ԱՇԽԱՐՀԱՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԳՈՐԾՕՆ

Հարաւային Կովկասի կայունութեան որոնումներու առկայ բարդ մթնոլորտին մէջ, Երեւանի ղեկավարութիւնը զանազան նախաձեռնութիւններով հանդէս կու գայ՝ մասնաւորապէս ձգտելով Հայաստանի Հանրապետութիւնը արտատարածքային միջանցքներ տրամադրելէ խուսափելու նպատակին վրայ։ Այս շրջանակին մէջ, Հայաստանի փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեան յայտարարեց, որ աշխարհաքաղաքական զարգացումները կ՚ընդգծեն Սիւնիքի ռազմավարական դերը՝ տարածաշրջանէ ներս կայուն խաղաղութեան հաստատման ճանապարհին։

Երեւանի մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ «Դիմակայուն Սիւնիք խումբ Եւրոպա» նախաձեռնութեան պաշտօնական մեկնարկին առթիւ հաւաքոյթ մը։ Այս հաւաքոյթին մասնակցեցան նաեւ Եւրոպական Միութեան կողմէ զանազան դիւանագէտներ։ Փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեան եւս մասնակցեցաւ այս հաւաքոյթին, որու ընթացքին յայտնեց, որ աշխարհաքաղաքական զարգացումները կ՚ընդգծեն Սիւնիքի ռազմավարական դերը՝ տարածաշրջանէն ներս կայուն խաղաղութեան հաստատման ճանապարհին։ Ինչպէս ծանօթ է, Մհեր Գրիգորեան 44-օրեայ պատերազմին յաջորդած իրավիճակին մէջ Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի փոխ-վարչապետներուն հետ կը մասնակցի բանակցութիւններու, որոնց նպատակն է տարածաշրջանէն ներս հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման հասնիլը։

ՊԱՏՄԱԲԱՆԻ ԿԱՐԾԻՔ

Միւս կողմէ, պատմաբան Հայկ Թեմոյեան կայքէջի մը տուած հարցազրոյցներէն մէկուն մէջ յայտնեց, որ Ատրպէյճանի կողմէ հետապնդուած «Զանգեզուրի միջանցք»ին՝ այսինքն Սիւնիքի միջանցքին շահառուն Ռուսաստանը պիտի ըլլայ, ուստի, Թուրքիոյ հետ համաձայնեցուած ձեւով ճնշում կը բանեցուի Հայաստանի վրայ։ Իր խօսքով՝ միջանցքի շահառու երկիրը Ռուսաստանը պիտի ըլլայ, որովհետեւ ան ներկայիս պատժամիջոցներու տակ կը գտնուի եւ կ՚ուզէ ցամաքային ապահով կապ մը ունենալ իր դաշնակից Թուրքիոյ հետ։ «Պատկերացուցէք ի՜նչ ծաւալով բեռներ, շրջանցելով պատժամիջոցները, կրնան տեղափոխուիլ Թուրքիա։ Հայաստանի վրայ ճնշումներ կը գործադրուին միջնացք ստանալու համար, ռազմակալումներ կը կատարուին, չեն վերադարձուիր գերիները, կը փակեն Լաչինի միջանցքը», ըսաւ ան։

Հարցազրոյցի տեւողութեան պատմաբանը շեշտեց, որ Հայաստան ներկայիս Ռուսաստան-Ատրպէյճան-Թուրքիա կիսալուսնաձեւ կորի թիրախին յայտնուած է։ «Հայաստանէն կը կոփեն, կը տաշեն որեւէ բան՝ շահ, տարածք։ Լուրջ սպառնալիքի տակ ենք», յայտնեց պատմաբանը՝ աւելցնելով, որ առկայ իրավիճակը կը նմանի Ալեքսանտրափոլի պայմանագրի ստորագրուած ժամանակաշրջանին։ «Նոյնիսկ կրնանք չունենալ այն ինչ, որ ստացած էինք 1920 թուականին Սովետական Հայաստանի տեսքով», նշեց Հայկ Թեմոյեան։

Այս բոլորի լոյսին տակ, պատմաբանը համոզուած է, թէ Հայաստան պէտք է միջազգային ատեաններու մէջ ինքզինք ներկայացնէ որպէս վտանգուած երկիր։ Ան կ՚առաջարկէ Թուրքիա-Հայաստան սահմանի պահպանումը վստահիլ ՆԱԹՕ-ին, միեւնոյն ժամանակ առանց Հայաստանը դուրս բելերու Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութենէն։ Իր խօսքով՝ այսպէսով երկրի անվտանգային համակարգի իւրատեսակ բաժանում մը կատարել կարելի կրնայ ըլլալ։

Շաբաթ, Յունուար 21, 2023