Գիրք Նուիրելու ՕրԸ Երեւանի Մէջ ՇրջԵՑԱՒ «Գրաբուս» Շարժական Գրախանութը

Հա­յաս­տա­նի Մշա­կոյ­թի նա­խա­րա­րու­թիւնն ու Հա­յաս­տա­նի Մշա­կու­թա­յին հիմ­նադ­րա­մը՝ Գիրք նուի­րե­լու օ­րը ըն­թեր­ցող­նե­րուն հա­մար պատ­րաս­տած են ու վե­րա­ծած՝ ա­նակն­կա­լի: Փետ­րուար 19-ին, ժա­մը 12.00-էն մին­չեւ ե­րե­կոյ, Հա­յաս­տա­նի ա­ռա­ջին շար­ժա­կան գրա­խա­նու­թը՝ «Գրա­բուս»ը, շրջե­ցաւ Ե­րե­ւա­նի հա­մայնք­նե­րուն մէջ:

Հա­յաս­տա­նի Մշա­կոյ­թի նա­խա­րա­րու­թեան հա­սա­րա­կայ­նու­թեան հետ կա­պե­րու բաժ­նին տե­ղե­կու­թիւն­նե­րով՝ «Գրա­բուս»ին մէջ ներ­կա­յա­ցուած բո­լոր գիր­քե­րը ըն­թեր­ցա­սէր­նե­րը հնա­րա­ւո­րու­թիւն ու­նե­ցան գնե­լու 30 առ հա­րիւր զեղ­չով: Գիր­քե­րը վա­ճա­ռե­ցին սի­րուած եւ հան­րա­ծա­նօթ անձ­նա­ւո­րու­թիւն­ներ:

Այս­պէս, «Գրա­բուս»ը ժա­մը 12.00-ին Ե­րե­ւա­նի Ա­զա­տու­թեան հրա­պա­րա­կին վրայ էր, 13-50-ին՝ «Տալ­մա կար­տըն մոլ» ա­ռեւ­տու­րի կեդ­րո­նի մուտ­քին մօտ, 15.10-ին՝ Գա­րե­գին Նժդե­հի հրա­պա­րա­կին վրայ, 15.40-ին՝ «Ե­րե­ւան մոլ» ա­ռեւ­տու­րի կեդ­րո­նին դի­մաց, 17.00-ին՝ «Սա­սուն­ցի Դա­ւիթ» կա­յա­րա­նի մուտ­քին, 17.40-ին՝ Հան­րա­պե­տու­թեան հրա­պա­րա­կին վրայ, իսկ 18.40-ին՝ Հիւ­սի­սա­յին պո­ղո­տա­յի վրա­յ։

Երեքշաբթի, Փետրուար 21, 2017