ՏԽՈՒՐ ԵՒ ՆՈՅՆՔԱՆ ԾԱՆՐ

«Կը նահանջեն ծնողք, որդի, քեռի, փեսայ,
կը նաճանջեն բարք, ըմբռնում, բարոյական, սէր:
Կը նահանջէ լեզուն, կը նահանջէ լեզուն, կը նահանջէ լեզուն:
Եւ մենք դեռ կը նահանջենք բանիւ ու գործով,
կամայ եւ ակամայ, գիտութեամբ եւ
անգիտութեամբ. մեղա՜յ, մեղա՜յ Արարատին»:

ՇԱՀԱՆ ՇԱՀՆՈՒՐ

Լաւ որոշում էր, որ առողջ սովորութեան մը վերածուելով դարձաւ աւանդական: Այսպէս, տարիներ առաջ, երբ այս երկրին մէջ երեք եղբայրներով հազիւ տուն-տեղ եղած էինք, պայմաններու բերումով իրարմէ կը բաժնուէինք եւ ամէն մէկս տարբեր նահանգէ ներս կը շարունակէինք մեր կեանքը:

Դարձեալ հայը դարձած էր ցիրուցան:

Այդ օրերուն, սակայն, երեքով որոշած էինք՝ գէթ քանի մը տարին անգամ մը, օրերու համրանքով, մեծով-պզտիկով իրարու քով գալ, իրարու հետ ըլլալ ու այդ ձեւով իրարու կարօտ առնել: Այդպէս ալ ըրինք: Նախ օրերով հանդիպման թուականը կը ճշդէինք եւ ապա տեղը-նահանգը-քաղաքը-վայրը-պանդոկը կ՚որոշէինք: Անգիր համաձայնութիւն… Ու այսպէս, ամէն անգամ ճշդուած արձակուրդին՝ ամէն մէկս իր ընտանիքով համաձայնուած քաղաքին պանդոկի մը մէջ կը մէկտեղուէինք ու կարօտի մեր զգացումներուն քիչ մը յուշ, քիչ մըն ալ ապրում խառնելով՝ կը վատնէինք մեր ժամերը:

Հետաքրքրականը առաջին ժամերու տեսարանն էր: Զիրար համբուրել, գրկել եւ գրկուիլ, կարօտ առնել: Աչքերնիս ակամայ կը խոնաւնար ու կամաց, երբ մենք մեզ զսպած կ՚ըլլայինք, կը սկսէինք մեր իրերայաջորդող անհատնում հարցումներուն: Կեանք ու կարօտ բնորոշող խօսակցութիւն ու մանաւանդ՝ բոլորիս հաշւոյն երանելի պահեր: Յուշերու անհատնում շարան, անհատնում խօսակցութեան հիւսք՝ առանց անդրադառնալու, որ յաջորդ հանդիպման անգիտակցաբար նոյն յուշերը պիտի գային դարձեալ կրկնուելու մեր մտքերուն մէջ ու դարձեալ մեր մթնոլորտը ջերմացնելու իրենց նոյն շարքով եւ նոյն ուժգնութեամբ: Բացայայտ էր, թէ մեր միջեւ այդ վայրկանին կարօտէն անդին ուրիշ բան մըն ալ կար: Մեզ զիրար կապող անյայտ ներկայութեամբ բան մը: Տարուէ տարի մեզի հետ մեծցող մեր զաւակներն ալ սկսած էին մօտէն հետեւիլ հայերէնով մեր խօսակցութիւներուն: Կեանքը զիրենք ալ հասունցուցած էր, միաժամանակ, մեր ներքին հպարտանքին տալով տարբեր կշիռք եւ չափ:

Հապա ետքը՞, տարիներ վերջ, հապա հիմա՞… Երբ այլեւս իրենց խաղալիքները «կէօրլ-ֆըրէնտ»ներով կամ «պոյ-ֆըրէնտ»ներով փոխարինուած էին, իրենց հետաքրքրութիւններն ալ ինքնաբերաբար շեղած ըլլալով, մեզ նետած էին նոր մթնոլորտի մը գիրկը: Որովհետեւ, մեր զաւակները մեծցած էին: Կը զգայինք այս մէկը ու անոր գիտակցութեամբ կ՚ապրէինք: Մարդիկ միշտ փոքր պիտի չմնային: Երանի թէ փոքր մնային. գոնէ իրենց հոգերն ու ցաւերն ալ փոքր կը մնային: Քանի մեր փոքրերը կը մեծնային ու հասակ կը նետէին՝ իրենց հետ կը մեծնային ու կը բազմանային նաեւ մեր մտահոգութիւնները: Այսպէ՛ս կը դատէին մեր մտքերը: Այսպէ՛ս կը չափէին մեր տրամաբանութիւնները:

Տարիներու ընթացքին մեր եւ իրենց միջեւ հաղորդակցական լեզուն ինքնաբերաբար փոխուած էր: Հայերէնը շատ յաճախ նահանջելով իր տեղը տուած էր անգլերէնին: Թէեւ կը փորձէինք շտկել, մեր զաւակներու հարցումներուն մեր մայրենի լեզուով պատասխանել, բայց ակամայ կը հասնէինք անելի մը առջեւ, որ միայն անգլերէնով կը հարթուէր: Այսպէս է Ամերիկայի կեանքը. չէինք գիտեր: Երբ նոր հաստատուած էինք այս երկիրը, մեր օրերը տեղացի հայերը այպանելով կ՚անցնէին: Ու հիմա, երբ մենք ալ «նոյն բաժակէն եւ նոյն ջուրէն խմելու» ակամայ առիթն ու պատեհութիւնը կ՚ունենայինք, այս անգամ լռելեայն՝ մենք զմեզ կ՚այպանէինք:

Է՜հ... Մեր դարը ուրիշ էր: Իրենցը՝ ուրիշ: Հիմա պահանջներն ալ ուրիշ էին:

Ու այսպէս, իւրաքանչիւր մեր հաւաքին նկատելի էր հայերէնի նահանջը՝ մեր մեծ ու փոքր հարազատներուն, թոռներուն, հարսերուն եւ փեսաներուն բերաններէն: Հայերէնը սկսած էր կորսուիլ, գրեթէ ցնդած: Բոլորս ալ ակամայ ինկած էինք սփիւռքեան ճակատագրին մէջ. ցաւալի իրողութիւն…

Ամերիկան արդէն իր կաթսային մէջ ձուլած է մարդկային բոլոր հոսանքները եւ կազմած է նոր մտայնութիւն՝ մեզի համար խորթ եւ անընդունելի: Բոլորիս զաւակներն ու թոռները պայմաններու բերումով, դժբախտաբար, հեռու էին հայութեան ամէնօրեայ տրոփումներէն: Շատ ճիգ թափած էինք, բայց ապարդիւն: Հոսանքը մեծ էր եւ...

Յայտնի է, թէ աշխարհը, ուր կ՚ապրինք, դարձած է վայր մը, ուր օտարացման գերանդին մեծաթիւ զոհեր «կը հնձէր» մեր շարքերէն: Այդ գերանդին հասած էր նաեւ մեր տուները:

Յանկարծ կ՚անդրադառնաս, որ այս ընթացքով այս երկրին մէջ օր մը հայը անճանաչելի «բան» մը կրնայ դառնալ: Բայց չէ՞ որ, մեր լեզուն մեր ժողովուրդի հոգիէն բխած կենդանի է եւ հիւթեղ: Ո՞ւր մնաց այս վարկածը: Լեզուն մարդուս ապրելու եւ գոյատեւելու գաղտնիքին ամենէն յատկանշական բանալիներէն մէկն է: Այո՛, ճիշդ է, բայց հոս… Արդէն մոռցուած է: Ու մենք, իր զաւակներն ու յատկապէս այս օրերուն՝ մեր թոռները կորսնցուցած մօր մը նման յաճախ «հայութիւն» կը պոռանք: Այս իրականութեան դիմաց նոյնիսկ կը սարսափինք, որովհետեւ ապականած է մեր շրջապատը եւ այս ընթացքով, անկասկած, վաղուան մեր ինքնութիւնը պիտի մաշի: Սարսափելի է այս իրականութիւնը:

Ու տարուէ տարի, իւրաքանչիւր մեր նման հանդիպումէն ետք, շրթներս պինդ բռնած, յօնքերս կուտակուած, դէմքս գունաթափ եւ յուսախաբ՝ չէի կրնար ընդունիլ այս տխուր ու նոյնքան ծանր ճշմարտութիւն-իրականութիւնը: Ո՞վ եւ ե՞րբ յատկապէս այս օրերուն մեր թոռներուն եւ անոնց նմաններուն պիտի սորվեցնէր պաշտպանել մեր մայրենին, որպէսզի մեր երթը շարունակուէր: Իբրեւ մեծ հայր կամ մեծ մայր, պապիկ կամ նանի՝ մեր իրաւասութիւնները սահմանուած էին: Մեզմէ առաջ միշտ թոռնիկին ծնողքը կար…

Նման իրականութեան դիմաց միշտ դէմքիս վրայ ծանր ստուերներ կը նստէին: Տխուր… Յատկապէս մեր թոռները, որոնք անմեղ զոհերը դարձած էին այս երկրին եւ ներկայ դարուս պայմաններուն: Զգացումներու խաբկանք մը կար մէջս՝ զսպուած եւ վտանգաւոր: Աչքերուս մէջ ինքնածին տեսիլքներս ամրացած էին: Յուսախաբութենէ աւելի ինքնախաբէութեան դիմաց կանգնած էի կարծես: Կը հաւատայի, թէ Ամերիկայի մէջ դէպքերն են, որոնք կը վազեն ճակատագրին ետեւէն: Ո՞ւր մնացած էր մեր ազգային էութեան ճանաչումը: Մէկ խօսքով՝ մեր ինքնաճանաչումը: Ու այս բոլորին յանցաւորը մենք էինք՝ ծնողք եւ մեծ ծնողք, դպրոց կամ ակումբ, կեդրոն, դաստիարակ կամ խնամակալ: Բայց, անպայման, այս բոլորէն առաջ՝ ծնողք:

Ու յաճախ կը մտածեմ, որ խեղճ հայրս իր այնքան հոգերուն մէջ երբե՛ք նոյնիսկ վայրկեան մը իսկ իր մտքէն չէր անցուցած, նոյնիսկ չէր կասկածած մեր ինքնութեան, մեր հայու կերպարէն: Իրեն համար մենք՝ երեք մանչերով, միշտ այդպէս իր գիտցած հայերը պիտի մնայինք ու մեծնայինք եւ մեզի հետ պիտի շարունակուէին մեր ընտանեկան սովորութիւններն ու աւանդութիւնները: Որովհետեւ հայրս կը հաւատար, որ Միջին Արեւելքի մեր ապրած օրերուն իր ցանած սերմը հայկական արմատներ ունէր: Ակումբը, եկեղեցին, մեր յաճախած վարժարանները մէկական ամրոցներ շինած էին իր զաւակներու հոգիներուն ու մտքերուն մէջ. հայկականութեան ամրոցներ:

Ու այս օրերուն, անկեղծօրէն, ինծի համար ծնողքս այն երջանիկներէն էին, որոնց զաւակները իրենց նման մեծցան ու… Հապա հիմա՞: Հապա՞ հարսերն ու փեսաները, հապա՞ թոռները… Ու կը հաւատայի, որ «տոմինոյի» քարերու նման՝ իրարու ետեւէ շարուած էին այս մտածումները եւ այն վայրկեանին, երբ քար մը իյնար, ետեւ-ետեւի փուլ պիտի գային մեր բոլոր շարած քարերը, մեր յոյսերը, հայու մեր հպարտանքը:

Տխուր իրականութիւն մըն էր, խորքին մէջ, այս պատկերը, որ երբեմն մտքիս ծայրէն կը սահէր ու զիս վախազդու եւ նոր մտմտուքի մը մէջ կը նետէր: Ասոր համար, ամէն օր սկսած էի գաղտնօրէն ծնողքս նախանձիլ:

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Շաբաթ, Յունուար 21, 2023