ԷՔԻՒՄԵՆԻՔ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմէն ներս վերջերս տեղի ունեցաւ միջեկեղեցական հոգեպարար արարողութիւն մը։ Թեմակալ Առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան նախագահեց իր տեսակին մէջ եօթներորդ այս էքիւմենիք աղօթքին։ Պըրպենքի առաջնորդարանին մամլոյ դիւանը այս մասին հրապարակեց մամլոյ հաղորդագրութիւն մը, ըստ որու Թեմական Առաջնորդի հրաւէրով տեղի ունեցաւ արարողութիւնը։ Այս առթիւ Արեւմտեան Թեմը վերածուեցաւ Լոս Անճելըսի եւ իր ընդարձակ շրջակայքի միջեկեղեցական յարաբերութիւններու կեդրոնին։ Նախատեսուած ծրագրին շրջագծով կազմակերպուեցան չորս տարբեր միջեկեղեցական հաւաքներ։
Օրը սկսաւ Արեւելեան ուղղափառ քոյր եկեղեցիներու (Oriental Orthodox Churches) համատեղ ժողովով, որուն մասնակցեցան Ղպտի, Ասորի եւ Հայց. Առաքելական եկեղեցիներու բարձրաստիճան հոգեւորականներ: Արեւմտեան Թեմը կը ներկայացնէին Թեմակալ Առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան եւ Առաջնորդական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ Բագրատ Ծ. Վրդ. Պերճէքեան: Ժողովը միտուած էր տարածքաշրջանի Արեւելեան ուղղափառ քոյր եկեղեցիներու առաւել սերտ համագործակցութեան, ինչպէս նաեւ 2017 թուականին միասնական միջոցառումներու կազմակերպման:
Կէսօրին կայացաւ Հարաւային Գալիֆորնիայի քրիստոնէական համագումարի «Հաւատք եւ կարգ» յանձնախումբի (Southern California՚s Christian Forum, Faith and Order Commission) հերթական հանդիպումը, որուն հիմնական նիւթը Քաղկեդոնի 451 թուականի ժողովի հետեւանքով յառաջ եկած եկեղեցիներու բաժանման հանգամանքներու եւ միութեան հնարաւոր հեռանկարներու վերլուծումն էր: Ժողովի ուսումնասիրութեան հիմք հանդիսացան 1964-1971 թուականներուն Արեւելեան ուղղափառ եւ Ուղղափառ եկեղեցիներու ներկայացուցիչներու միջեւ տեղի ունցած ոչ-պաշտօնական հանդիպումներու ընթացքին ձեռք բերուած համաձայնագրերը: Ժողովին ներկայ էին Հռոմի Կաթոլիկ եկեղեցւոյ, Լուտերական եկեղեցւոյ երկու հիմնական ճիւղերու, Քրիստոսի աշակերտներ եկեղեցւոյ (Disciples of Christ), Ղպտի եկեղեցւոյ եւ Ասորիքի արեւելեան եկեղեցւոյ ներկայացուցիչներ: Հայց. Առաքելական Եկեղեցին ներկայացուած էր Տ. Բագրատ Ծ. Վրդ. Պերճէքեանի եւ Արեւմտեան Թեմի Միջեկեղեցական յարաբերութիւններու վարիչ-տնօրէն Հայկ Մատոյեանի կողմէ:
Կէսօրէն յետոյ կայացաւ Հարաւային Գալիֆորնիայի քրիստոնէական համագումարի (Southern California՚s Christian Forum) հերթական հաւաքը, որուն մասնակցեցան շուրջ տասը զանազան յարանուանութիւններու ներկայացուցիչներ: Համագումարի հիմնական նիւթը «Գործ Առաքելոց»ի 4:23-37 համարներուն մէջ գրուած Սուրբ Գրային նիւթի միասնական սերտողութիւն-վերլուծութիւնն էր, որուն յաջորդեցին խմբային քննարկումներ միտուած՝ քրիստոնեայ եկեղեցիներու միջեւ առաւել սերտ համագործակցութիւն հաստատելու հնարաւորութիւններուն: Հայց. Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին կրկին ներկայացուած էր Տ. Բագրատ Ծ. Վրդ. Պերճէքեանի եւ Հայկ Մատոյեանի կողմէ:
Վերջապէս, նոյն օրը երեկոյեան, Առաջնորդանիստ Սրբոց Ղեւոնդեանց մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ Թեմակալ Առաջնորդ Սրբազան Հօր գլխաւորութեամբ կազմակերպուած 7-րդ տարեկան միջեկեղեցական աղօթքի երեկոն, որու ընթացքին աւանդաբար պատուի կÿարժանանան Լոս Անճելըսի միջեկեղեցական անդաստանէն ներս մեծ վաստակ ներդրած անհատներ եւ կամ կազմակերպութիւններ: Երեկոյի գլխաւոր պատգամաբերն էր Մերի Էն Եպիսկոպոս Սուէնսըն՝ Միացեալ Մեթոտիստ եկեղեցիէն: Այս տարի պատուի արժանացողը Հռոմի Կաթոլիկ եկեղեցւոյ միջեկեղեցական եւ միջկրօնական յարաբերութիւններու վարիչ-տնօրէն Հայր Ալեքսէյ Սմիթն էր, որ տասնեակ տարիներ շարունակ իր անխոնջ ծառայութիւնը բերած է Լոս Անճելըսի մէջ գործող զանազան յարանուանութիւնները իրարու աւելի մօտեցնելու եւ փոխադարձ հասկացողութիւն ձեռք բերելու գործին մէջ: Երեկոյի ընթացքին հոգեհանգստեան մասնաւոր պաշտօն կատարուեցաւ Մայր տաճարի գլխաւոր բարերար՝ Լեւոն Պարոնեանի, ինչպէս նաեւ վերջերս Քոլոմպիայի մէջ տեղի ունեցած օդանաւային արկածի եւ Օքլընտ քաղաքի մէջ հրդեհի հետեւանքով զոհուածներու, 1988 թուականի Դեկտեմբերի 7-ին Հայաստանի երկրաշարժի եւ Միջին Արեւելքի պատերազմներուն զոհ գացած բազմաթիւ անձերու հոգիներու խաղաղութեան եւ հանգստութեան համար: Առաջնորդ Սրբազան Հօր հանդիսապետութեամբ՝ միջեկեղեցական արարողութեան մասնակցեցան Լոս Անճելըսի շրջանին մէջ ծառայող Արեւմտեան Թեմի հետեւեալ հոգեւորականները՝ Տ. Տաճատ Ծ. Վրդ. Եարտըմեան, Տ. Երեմիա Աբեղայ Աբգարեան, Տ. Մանուկ Ա. Քհնյ. Մարգարեան, Տ. Յարութիւն Քհնյ. Թաշճեան, Տ. Վազգէն Քհնյ. Մովսէսեան, Տ. Սարգիս Ա. Քհնյ. Փեթոյեան, Տ. Յովսէփ Ա. Քհնյ. Յակոբեան, Տ. Արշակ Ա. Քհնյ. Խաչատուրեան, Տ. Սերովբէ Քհնյ. Էյլէնճեան, Տ. Խաժակ Քհնյ. Շահպազեան, Տ. Եղիա Քհնյ. Իսայեան եւ սարկաւագներ:
Միջեկեղեցական աղօթքի արարողապետն էր Տ. Վազգէն Քհնյ. Մովսէսեան:
Երեկոյին անմիջապէս յաջորդեց ոսպով ապուրի պարզ հիւրասիրութիւնը, որ կազմակերպուած էր Սրբոց Ղեւոնդեանց մայր տաճարի «Բարի Սամարացիներ» կազմակերպութեան կողմէ: Կազմակերպութեան նպատակն էր նիւթապէս սատար կանգնիլ թեմի տարածքին եւ Հայաստանի մէջ բնակող անապահով հայ ընտանքիներուն: Առաջնորդ Սրբազան Հայրը գնահատեց այս կազմակերպութեան մատուցած մարդասիրական ծառայութիւնները եւ օրհնեց զանոնք:
Հոգեւորականներն ու հաւատացեալները հոգեպէս մխիթարուած եւ խոր տպաւորութիւններով վերադարձան իրենց բնակարանները: