ԿԱՐԵՒՈՐ ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑ
Երէկ, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Եւրոմիութեան Արտաքին գործոց եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան գերագոյն յանձնակատար ու Եւրոյանձնաժողովի փոխ-նախագահ Ֆետերիքա Մոկերինիի հետ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, քննարկուեցաւ Եւրոմիութիւն-Հայաստան իրաւական նոր փաստաթուղթին վերաբերեալ բանակցութիւններու ընթացքը։ Երկուստեք յոյս յայտնուեցաւ, թէ մօտաւոր ապագային հնարաւոր կ՚ըլլայ եզրափակել բանակցութիւնները։
Մինչ այդ, Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան կը պատրաստուի յառաջիկային այցելել Պրիւքսել։ Ուստի, երէկուան հեռախօսազրոյցին ընթացքին Նալպանտեան եւ Մոկերինի անդրադարձան նաեւ այս այցելութեան նախապատրաստական աշխատանքներուն։