ՄԻԱՍՆԱԿԱՆ ՕՐԱԿԱՐԳ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրներու՝ Ռուսաստանի, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի Երեւանի մօտ հաւատարմագրուած դեսպաններուն հետ։ Այսպէս, Արա Այվազեան Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիէն ներս ստեղծուած յետպատերազմեան իրադրութիւնը, տարածքաշրջանային անվտանգութեան եւ խաղաղութեան վերաբերեալ հարցեր քննարկեց Ռուսաստանի դեսպան Սերկէյ Քոփիրքինի, ԱՄՆ-ի դեսպան Լին Թրէյսիի եւ Ֆրանսայի դեսպան Ճոնաթան Լաքոթի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, այս առթիւ ընդգծուեցաւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան շրջանակներէն ներս խաղաղ գործընթացի վերսկսման անհրաժեշտութիւնը։ Արա Այվազեան ընդգծեց կարգաւորման հիմնարար սկզբունքներու ամբողջական իրականացման անհրաժեշտութիւնը՝ այս ամբողջին մէջ շեշտելով Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման եւ անվտանգութեան իրաւունքը։ Նախարարը ներկայացուց ռազմական գործողութիւններուն վերջ տուած հրադադարի համաձայնութեան կեանքի կոչման ընթացքը։ Ան առանձնայատուկ ընդգծեց ռազմագերիներու, պատանդներու եւ պահուած այլ անձերու վերադարձի խնդիրը։ Ուստի, մարդասիրական հարցերու լիարժէք եւ անխափան հասցէագրման առաջնահերթութեան վրայ շեշտը դրաւ նախարարը։ Միեւնոյն ժամանակ, ան դեսպաններուն հետ կարծիքներ փոխանակեց Արցախէ ներս ստեղծուած մարդասիրական իրադրութեան եւ արցախահայութեան կարիքներու դիմագրաւման ուղղութեամբ ձեռնարկուած քայլերուն շուրջ։ Այս ամբողջին մէջ կարեւորուեցաւ միջազգային կառոյցներու՝ մասնաւորապէս ՄԱԿ-ի ու անոր մասնագիտական գործակալութիւններու տեղւոյն վրայ անխափան ներգրաւումը։

Արա Այվազեան զրուցակիցներու ուշադրութիւնը հրաւիրեց նաեւ Արցախի՝ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան ներքեւ անցած տարածքներէն ներս հայկական պատմամշակութային, կրօնական ժառանգութեան պահպանման ուղղութեամբ ձեռնարկուելիք քայլերու հրատապութեան վրայ։ Արդարեւ, Ատրպէյճանի կողմէ ջանքեր կը գործադրուին այդ բոլորի ոչնչացման կամ ինքնութեան խեղաթիւրման ուղղութեամբ։

Զրուցակիցները կարծիքներ փոխանակեցին նաեւ՝ փոխադարձ հետաքրքրութեան առարկայ այլ զանազան նիւթերու շուրջ։ 

Մինչ այդ, Արա Այվազեան երէկ Հայաստանի Ազգային ժողովէն ներս ալ պատասխանեց երեսփոխանի մը հարցումին։ Այս առթիւ ան դիտել տուաւ, որ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ իրերամերժ յայտարարութիւններ կը կատարէ ու սա կը վկայէ, թէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը մտած է նոր փուլ։ «Մէկ կողմէ ան կը նշէ, որ հակամարտութիւնը լուծուած է, իսկ միւս կողմէ կը նախաձեռնէ հակամարտութիւնը բորբոքող, սադրիչ յայտարարութիւններ։ Սա կը վկայէ, թէ հակամարտութիւնը մտած է նոր փուլ, ուր հայկական կողմի միասնական օրակարգ ձեւաւորելը անհրաժեշտ է», ըսաւ Արա Այվազեան եւ աւելցուց, որ հայկական կողմը պատրաստ է սկսիլ բանակցութիւններու ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու ձեւաչափով։ Անդրադառնալով վերջերս Իլհամ Ալիեւի կողմէ Շուշիի մէջ կատարուած յայտարարութիւններուն՝ Արա Այվազեան նշեց, որ Շուշին հայկական մշակութային կեդրոն է՝ անկախ այն բանէն, թէ ո՛վ ինչ կը յայտարարէ։

Միւս կողմէ, երէկ, Մոսկուայի մէջ քաղաքական խորհրդակցութիւններ տեղի ունեցան Հայաստանի եւ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւններուն միջեւ։ Հայկական պատուիրակութիւնը գլխաւորեց Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Աւետ Ադոնց։ Ռուսական պատուիրակութեան գլուխը կը գտնուէին Արտաքին գործոց փոխ-նախարարներ՝ Ալեքսանտր Կրուշքօ եւ Իկոր Մորկուլով։

Երեւանի պաշտօնական աղբիւրները այս առաւօտ հաղորդեցին, որ Արա Այվազեան հեռախօսազրոյց մը ունեցած է Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարար Ժան-Իվ լը Տրիանի հետ։

Ի՞ՆՉ Կ՚ԸՍԷ ՓԱՇԻՆԵԱՆ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմը աւելի քիչ տարածքային կորուստներով կանգնեցնելու հնարաւորութիւն չէ ունեցած։ Ան Հայաստանի Ազգային ժողովէն ներս երէկ հանդէս եկաւ ելոյթով մը։ Երեսփոխանի մը հարցման պատասխանելու ժամանակ Փաշինեան խորհրդարանի ամպիոնէն յայտարարեց այս բանը եւ աւելցուց, որ հակառակ ուղղութեամբ հրապարակուած պնդումները առ հասարակ առասպելներ են։

Բաց աստի, Նիկոլ Փաշինեան յայտնեց, որ Արցախի ապագայ կարգավիճակը պէտք է ճշդուի ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան ձեւաչափին մէջ։ Սա բանակցուելիք կարեւորագոյն հարցերէն մին է։ Փաշինեան ուրախութիւն յայտնեց, որ համանախագահ երկիրները կը բաժնեն այս դիրքորոշումը։

Փաշինեան խորհրդարանի ամպիոնէն յայտարարեց, որ կառավարութիւնը ամէն օր աշխատանք կը տանի գերիներու վերադարձի հարցը լուծելու համար։ Միեւնոյն ժամանակ, ան դրական համարեց Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռուս խաղաղապահներու ներկայութիւնը։ Այլ հարցումի մը պատասխանելով՝ վարչապետը ընդգծեց, որ մարտական գործողութիւններու 99 տոկոսը տեղի ունեցած է ՀԱՊԿ-ի իրաւազօրութեան տարածքներէն դուրս։

Նիկոլ Փաշինեան դիտել տուաւ նաեւ, որ Սիւնիքի մարզի պարագային տարածքային որեւէ զիջում չէ կատարուած։

Բաց աստի, Փաշինեան անդրադարձաւ Ատրպէյճանէն հնչած հակասական յայտարարութիւններուն։ ըստ իրեն, Ատրպէյճան պէտք է կողմնորոշուի, թէ ո՛ր ճանապարհով կ՚ընթանայ։ Արդարեւ, խաղաղութեան մասին խօսիլը, իսկ միւս կողմէ ատելութիւն քարոզելը անկարելի է։ «Մենք, նոյնպէս պէտք է կողմնորոշ-ւինք, թէ ո՛ր ճանապարհով կ՚ընթանանք», ըսաւ ան։  

Հինգշաբթի, Յունուար 21, 2021