ԽՐԱԽՈՒՍԵԼ ՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐԸ
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ամերիկացի նորանշանակ համանախագահ Ռիչըրտ Հակլընտ յայտարարեց, որ որեւէ բռնութիւն պարզապէս կը յետաձգէ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորումը։ Ռիչըրտ Հակլընտ, որ հայկական լրատուամիջոցներուն կողմէ կը համարուի ատրպէյճանամէտ դիւանագէտ մը, հարցազրոյց մը տուաւ «Արմէնփրէս» գործակալութեան՝ մեկնաբանելով Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացը։ Ան ըսաւ, որ անհամբերութեամբ կը սպասէ միջնորդներու նոր տարածքաշրջանային այցելութեան՝ լսելու համար հակամարտ կողմերու դիրքորոշումները։ Ամերիկացի դիւանագէտը միեւնոյն ժամանակ մտադրութիւն յայտնեց սերտօրէն աշխատիլ Մինսքեան խմբակի իր գործընկեր միւս համանախագահներուն հետ՝ խրախուսելու համար կողմերու շինիչ ներգրաւուածութիւնը՝ կարգաւորման հետագայ ուղին նախանշելու հարցին մէջ։ Որպէս համանախագահ իր մօտեցումները մանրամասնելով Ռիչըրտ Հակլընտ ըսաւ. «Ես մտադիր եմ սերտօրէն աշխատիլ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի իմ գործընկեր համանախագահներուն հետ՝ խրախուսելու կողմերու շինիչ ներգրաւուածութիւնը հետագայ ուղին նախանշելու հարցին մէջ։ Իմ մասով կ՚ուզեմ փաստել, որ ԱՄՆ-ի կառավարութիւնը կը շարունակէ հաւատարիմ մնալ համանախագահ երկիրներու միջնորդութեամբ խաղաղ կարգաւորում ապահովելու իր յանձնառութեան»։
«Արմէնփրէս»ի աշխատակիցներէն Արաքս Կասեան, որ կատարած է այս հարցազրոյցը, անդրադարձած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն կողմէ կատարուած վերջին յայտարարութեան։ Թէ որքանո՞վ անհասցէ յայտարարութիւնները կը նպաստեն հակամարտութեան կարգաւորման։ Ի պատասխան այս հարցման՝ Հակլընտ ըսած է հետեւեալը. «Մինսքեան խմբակի համանախագահները Յունուարի 9-ի յայտարարութեամբ կողմերուն կոչ ուղղեցին ձեռնպահ մնալ ուժի կիրառումէն եւ խստիւ հետեւիլ 2016 թուականին Վիեննայի եւ Սեն Փեթերսպուրկի բարձր մակարդակի հանդիպումներուն ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններուն։ Որեւէ բռնութիւն պարզապէս կը յետաձգէ կարգաւորումը եւ կ՚երկարաձգէ տարածքաշրջանի բոլոր ժողովուրդներու տառապանքները։ Վերջնական նպատակը պէտք է ըլլայ խաղաղութիւնն ու բարեկեցութիւնը տարածքաշրջանի բոլոր ժողովուրդներուն համար»։
Լեռնային Ղարաբաղի ներկայացուցիչներու բանակցային գործընթացին՝ որպէս բանակցող լիարժէք կողմ մասնակցութեան հաւանականութեան շուրջ Հակլընտ ունի հետեւեալ մօտեցումը. «Անձամբ ես մօտաւոր ապագային որեւէ արմատական փոփոխութիւն չեմ նախատեսեր։ Կ՚ուզեմ շեշտել, որ համանախագահները նախապէս նշած են, թէ մենք կը հասկնանք հակամարտութեան բոլոր կողմերու, ներառեալ Լեռնային Ղարաբաղի դիրքորոշումները լսելու կարեւորութիւնը։ Թէ այդ դիրքորոշումները ինչպէ՞ս ներառնուին բանակցութիւններուն մէջ, հարց մըն է, զոր համանախագահները կը շարունակեն քննարկել կողմերուն հետ»։
Իր յայտարարութիւններուն մէջ Հակլընտ տեղեկացուցած է, որ միջնորդները ներկայիս իրենց միջեւ կը խորհրդակցին դէպի հակամարտութեան տարածքաշրջան յաջորդ այցելութեան տեսակէտէ առաւել յարմար ժամանակ մը ճշդելու շուրջ։ «Անձամբ ես անհամբերութեամբ կը սպասեմ այդ այցելութեան, որպէսզի կարենամ լսել բոլոր դիրքորոշումները», աւելցուց ան։
Խօսելով Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու հաւանական նոր հանդիպման ժամկէտներուն շուրջ՝ Հակլընտ մատնանշեց հետեւեալը. «Համանախագահները պատրաստ են կողմերուն հետ աշխատիլ որեւէ ձեւով, որ կրնայ ապահովել տեւական կարգաւորում։ Մենք կը շարունակենք խրախուսել նախագահներն ու արտաքին գործոց նախարարները՝ որպէսզի հնարաւորինս շուտ հանդիպին, շարունակելու համար հիմնական հարցերու, ներառեալ հրադադարի պահպանման կարեւութեան ու Վիեննայի եւ Սեն Փեթերպուրկի պայմանաւորուածութիւններու լիարժէք կատարման համար քայլերու ձեռնարկելու ուղղութեամբ կարեւոր քննարկումները»։