ԱՄԵՐԻԿԱՀԱՅ ԳՐՈՂ ՆԵՆՍԻ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆԻ ՎԵՐՋԻՆ ՎԷՊԸ «ԱՐԱՍ»Ի ԿՈՂՄԷ ԹՐՔԵՐԷՆԻ ԹԱՐԳՄԱՆՈՒԱԾ
«Արաս» հրատարակչութիւնը վերջերս գրասէրներու տրամադրութեան տակ դրաւ ամերիկահայ գրող Նենսի Գրիգորեանի անգլերէն վէպին թրքերէն թարգմանութիւնը։ Սա 2013 թուականին Միացեալ Նահանգներու մէջ հրատարակուած վէպ մըն է, որու թարգմանութիւնը կատարուած է Զէյնէլ Ճան Կիւնտողտուի կողմէ։ «Işık Hep Oradaydı» անունով վէպը հրատարակութեան պատրաստուած է Լորա Սարըի կողմէ։
Նենսի Գրիգորեան կ՚ապրի Նիւ Եորքի մէջ։ Իր ընտանիքին արմատները կը հասնին դէպի Ատանա եւ Մերսին, ուր անոր նախնիները կ՚ապրէին մինչեւ 1915 թուականը։ Նենսի Գրիգորեանի առաջին վէպը՝ «Զապէլ» հրատարակուած էր 1998 թուականին։ Երկրորդ վէպը լոյս տեսած էր 2017-ին եւ նոյնպէս թրքերէնի թարգմանուած՝ «Արաս» հրատարակչութեան կողմէ։
Վստահաբար հեղինակի այս վերջին վէպի թարգմանութիւնն ալ արժանանայ գրասէր հասարակութեան ուշադրութեան։