ՀԵՆՐԻԽ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ 32 ՏԱՐԵԿԱՆ

Հայկական ֆութպոլի արդի մեծ աստղը Հենրիխ Մխիթարեան այսօր կը նշէ իր ծննդեան 32-րդ տարեդարձը։ Ֆութպոլի աշխարհէ ներս բազում նուաճումներ արձանագրած, եւրոպական յառաջատար ակումբներու մարզաշապիկը կրած Հենրիխ Մխիթարեան որդին է Խորհրդային Հայաստանի մեծանուն խաղացողներէն մէկուն՝ Համլէթ Մխիթարեանի։ Հոգելոյս հօր ներշնչանքով եւ անոր կերպարին հետամուտ ֆութպոլի աշխարհ մուտք գործած Հենրիխ Մխիթարեան անկրկնելի յաջողութիւններու հասած է։ Ան եղած է Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի խմբապետը եւ լաւագոյն ռմբարկուն։ Տասն անգամ եղած է Հայաստանի լաւագոյն ֆութպոլէօրը։ Հայաստանի «Փիւնիկ» ակումբէն հասնելէ վերջ Հենրիխ Մխիթարեան հանդէս եկած է Ուքրայնայի, Գերմանիոյ եւ Անգլիոյ մէջ։ Ներկայիս ան Իտալիոյ «Ռոմա» ակումբի կազմէն ներս հանդէս կու գայ։

Հենրիխ Մխիթարեան ԻՒՆԻՍԷՖ-ի բարի կամքի դեսպանն է Հայաստանի մէջ։

Հինգշաբթի, Յունուար 21, 2021