ԿՈՉԵՐ ԵՒ ՍՊԱՍՈՒՄՆԵՐ

Մինչ Արցախը արդէն 40 օրէ ի վեր պաշարուած վիճակի մէջ է՝ Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի փակման հետեւանքով, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հաւանական երկխօսութեան ուղղեալ կոչերն ալ կը շարունակուին միջազգային բեմահարթակին վրայ։ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով նախընթաց օր Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ ունեցած հեռախօսազրոյցէն վերջ յոյս յատնած էր, թէ խնդիրը շուտով կը կարգաւորուի։

Այս համայնապատկերին վրայ Պաքուէն հնչեց ուշագրաւ յայտարարութիւն մը։ Ճէյհուն Պայրամով տեղեկացուց, որ Պաքու պատրաստ է Ատրպէյճանի, Հայաստանի եւ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարներու յետաձգուած եռակողմանի հանդիպումը շուտափոյթ իրականացնելու։

«Վերջին օրերուն մենք կը տեսնենք մանիփիւլաթիւ քաղաքականութիւն Հայաստանի կողմէ։ Կը յորդորենք խուսափիլ սխալ դիրքորոշումէ։ Խաղաղութեան օրակարգի խթանումը միշտ եղած է Ատրպէյճանի նախաձեռնութիւնը եւ մեր բոլոր հիմնարար սկզբունքները ներկայացուած են Հայաստանին», նշեց Պայրամով։ Բաց աստի, ան պնդեց, որ անցեալ դեկտեմբերի 13-ին Մոսկուայի մէջ նախատեսուած արտաքին գործոց նախարարներու եռակողմանի հանդիպումէն Երեւանի հրաժարումը պատճառ դարձած է բանակցային գործընթացի փակուղիի մատնուելուն։ «Հայաստան Մոսկուայի հանդիպման նախօրէին հրաժարեցաւ մասնակցելէ, սա նոյնպէս պատճառ դարձաւ բանակցային գործընթացի փակուղիի մատնուելուն», ըսաւ Պայրամով։

Հարկ է նշել, որ հայկական կողմը որոշած էր Մոսկուայի այդ հանդիպման չմասնակցիլ՝ Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի փակման եւ Արցախի վերջնականօրէն շրջափակման հետեւանքով։

ՏԱՒՈՍԻ ՄԷՋ

Միւս կողմէ, Հարաւային Կովկասի իրադրութիւնը վերջին օրերուն քննարկման առարկայ դարձաւ Տաւոսի մէջ՝ Համաշխարհային տնտեսական ֆորումի շրջանակներէն ներս։ Այս տարի թէ՛ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ եւ թէ Վրաստանի վարչապետ Իրակլի Ղարիպաշվիլի մասնակցութիւն բերին Տաւոսի համաժողովին։ Համաշխարհային տնտեսական ֆորումի շրջանակէն ներս տեղի ունեցաւ «Եւրոասիական Միջին միջանցք. ճանապարհէն դէպի մայրուղի» նիւթին վերաբերեալ լիագումար նիստ մը։ Թէ՛ Ալիեւ եւ թէ Ղարիպաշվիլի մասնակցեցան այս հաւաքոյթին։ Հարկ է յիշեցնել, որ Տաւոս մեկնելէ անմիջապէս առաջ Ղարիպաշվիլի արդէն այցելած էր Երեւան, ուր տեսակցած էր Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ։

Իլհամ Ալիեւ Տաւոսի մէջ յայտարարեց, որ Երեւան չէ պատասխանած խաղաղութեան համաձայնագիր ստորագրելու ուղղեալ Պաքուի առաջարկին։ Ան հայկական կողմը մեղադրեց նաեւ մերժելով Երեւան-Թիֆլիզ-Պաքու համագործակցութեան եռակողմանի ձեւաչափ մը ստեղծելու վերաբերեալ առաջարկը։

Իր կարգին, Իրակլի Ղարիպաշվիլին ալ Տաւոսի մէջ ըսաւ. «Ինչ կը վերաբերի Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններուն, ապա կրնամ ըսել, որ Վրաստան իսկապէս չէզոք, առարկայական եւ անկողմնակալ միջնորդ մըն է»։ Հերթական անգամ կրկնելով Թիֆլիզի պատրաստակամութիւնը՝ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ միջնորդ հանդիսանալու ուղղութեամբ՝ Իրակլի Ղարիպաշվիլի ըսաւ. «Եռակողմանի հանդիպումներու կազմակերպումը կը բխի մեր շահերէն։ Որովհետեւ այս տարածաշրջանը կը պատկանի մեզի՝ Ատրպէյճանին, Հայաստանին եւ Վրաստանին։ Մենք իսկապէս կը փափաքինք այս տարածաշրջանը վերածել հնարաւորութիւններու, խաղաղութեան, կայունութեան եւ բարգաւաճման տարածաշրջանի մը»։ Տաւոսի մէջ վրացի վարչապետը իր ելոյթին ընթացքին մէջբերեց նաեւ Պաղ պատերազմի ժամանակներէն մնացած ասացուածք մը. հաւատայ, բայց ստուգէ։ Իր խօսքով՝ Տաւոսի մէջ այդ ասացուածքը կարելի է վերաբանաձեւել. մի՛ հաւատար, բայց համագործակցէ։ «Ես կը հաւատամ համագործակցութեան», ըսաւ Ղարիպաշվիլի։

Հարկ է յիշեցնել, որ վերջին շրջանին օրակարգի վրայ է նաեւ Ռուսաստանի եւ Վրաստանի միջեւ օդային հաղորդակցութիւններու վերահաստատման հաւանականութիւնը։

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ ՊԱՏՐԱՍՏԱԿԱՄ

Լաչինի միջանցքի վերաբերեալ տագնապի պայմաններուն ներքեւ, Ուաշինկթընէն ալ հնչեց հերթական յայտարարութիւնը։ Այսպէս, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարութեան բանբեր Նէտ Փրայս յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին մէջ կը նկատեն յետընթաց եւ կը փափաքին տեսնել Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ շինիչ երկխօսութեան վերսկսումը։ «Մենք կը պատրաստուինք ընել այն, ինչ որ ի վերջոյ առաւել օգտակար է։ Եւ անցեալ տարեվերջին տեղի ունեցան քանի մը հանդիպումներ, որոնք պետական քարտուղարը կազմակերպած էր իր պաշտօնակիցներուն միջեւ՝ եռակողմանի հանդիպում Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի հետ։ Մասնակցած էր նաեւ պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն։ Մենք այդ բանը ըրինք «Պլէյր հաուզ»ի մէջ։ Մենք այդ բանը ըրինք Նիւ Եորքի մէջ։ Ի հարկէ, վերջին ժամանակներս մենք տեսած ենք յետընթաց, երբ խօսքը կը վերաբերի Լեռնային Ղարաբաղին։ Մենք կ՚ակնկալենք, որ շինիչ երկխօսութիւնը վերականգնուի։ Մենք պատրաստ ենք երկկողմանի համագործակցութեան։ Մենք պատրաստ ենք համագործակցիլ գործընկերներու հետ եւ անոնց միջոցաւ, ԵԱՀԿ-ի միջոցաւ կամ եթէ եւ երբ յարմար ըլլայ, եռակողմ ձեւաչափով, ինչպէս ըրած ենք նախապէս», ըսաւ Փրայս։

Յայտարարութիւններուն մէջ բանբերը յիշեցուց, որ Էնթընի Պլինքըն վերջին օրերուն զրուցած է Նիկոլ Փաշինեանի հետ եւ կը պատրաստուի հեռախօսազրոյց մըն ալ ունենալ Իլհամ Ալիեւի հետ։

Շաբաթ, Յունուար 21, 2023