ՄԱՀ՝ ՅԱՅՏՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԲԱՐԵՐԱՐ ՀԱՅԿ ՏԻՏԻԶԵԱՆԻ

Խոր ցաւով տեղեկացանք, որ իր մահկանացուն կնքած է ազգային երախտաշատ բարերար Հայկ Տիտիզեան, որ թէ՛ սփիւռքի եւ թէ ընդհանրապէս հայաշխարհի տիրական դէմքերէն մին էր։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան աղբիւրներն ալ երէկ գուժեցին, որ ի Տէր ննջած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մեծանուն բարերարներէն Հայկ Տիտիզեան։ «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ» պատուոյ բարձր շքանշանակիր, «Ասպետ Սուրբ Էջմիածնի» տիտղոսակիր, նուիրեալ հայորդի Հայկ Տիտիզեան իսկապէս անփոխարինելի ծառայութիւններ մատուցած էր հայաշխարհէն ներս։

Սաղիմահայ ընտանիքի մը զաւակն էր Հայկ Տիտիզեան, որ ծննդավայրէն՝ Երուսաղէմէն վերջ նախ հասակ առած էր Լիբանանի մէջ եւ աւելի վերջ հաստատուած՝ Անգլիա։ Ան թէեւ աշխարհի զանազան երկիրներուն մէջ գործունէութիւն կը ծաւալէր, սակայն միշտ իր ուշադրութեան եւ հոգածութեան առարկայ կը դարձնէր հայ իրականութիւնը։

Լուսահոգի Հայկ Տիտիզեան՝ որպէս ազգասէր եւ եկեղեցանուէր հայորդի, մեծ նախանձախնդրութեամբ մշտապէս իր զօրակցութիւնը ցուցաբերած է Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ պայծառութեան ու շինութեան։ Ան աջակցած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի ազգօգուտ, եկեղեցանուէր նախաձեռնութիւններու իրականացման։

Տիտիզեան բարեպաշտ ընտանիքը մեծապէս աջակցած է Հայ Եկեղեցւոյ բարեսիրական զանազան ծրագիրներու իրականացման, սատարած է հոգեւորականաց պատրաստութեան եւ հայապահպանութեան ուղղեալ առաքելութեան։ Այս բոլորի վկայութիւնն է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի «Գարեգին Ա.» կրթական կեդրոնը։ Բաց աստի, իր ծառայութիւններուն մէջ կ՚առանձնանայ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի Ս. Ներսէս ընծայարանի նոր համալիրի կառուցումը։

Հոգելոյս Հայկ Տիտիզեան զանազան բարեգործութիւններով իր զօրակցութիւնը ցուցաբերած էր նաեւ Հայաստանին եւ Արցախին։ Կարեւոր ներդրում ունեցած էր համավարակի շրջանին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի ընկերային ծրագիրներու իրականացման ուղղութեամբ, ինչպէս նաեւ մեծապէս օժանդակած էր Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարի հիմնանորոգման։

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբանութիւնը այս դառն կորուստին առթիւ իրենց խոր վշտակցութիւնն ու զօրակցութիւնը կը յայտնեն Տիտիզեան սգակիր ընտանիքին եւ կ՚աղօթեն հոգելոյս Հայկ Տիտիզեանի հոգւոյն խաղաղութեան եւ հանգստութեան համար։

Հարկ է նշել, որ նորոգ հանգուցեալ Հայկ Տիտիզեանի յուղարկաւորութիւնը նախատեսուած է յաջորդ շաբաթ օր՝ յունուարի 28-ին, Լոնտոնի Ս. Եղիշէ Առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ։

Խունկ, աղօթք եւ օրհնութիւն ննջեցեալի բարի յիշատակին։

Շաբաթ, Յունուար 21, 2023