ԱՆԻՐԱՏԵՍ ՍՊԱՍՈՒՄ
Յետպատերազմեան իրավիճակի մէջ Հայաստան կը շարունակէ տագնապի մէջ մնալ։ Ներքին քաղաքական խմորումները թէեւ միշտ անմիջական ուշադրութեան առարկայ են, սակայն հեռու կը մնան երկիրը տագնապէ դուրս բերելէ։ Առկայ ծանր փակուղին յաղթահարելու համար անհրաժեշտ ու տրամաբանական նախապայման է կանխահաս ընտրութեան ձեռնարկելը, սակայն վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կը մերժէ պաշտօնէն հրաժարիլը՝ հակառակ ստեղծուած ծանր իրավիճակին մէջ թիւ մէկ պատասխանատուն ըլլալու հանգամանքին։
Երէկ, Նիկոլ Փաշինեան ելոյթով մը հանդէս եկաւ Հայաստանի Ազգային ժողովէն ներս։ Խորհրդարանի ամպիոնէն իր արտայայտած տեսակէտները եկան ապացուցանել, որ Հայաստանի ներքին քաղաքական հաւասարակշռութիւնները այս պահուն դժուար թէ հիմնական փոփոխութեան ենթարկուին։ Փաշինեանի իշխանութիւնները այս փուլին խորհրդարանական ընդդիմութեան կ՚առաջարկեն յուշագիր մը ստորագրել արտահերթ ընտրութիւններու ձեռնարկելու համար։ Յամենայնդէպս, այդ պատրաստակամութիւնը գործնական լուծում մը չ՚ենթադրեր, որովհետեւ իշխանութիւնները կը պահանջեն, որ ընդդիմութիւնը այս փուլին վարչապետի նոր թեկնածու մը չունենայ։ Այսինքն, իշխանութիւնները կը ձգտին կանխահաս ընտրութեան երթալ՝ կառավարութեան գլուխը ունենալով այժմու վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը։
Այս բոլորը, անշուշտ, յուսադրիչ պատկեր մը չեն ցոլացներ եւ, աւելի՛ն, մտահոգութիւն ալ կը յառաջացնեն առկայ զգայուն հարցերու շուրջ չարաշահումներով, որոնց օրինակներու շարքը եկաւ համալրել Փաշինեանի երէկուան պնդումը, ըստ որու, ընդդիմադիրներու գործողութիւնները կը վտանգեն գերիներու վերադարձը։