո­լի ազ­գա­յին հա­ւա­քա­կա­նի կի­սա­պաշտ­պան Ա­րաս Էօզ­պի­լիզ հա­մա­ձայ­նու­թեան հա­սաւ Պէ­շիկ­թաշ ա­կում­բին հետ։ Ծա­նօթ է, որ Ա­րաս Էօզ­պի­լիզ նախ­կին թրքա­հայ մըն է, ծնած է Պա­քըր­գիւ­ղի մէջ, եւ ա­ւե­լի վերջ հա­սած է Հո­լան­տա­յի մէջ։ Վեր­ջին տա­րի­նե­րուն ան կը կրէր ռու­սա­կան Սպար­տակ Մոս­կուա ա­կում­բին մար­զազ­գես­տը։ 25-ա­մեայ Ա­րաս Էօզ­պի­լիզ թէեւ մին­չեւ 2018 թուա­կա­նը պայ­մա­նա­գիր ու­նէր ռու­սա­կան ա­կում­բին հետ, սա­կայն ներ­կա­յիս ո­րո­շած է ար­դէն դուրս գալ ա­նոր կազ­մէն։ Ան յա­ռա­ջի­կայ չոր­սու­կէս տա­րի­նե­րուն հա­մար հա­մա­ձայ­նու­թեան հա­սած է Պէ­շիկ­թա­շի հետ։​

Ներ­կա­յիս Պէ­շիկ­թաշ բա­նակ­ցու­թիւն­ներ կը վա­րէ Սպար­տակ Մոս­կուա ա­կում­բին հետ՝ վերջ­նա­կան հա­մա­ձայ­նու­թեան մը հաս­նե­լու հա­մար Ա­րաս Էօզ­պի­լի­զի փո­խանց­ման նիւ­թին շուրջ։

Հինգշաբթի, Յունուար 21, 2016