ԵՐԵՒԱՆԷՆ ՊԱՏԳԱՄՆԵՐ

Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան այ­սօր պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւն մը կու տայ Ռու­սաս­տան։ Մոս­կուա­յի մէջ նա­խա­տե­սուած է իր հան­դի­պու­մը Ռու­սաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Սէր­կէյ Լաւ­րո­վի հետ։ Այս օ­րե­րուն Մոս­կուա կ՚այ­ցե­լէ նաեւ Ատր­պէյ­ճա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Էլ­մար Մա­մէ­տեա­րով։ Զա­նա­զան աղ­բիւր­ներ կը հա­ղոր­դեն, որ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցի շրջագ­ծով Լաւ­րով կրնայ յա­ռա­ջի­կա­յին ի մի բե­րել Նալ­պան­տեանն ու Մա­մէ­տեա­րո­վը։ Յա­մե­նայն­դէպս, Ե­րե­ւա­նի աղ­բիւր­նե­րը ա­ռայժմ պաշ­տօ­նա­պէս ո­չինչ յայ­տա­րա­րած են այս մա­սին։ Նալ­պան­տեա­նի ու­ղե­ւո­րու­թեան ըն­դա­ռաջ Ե­րե­ւա­նի ղե­կա­վա­րու­թե­նէն յա­ռա­ջա­տար դէմ­քեր ի­րե­րա­յա­ջորդ յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րով հան­դէս ե­կան Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախնդ­րին շուրջ։ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան ե­րէկ Հա­յաս­տա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թե­նէն ներս կազ­մա­կեր­պուած ժո­ղո­վի մը ըն­թաց­քին անդ­րա­դար­ձաւ հիմ­նա­հար­ցին։ Իր կար­գին, Ե­դուարդ Նալ­պան­տեանն ալ հար­ցազ­րոյց մը տուաւ ռու­սա­կան շարք մը յա­ռա­ջա­տար լրա­տուա­մի­ջոց­նե­րուն։

Սերժ Սարգ­սեա­նի խօս­քե­րով Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նա-խընդ­րի կար­գա­ւոր­ման բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն մէջ ո­րե­ւէ ճեղ­քում ար­ձա­նագ­րե­լու հա­մար հիմ­քեր գո­յու­թիւն չու­նին։ Իր կող­մէ կա­տարուած այդ յայ­տա­րա­րու­թեան տրա­մա­բա­նու­թեան հետ ու­ղիղ հա­մե­մա­տու­թեան մէջ ար­տա­յայ­տուե­ցաւ նաեւ Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան։ «Ա­ռանց Ստե­փա­նա­կեր­տի ան­մի­ջա­կան մաս­նակ­ցու­թեան հնա­րա­ւոր չէ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախնդ­րի կար­գա­ւո­րու­մը», ը­սաւ Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան։

Նալ­պան­տեա­նի խօս­քե­րով, ի­րա­կա­նու­թեան մէջ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բաղ ներգ­րա­ւուած է բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թա­ցին, սա­կայն ներ­կայ փու­լին ոչ լիար­ժէք ձե­ւա­չա­փով։ Այ­սինքն՝ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի մի­ջեւ գո­յու­թիւն չու­նին ուղ­ղա­կի բա­նակ­ցու­թիւն­ներ։ Սա Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ ցան­կու­թեան բա­ցա­կա­յու­թեան հե­տե­ւանքն է։ ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խըմ-բա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րու, ինչ­պէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի շրջա­նա­յին նա­խա­գա­հի անձ­նա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցի­չի տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին այ­ցե­լու­թիւն­նե­րուն ժա­մա­նակ ա­նոնք կը հան­դի­պին Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի ղե­կա­վա­րու­թեան հետ։ Նալ­պան­տեան շա­րու­նա­կեց. «Ա­ռանց Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի մաս­նակ­ցու­թեան անհ­նար է հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւո­րու­մը։ Այս բա­նը հրա­շա­լի կը հասկ­նան ու ա­նոր մա­սին կը խօ­սին նաեւ միջ­նորդ­նե­րը։ Ատր­պէյ­ճան ուղ­ղա­կի կը ձե­ւաց­նէ, որ իբր թէ չի հասկ­նար՝ գլու­խը ա­ւա­զի մէջ թաքց­նե­լով, հա­կա­ռակ, որ վեր­ջին տա­րի­նե­րուն քննար­կուող բո­լոր աշ­խա­տան­քա­յին փաս­տա­թուղ­թե­րուն մէջ ամ­րագ­րուած է հա­կա­մար­տու­թեան հա­մընդգր­կուն կար­գա­ւոր­ման պայ­մա­նագ­րի մշակ­ման աշ­խա­տանք­նե­րուն մէջ ղա­րա­բա­ղեան կող­մի ան­մի­ջա­կան մաս­նակ­ցու­թեան հար­ցը»։

Ռու­սա­կան զան­գուա­ծա­յին լրա­տուու­թեան մի­ջոց­նե­րուն տուած յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն մէջ Նալ­պան­տեան անդ­րա­դար­ձաւ նաեւ այլ խնդիր­նե­րու։ Ըստ ի­րեն, բնա­կա­նա­բար, Հա­յաս­տա­նին դիւր չի գար, որ Ատր­պէյ­ճան սպա­ռա­զի­նու­թիւն կը գնէ Ռու­սաս­տա­նէն։ Ան յի­շե­ցուց, որ Ռու­սաս­տան Հա­յաս­տա­նի դաշ­նա­կիցն է ու որ­պէս ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ կը գոր­ծադ­րէ մեծ ջան­քեր, նաեւ Հա­յաս­տա­նի հետ միա­սին, տա­րած­քաշր­ջա­նէ ներս խա­ղա­ղու­թեան եւ կա­յու­նու­թեան պահ­պան­ման հա­մար։ Հա­յաս­տան պար­տա­ւոր է ջան­քեր գոր­ծադ­րե­լու ու­ժե­րու հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւ­նը պահ­պա­նե­լու ուղ­ղու­թեամբ։

«Ինչ կը վե­րա­բե­րի սպա­ռա­զի­նու­թիւն­նե­րու մրցա­վազ­քին՝ Հա­յաս­տա­նը չէ, որ կը սպառ­նայ նոր պա­տե­րազ­մով մը։ Հա­յաս­տա­նը չէ, որ կը պար­ծե­նայ իր ռազ­մա­կան պիւտ­ճէի թի­ւե­րով եւ գնած սպա­ռա­զի­նու­թեան քա­նա­կով, ինչ որ կը խախ­տէ չա­փա­նիշ­նե­րը», ը­սաւ Նալ­պան­տեան եւ ա­ւել­ցուց, որ նման պայ­ման­նե­րու մէջ հայ­կա­կան կող­մը ստի­պուած է գոր­ծադ­րել բո­լոր ջան­քե­րը եւ տա­րած­քաշր­ջա­նէ ներս պահ­պա­նել ու­ժե­րու հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւ­նը։

Մոս­կուա­յի դի­ւա­նա­գի­տա­կան աղ­բիւր­ներն ալ յայտ­նե­ցին, որ Նալ­պան­տեա­նի այ­ցը պի­տի դառ­նայ կող­մե­րու յա­գե­ցած երկ­խօ­սու­թեան տրա­մա­բա­նա­կան շա­րու­նա­կու­թիւ­նը։ Երկ­կող­մա­նի օ­րա­կար­գի հար­ցե­րուն ա­ռըն­թեր Նալ­պան­տեան եւ Լաւ­րով պի­տի անդ­րա­դառ­նան նաեւ մի­ջազ­գա­յին եւ տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին հար­ցե­րու։

Երեքշաբթի, Փետրուար 21, 2017