ՁԵՌՔԵՐՈՒ ՎԵՐԱՄԻԱՒՈՐՈՒՄԸ

«Փակ սահ­մա­նի երկ­խօ­սու­թիւն» փաս­տա­վա­ւե­րագ­րա­կան ժա­պա­ւէ­նի թրքե­րէն տար­բե­րա­կի ա­ռա­ջին ցու­ցադ­րու­թեան յա­ջոր­դած ա­սու­լիս-քննարկ­ման ըն­թաց­քին վաս­տա­կա­ւոր դես­պան Իւ­նալ Չե­ւի­քէօ­զի ե­լոյթն ալ հե­տաքրք­րու­թեան ա­ռու­մով չէր զի­ջեր վաս­տա­կա­ւոր դես­պան Վոլ­քան Վու­րա­լի խօս­քին։ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թե­նէն ներս Իւ­նալ Չե­ւի­քէօզ գլխա­ւո­րած է Կով­կա­սի եւ Կեդ­րո­նա­կան Ա­սիոյ եր­կիր­նե­րու ընդ­հա­նուր տնօ­րէ­նու­թիւ­նը։ Անց­նող շուրջ քսա­նհինգ տա­րուան տե­ւո­ղու­թեան ան մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րած է Ան­գա­րա­յի եւ Ե­րե­ւա­նի մի­ջեւ տե­ղի ու­նե­ցած գրե­թէ բո­լոր բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն։ Իր վկա­յու­թիւն­նե­րուն եւ այս գոր­ծըն­թա­ցին մէջ ու­նե­ցած ներդր­ման շնոր­հիւ ոչ միայն կու­տա­կած է մեծ փոր­ձա­ռու­թիւն, այլ նաեւ ու­նի լուրջ հո­տա­ռու­թիւն։

Ա­սու­լի­սին ժա­մա­նակ Չե­ւի­քէօզ ե­լոյ­թին սկսաւ՝ հան­դի­սա­տես­նե­րուն հետ բաժ­նե­լով ֆիլ­մին վե­րա­բե­րեալ տպա­ւո­րու­թիւն­նե­րը։ Ան ը­սաւ, որ «Փակ սահ­մա­նի երկ­խօ­սու­թիւն»ը թէեւ փաս­տա­վա­ւե­րագ­րա­կան գործ մըն է, ա­ռա­ջին հեր­թին պէտք է դա­տուի իր ա­ռար­կա­յա­կա­նու­թեամբ, սա­կայն զայն կա­րե­լի է ար­ժե­ւո­րել նաեւ գե­ղա­րուես­տա­կան տե­սա­կէ­տէ։ Յայտ­նի դի­ւա­նա­գէ­տը ու­շադ­րու­թիւն հրա­ւի­րեց ժա­պա­ւէ­նի դի­պուկ ե­րե­սակ­նե­րէն մէ­կուն վրայ։ Ար­դա­րեւ, ֆիլ­մին մէջ ցոյց կը տրուէին ձեռ­քե­րը այն անձ­նա­ւո­րու­թիւն­նե­րուն, ո­րոնք մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րած էին ի­րենց վկա­յու­թիւն­նե­րով։ Երբ ա­նոնք տե­սախ­ցի­կին դի­մաց կը խօ­սէին, ոսպ­նեա­կը ա­տեն-ա­տեն կը կեդ­րո­նա­նար ի­րենց ձեռ­քի շար­ժում­նե­րուն վրայ, մինչ եր­բեմն ալ այդ ձեռ­քե­րը կը միա­նա­յին ի­րա­րու։ Չե­ւի­քէօզ ֆիլ­մի պար­փա­կած ընդ­հա­նուր պատ­գա­մին տե­սան­կիւ­նէն յատ­կան­շա­կան նկա­տեց այդ ձեռ­քե­րու վե­րա­միա­ւոր­ման դրուագ­նե­րը։ Ուս­տի ան մաղ­թեց, որ Թուր­քիոյ եւ Հա­յաս­տա­նի ժո­ղո­վուրդ­ներն ալ, այդ ձեռ­քե­րուն օ­րի­նա­կով, ըլ­լան ամ­րօ­րէն վե­րա­միա­ւո­րուած։ Սոյն պատ­գա­մի ազ­դու ձե­ւով փո­խանց­ման կա­պակ­ցու­թեամբ ա­տե­նա­խօ­սը շնոր­հա­ւո­րեց ֆիլ­մի հե­ղի­նակ Տիգ­րան Պաս­կե­ւի­չեա­նը։ Վաս­տա­կա­ւոր դես­պա­նը շեշ­տեց նաեւ, թէ այս ֆիլ­մի ընդ­հա­նուր հէն­քը ե­ղած է բա­ւա­կա­նա­չափ բարդ եւ այդ­քան մեծ թի­ւով տե­սակ­ցու­թիւն­նե­րը հա­մադրուած են վար­պե­տօ­րէն, ուս­տի շնոր­հա­ւո­րու­թեան ար­ժա­նի է ամ­բողջ ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան խում­բը։ Ան մաղ­թեց, որ այս գոր­ծը բնո­րո­շէ սկիզբ մը եւ յա­ռա­ջի­կա­յին ալ ար­տադ­րուին նման գոր­ծեր։ Ըստ Չե­ւի­քէօ­զի, նման մօ­տե­ցում­նե­րու պա­րա­գա­յին կա­րե­ւոր պար­տա­կա­նու­թիւն­ներ կը վի­ճա­կի քա­ղա­քա­ցիա­կան հա­սա­րա­կու­թեան։ Հե­տե­ւա­բար, քա­ղա­քա­ցիա­կան հա­սա­րա­կու­թիւն­նե­րը յա­մառ պէտք է ըլ­լան՝ պե­տա­կան գոր­ծիչ­նե­րը հար­կադ­րանք­նե­րու դէմ յան­դի­ման թո­ղե­լու հա­մար։

Իւ­նալ Չե­ւի­քէօզ ա­ւե­լի վերջ դի­տել տուաւ, որ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան մօտ յա­ռաջ տարուած է Վոլ­քան Վու­րա­լի սկսած գի­ծը։ Ցիւ­րի­խի մէջ ստո­րագ­րուած ար­ձա­նագ­րու­թիւն­ներն ալ կա­ռու­ցուած են այդ նոյն գոր­ծըն­թա­ցի հի­ման վրայ։ Այդ բո­լո­րը օր մը պի­տի տան ի­րենց պտուղ­նե­րը։ Փոր­ձա­ռու դի­ւա­նա­գէ­տին խօս­քե­րով, թուրք եւ հայ ժո­ղո­վուրդ­նե­րը պատ­մու­թեան ըն­թաց­քին եր­կար ժա­մա­նակ ապ­րած են միաս­նա­բար։ Խորհր­դա­յին Միու­թեան եր­կար գո­յա­տե­ւու­մը զա­նոնք հե­ռա­ցու­ցած է ի­րար­մէ։ Բայց եւ այն­պէս, ան սահ­մա­նի փակ մնա­լու ե­րե­ւոյ­թը չհա­մա­րեց որ­պէս Խորհրդա­յին Միու­թեան շրջա­նէն ժա­ռան­գուած ար­գելք մը։ Ար­դա­րեւ, 1991-ին, Խորհր­դա­յին Միու­թեան փլու­զու­մէն վերջ բա­ցուած էր հայ-թրքա­կան սահ­մա­նը, որ ար­դէն ծա­նօթ պատ­ճառ­նե­րով փա­կուած էր 1993 թուա­կա­նին։

Մեկ­նա­բա­նե­լով ներ­կայ ի­րադ­րու­թիւ­նը՝ Իւ­նալ Չե­ւի­քէօզ հան­դէս ե­կաւ շատ ու­շագ­րաւ բաղ­դա­տու­թիւն­նե­րով։ Ար­դա­րեւ, այ­սօր Թուր­քիոյ սահ­ման­նե­րը բաց են այն­պի­սի հա­րե­ւան եր­կիր­նե­րու հետ, ուր­կէ սպառ­նա­լիք­ներ կու գան իր ազ­գա­յին անվ­տան­գու­թեան դէմ։ «Հե­տե­ւա­բար ա­նըն­դու­նե­լի կը հա­մա­րեմ Հա­յաս­տա­նի հետ սահ­մա­նին փակ մնա­լը», եզ­րա­փա­կեց իր խօս­քը Չե­ւի­քէօզ։

Վա­ղը մեր այս ման­րա­մասն հա­ղոր­դում­նե­րու շար­քը պի­տի եզ­րա­փա­կենք՝ Մե­թէ Չու­պուք­ճուի խօս­քի եւ ա­սու­լի­սի հար­ցում-պա­տաս­խա­նի բաժ­նի ամ­փո­փու­մո­վ։

Հինգշաբթի, Յունուար 21, 2016