ՃՕ ՊԱՅՏԸՆ ԵՐԴՈՒԵԼՈՎ ՊԱՇՏՕՆԻ ՁԵՌՆԱՐԿԵՑ՝ ՈՐՊԷՍ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ 46-ՐԴ ՆԱԽԱԳԱՀ

Ուաշինկթընի մէջ երէկ տեղի ունեցան պատմական իրադարձութիւններ։ Այսպէս, Ճօ Պայտըն երդուելով պաշտօնի ձեռնարկեց՝ որպէս Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու 46-րդ նախագահ։ Երդման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ ԱՄՆ-ի Քոնկրէսի շէնքի՝ Քափիթոլիումէ ներս։ Նախագահի լիազօրութիւնները ստանձնելէ վերջ Ճօ Պայտըն ուղղուեցաւ դէպի Սպիտակ տուն՝ որպէս նոր տանտէր։

78-ամեայ Ճօ Պայտընի երդման արարողութեան ներկայ գտնուեցան ԱՄՆ-ի նախկին նախագահներէն Պիլ Քլինթըն, Ճորճ Պուշ կրտսեր եւ Պարաք Օպամա։ Այժմ արդէն նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփ բացակայեցաւ իր յաջորդի՝ Ճօ Պայտընի երդման արարողութենէն։ Սա ամերիկեան պետական խոր աւանդութիւններու եւ նախընթացներու ակնյայտ խախտում մըն էր։ Արդարեւ, պաշտօնավարութեան ժամկէտը աւարտած նախագահը սովորաբար անպայման ներկայ կ՚ըլլար իր յաջորդի երդման արարողութեան։ Առաջին տիկիններուն միջեւ ալ տեղի կ՚ունենար խորհրդանշական փոխանակումը։ Տանըլտ-Մելանիա Թրամփ ամոլը այս բոլորը անտեսելով Ուաշինկթընէն հեռացան՝ նորընտիր նախագահի երդման արարողութենէն առաջ։ Տանըլտ Թրամփ արդէն շաբաթներէ ի վեր անհիմն ձեւով կը վիճարկէր իր պարտուած ընտրութիւններու արդիւնքը, կը ջանար անվստահութիւն սերմանել համակարգին դէմ եւ այս բոլորով պայմանաւորուած մթնոլորտի մը մէջ հրահրեց նաեւ բռնութիւններ, որոնց հետեւանքով իրեն համակիր կատաղի ցուցարարներ ներխուժեցին Քափիթոլիում։ Երդման արարողութեան օրուայ վերջաւորութեան Ճօ Պայտըն տեղեկացուց, որ Տանըլտ Թրամփ իրեն թողած է երկտող մը։ Յամենայնդէպս, նորընտիր նախագահը չհրապարակեց այդ երկտողի բովանդակութիւնը։

Ճօ Պայտըն Միացեալ Նահանգներու քաղաքական թատերաբեմի փորձառու եւ հեղինակաւոր դէմքերէն մին է, զբաղեցուցած է բազմաթիւ կարեւոր պաշտօններ։ Այս ծիրին մէջ ամենակարեւորն է, որ ան Պարաք Օպամայի նախագահութեան շրջանին եղած էր ԱՄՆ-ի փոխ-նախագահը։ Այժմ Ճօ Պայտըն արդէն անցած է ԱՄՆ-ի ղեկին ու լրատուամիջոցները կ՚անդրադառնան իր գործունէութեան առաջնահերթութիւններուն։ Այսպէս, Պայտըն կողմնակից է, որ Ուաշինկթըն աշխուժօրէն ներգրաւուի կլիմայի փոփոխութեան ու անոր ծանր հետեւանքներու դէմ պայքարին։ Ամենայն հաւանականութեամբ ԱՄՆ վերստին կը միանայ Փարիզի համաձայնագրին, որմէ դուրս եկած էր Տանըլտ Թրամփ։ Սպիտակ Տան նոր առաջնահերթութիւններու շարքին կը գտնուի քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարը։ Առաջին իսկ պահուն Պայտըն արդէն հրամանագի մը ստորագրելով վերականգնած է ԱՄՆ-ի՝ Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան անդամի իր կարգավիճակը։ Ինչպէս ծանօթ է, Տանըլտ Թրամփ որոշած էր ԱՄՆ-ը դուրս բերել այդ կազմակերպութենէն։ Ի լրումն այս բոլորին, Պայտընի վարչախումբի օրակարգին վրայ՝ որպէս առաջնահերթութիւն տեղ կը զբաղեցնէ Իրանի հարցը։ Տանըլտ Թրամփ ԱՄՆ-ի ստորագրութիւնը ետ քաշած էր Իրանի հիւլէական ծրագրի վերաբերեալ միջազգային համաձայնութենէն, որ գոյացած էր իր նախորդի՝ Պարաք Օպամայի լուրջ ջանքերով։ Այժմ, հաւանական է, որ Ճօ Պայտըն փորձէ ձեւով մը վերատեսութեան ենթարկել՝ Իրանի հետ հիւլէական գործարքը խզելու Թրամփի որոշումը։

Մինչ արտաքին քաղաքականութեան ոլորտին մէջ Եւրոպայի հետ կապերու վերականգնման թղթածրարն ալ կը գտնուի Պայտընի աշխատասեղանին վրայ, ԱՄՆ-ի ներքին քաղաքական խնդիրներն ալ նուազ հրատապ չեն համարուիր. օրինակ՝ կրթութիւն, արդար հարկեր եւ այլն։

Երդուելու եւ պաշտօնը ստանձնելու ժամանակ Ճօ Պայտըն խոստացաւ ըլլալ բոլոր ամերիկացիներու նախագահը՝ ներառեալ անոնց, որոնք իրեն ի նպաստ չեն քուէարկած։ «Այսօր մենք կը նշենք ժողովրդավարութեան յաղթանակը», ըսաւ Պայտըն եւ աւելցուց, որ լսելի դարձած է ժողովուրդի կամքը։ «Ժողովրդավարութիւնը փխրուն է եւ այս պահուն ան գերակայած է», ըսաւ Պայտըն եւ ամերիկացիներուն միաւորուելու կոչ ուղղեց։ «Գիտեմ, որ մեզ բաժնող ուժերը խոր են եւ իրական։ Սակայն գիտեմ նաեւ, որ անոնք նոր չեն։ Մեր պատմութիւնը մշտական պայքար է ամերիկեան իտէալին համար եւ զոր կերտած ենք միասին, պայքարը տգեղ իրականութեան դէմ՝ ցեղապաշտութեան ու վախի դէմ, ինչ որ պառակտած է մեզ», ըսաւ ան։

Միւս կողմէ, նորընտիր նախագահի երդման արարողութեան օրը զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ուշադրութեան կիզակէտին էր նաեւ Առաջին տիկին Ճիլ Պայտըն։ Կը հաղորդուի, որ ան Ճօ Պայտընի պաշտօնակալման ժամանակ կը կրէր Նիւ Եորքի «Մարգարեան» նորաձեւութեան տան կողմէ արտադրուած տարազներ։  

Հինգշաբթի, Յունուար 21, 2021