ԱՊՕՐԻՆԻ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑ

Հայաստանի Մարդու իրաւանց պաշտպան Արման Թաթոյեան յայտարարեց, որ երկրի՝ Ատրպէյճանի հետ սահմաններու որոշման հարցը պէտք է անյապաղ դադրեցուի կամ վերատեսութեան ենթարկուի։ Ըստ իրեն, Հայաստան-Ատրպէյճան սահմաններու ճշգրտման գործընթացը կ՚ուղեկցուի իրաւունքի գերակայութեան եւ մարդու իրաւանց կոպիտ խախտումներով։

«Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Արման Թաթոյեան այս խնդիրներուն կապակցութեամբ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, ըստ որու իր համապատասխան հետեւութիւնները հիմնուած են շարք մը գործօններու վրայ։ Այսպէս, պետական սահմաններու յստակեցման գործընթացը տեղի կ՚ունենայ Հայաստանի ամբողջ բնակչութեան դէմ ուղղուած պատերազմի բացայայտ սպառնալիքներու ներքեւ։ Արդարեւ, Ատրպէյճանի նախագահը ամբողջ հայ ժողովուրդի եւ հայ բնակչութեան դէմ կը խօսի էթնիք զտումներու եւ ցեղասպանութեան բացայայտ սպառնալիքներու լեզուով։ Ատրպէյճանի նախագահը եւ, իր օրինակով, հանրային գործիչները բացայայտ կը վիրաւորեն հայ ժողովուրդի արժանապատուութիւնը, կը հրահրեն ազգային պատկանելիութեան հիմքով թշնամանք եւ այս բանը կ՚ընեն Հայաստանի իւրաքանչիւր բնակիչի արժանապատուութիւնը նուաստացնելու նպատակով։

Բաց աստի, հաղորդագրութեան մէջ Արման Թաթոյեան շեշտած է, որ սահմաններու յստակեցման գործընթացին համար կը կիրարկուին միայն բացարձակ անընդունելի մեքանիք մօտեցումներ, ներառեալ՝ «GPS» կամ «Google» մասնաւոր կազմակերպութեան քարտէսի յաւելուածի օգնութեամբ։

«Լրջօրէն վտանգուած են մարդոց կեանքի, ֆիզիքական ու հոգեկան անձեռնմխելիութեան եւ Հայաստանի Սահմանադրութեամբ երաշխաւորուած այլ իրաւունքները։ Խաթարուած է խաղաղ, բռնութենէ զերծ միջավայրի մէջ ապրելու ու զարգանալու երեխայի լաւագոյն շահը։ Սահմաններու որոշումը Հայաստանի Սիւնիքի եւ Գեղարքունիքի մարզերուն մէջ կ՚ընթանայ մարդու իրաւանց կոպիտ խախտումներով։ Սա տեղի կ՚ունենայ Ատրպէյճանի կողմէ երկրի ամբողջ բնակչութեան դէմ ուղղուած պատերազմի ու ցեղասպանութեան բացայայտ սպառնալիքներու ներքեւ, հետեւաբար՝ կը հակասէ իրաւունքի գերակայութեան հիմքերուն ու չունի որեւէ օրինականութիւն», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։

Այս բոլոր դիտարկումներուն զուգահեռ Արման Թաթոյեան շեշտած է, որ վտանգուած է Հայաստանի Հանրապետութեան պետական սահմաններու անվտանգութիւնը։ Հայաստանի խաղաղ բնակիչներու անմիջական հարեւանութեամբ կամ անոնց բնակարաններուն մէջ տեղակայուած են ատրպէյճանցի զինուորականներ, այսինքն՝ զինուած մարդիկ։ Այդ նոյն վայրերու պարագային Հայաստանի խաղաղ բնակիչներու կեանքն ու անվտանգութիւնը ապահովելու համար արդարօրէն տեղակայուած են Հայաստանի եւ Ռուսաստանի սահմանապահ ծառայողներ, այսինքն՝ դարձեալ առկայ են զինեալ մարդիկ։ Այս բոլորի հետեւանքով յառաջացած իրավիճակը Հայաստանի խաղաղ բնակավայրերէն ներս խաթարած է մարդոց կեանքի ու ապրուստի անվտանգ կազմակերպումը եւ լրջօրէն վտանգուած է մարդոց անվտանգութիւնը։

Ըստ հաղորդագրութեան, Հայաստանի սահմանամերձ բնակավայրերու բնակիչները զրկուած են արօտավայրերէ եւ գիւղատնտեսական նշանակութեամբ այլ հողատարածքներէ, որոնք անոնց համար ունէին կենսական նշանակութիւն, տարիներ շարունակ եղած էին անոնց ընտանիքներու եկամուտի միակ աղբիւրը։ Բաց աստի, մարդիկ ոչ-իրաւաչափ արարքներու հետեւանքով զրկուած են Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեամբ երաշխաւորուած՝ տնտեսական ու ձեռնարկատիրական գործունէութիւնով զբաղելու իրաւունքէն, ներառեալ Հայաստանի պետական իրաւասու մարմիններու կարգադրութիւններով յատկացուած կամ իրենց սեփականութեան իրաւունքով պատկանող կալուածներէն։

Արման Թաթոյեան հաղորդագրութեան մէջ յիշեցուցած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին վերջ տուած հրադադարի համաձայնութեան մէջ կամ այլ որեւէ փաստաթուղթով ամրագրուած չէ մարդոց համար անհասանելի կամ անկանխատեսելի ժամանակացոյց։ Այս պատճառով սահմաններու յստակեցման գործընթացի անթոյլատրելի արագութիւնն ու յատկապէս սահմանային բնակիչներուն անմիջականօրէն առընչուած իրաւունքներու պաշտպանութեան հնարաւորութիւններու վերաբերեալ պատշաճ տեղեկութիւններու բացակայութիւնը յանգեցուցած է անորոշութեան եւ անկանխատեսելի իրավիճակներու, որոնք որեւէ հիմնաւորում չունին։

Հուսկ, ըստ տեղեկագրին, նկարագրուած այս մօտեցումներով սահմաններու որոշումը պիտի չնպաստէ տարածքաշրջանէ ներս ժողովուրդներու խաղաղ գոյակցութեան, նաեւ պարարտ հող պիտի ստեղծէ Ատրպէյճանէ ներս չդադրած հայատեացութեան ու թշնամանքին համար անոր վտանգաւոր դրսեւորումներով հանդերձ։ Թաթոյեան յիշեցուցած է, որ մարդու վերաբերեալ որեւէ գործընթացի հիմքին պէտք է իրաւունքի գերակայութիւնը գտնուի։ Սա ժողովրդավարութեան հիմնարար սկզբունքներէն է։

«Ակնյայտ է, որ ստեղծուած պայմաններուն ներքեւ Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններու որոշման ամբողջ գործընթացը կը խարխլէ մարդու իրաւանց միջազգային համակարգի հիմքերը, ամբողջութեամբ կը հակասէ այն հիմնարար սկզբունքներուն, որոնց համար Բ. Աշխարհամարտէն ի վեր ստեղծուած է ժամանակակից միջազգային իրաւունքը, մարդու իրաւանց ու խաղաղութեան երաշխաւորման նպատակով», եզրափակուած է հրապարակուած հաղորդագրութիւնը։  

Հինգշաբթի, Յունուար 21, 2021