ՊԵՏԱԿԱՆ ՄՐՑԱՆԱԿՆԵՐ

Ե­րէկ, Ե­րե­ւա­նի մէջ կազ­մա­կերպուած հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թիւ­նով մը յանձ­նուե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան 2015 թուա­կա­նի պե­տա­կան մրցա­նակ­նե­րը։ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հի ա­պա­րան­քի եր­դի­քին տակ տե­ղի ու­նե­ցաւ հան­դի­սու­թիւ­նը։ Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի հրա­մա­նագ­րով շարք մը բնա­գա­ւառ­նե­րու մէջ շնոր­հուե­ցան 2015 թուա­կա­նի պե­տա­կան մրցա­նակ­նե­րը՝ հա­մա­պա­տաս­խան յանձ­նա­խում­բե­րու ա­ռա­ջարկ­նե­րուն հի­ման վրայ։ Այս տա­րուան մրցա­նակ­նե­րը շնոր­հուե­ցան գրա­կա­նու­թեան եւ ա­րուես­տի, ճար­տա­րա­պե­տու­թեան եւ քա­ղա­քա­շի­նու­թեան, ճշգրիտ եւ բնա­կան գի­տու­թիւն­նե­րու բնա­գա­ւառ­նե­րուն մէջ։ Գրա­կա­նու­թեան եւ ա­րուե­ստի բնա­գա­ւա­ռի շարք մը ո­լորտ­նե­րուն մէջ պե­տա­կան մրցա­նակ­նե­րու ար­ժա­նա­ցան՝ Յա­կոբ Յա­կո­բեան (Յա­կոբ Մով­սէս), Վար­դան Ա­ճէ­մեան, Վա­հէ Գէոր­գով, Սա­մուէլ Պա­պա­սեան, Հայկ Բա­դա­լեան, Ան­նա Դեր­ձա­կեան, Ար­թուր Փար­սեան։ Ճար­տա­րա­պե­տու­թեան եւ քա­ղա­քա­շի­նու­թեան բնա­գա­ւա­ռին մէջ պե­տա­կան մրցա­նա­կի ար­ժա­նա­ցան՝ Նա­րեկ Սարգ­սեան, Փոլ Չա­թալ­պա­շեան եւ Ստե­փան Ա­խո­յեան։

Ճշգրիտ եւ բնա­կան գի­տու­թիւն­նե­րու բնա­գա­ւա­ռին մէջ մրցա­նակ ստա­ցան՝ Ա­շոտ Սա­ղեան, Ան­նա Մկրտչեան եւ Հա­յար­փի Սի­մո­նեան։

Պե­տա­կան մրցնակ­նե­րու յանձ­նու­մէն վերջ Սերժ Սարգ­սեան հան­դէս ե­կաւ շնոր­հա­ւո­րու­թեան խօս­քով մը։ «Հա­մո­զուած եմ, որ գի­տա­կան նոր նուա­ճու­մը կամ արուես­տի նոր ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւ­նը իր իս­կա­կան գնա­հա­տա­կա­նը կը ստա­նայ ա­ւե­լի ուշ, երբ կ՚ան­ցը­նէ ժա­մա­նա­կի քննու­թիւ­նը։ Սա չի նշա­նա­կեր, որ մենք պէտք է սպա­սենք հա­րիւր կամ եր­կու հա­րիւր տա­րի եւ յե­տոյ միայն գնա­հա­տենք, թէ ո՛վ ինչ ը­րած է։ Հա­մո­զուած եմ նաեւ, որ ժա­մա­նա­կա­կից­նե­րը պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւն ու­նին ստեղ­ծա­գոր­ծող­նե­րու եւ յայտ­նա­գոր­ծող­նե­րու առ­ջեւ։ Մենք պար­տա­ւո­րու­թիւն ու­նինք բարձ­րա­ձայն ը­սե­լու, թէ ինչն է մե­զի հա­մար ար­ժէք եւ ին­չը՝ ոչ։ Սա հա­սա­րա­կու­թեան ու պե­տու­թեան ար­ժէ­քա­յին հա­մա­կար­գը վե­րա­հաս­տա­տե­լու պար­տա­դիր մի­ջոց եւ պայ­ման է։ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան պե­տա­կան մրցա­նակ­նե­րու ի­մաս­տը ես ա­ռա­ջին հեր­թին կը տես­նեմ այս մէ­կուն իսկ մէջ։ Մենք կը մատ­նան­շենք, կը կա­րե­ւո­րենք, հան­րու­թեան ի ցոյց կը դնենք այն, ինչ ար­ժա­նի է գնա­հա­տան­քի այ­սօր եւ այս­տեղ», ը­սաւ իր ե­լոյ­թին մէջ Նա­խա­գահ Սարգ­սեան։

Հինգշաբթի, Յունուար 21, 2016