ՄԱՅՐԵՆԻ ԼԵԶՈՒԻ ՕՐ

Այ­սօր Հա­մաշ­խար­հա­յին մայ­րե­նիի օրն է։ 20-րդ դա­­րու կէ­սե­րուն մայ­րե­նի լե­զուի ի­րա­ւունք­նե­րուն դէմ աշ­խար­հի զա­նա­զան եր­կիր­նե­րէն ներս տե­ղի ու­նե­ցած են շարք մը ոտնձգու­թիւն­ներ։ Ուս­տի, 1999 թուա­կա­նին Փետ­րուա­րի 21-ը ԻՒ­ՆԷՍ­ՔՕ-ի կող­մէ հռչա­կուած էր Հա­մաշ­խար­հա­յին մայ­րե­նի լե­զուի օր՝ ի նպաստ լե­զու­նե­րու ի­րա­ւունք­նե­րու ճա­նաչ­ման եւ գոր­ծա­ծու­թեան ա­ջակ­ցու­թեան։ Այ­սօր աշ­խար­հի վրայ լե­զու­նե­րու ա­պա­գան ա­նո­րոշ վի­ճա­կի մէջ է։ Մի­ջազ­գա­յին քա­նի մը լե­զու­ներ աս­տի­ճա­նա­բար մար­դիկ կը ստի­պեն հրա­ժա­րիլ ի­րենց մայ­րե­նի լե­զուէն։ Ըստ ԻՒ­ՆԷՍ­ՔՕ-ի տուեալ­նե­րուն, աշ­խար­հի վրայ վեց հա­զար լե­զու կո­րուս­տի մատ­նուե­լու եզ­րին հա­սած է։

Հայ ժո­ղո­վուր­դին տե­սա­կէ­տէ այս մէ­կը ու­նի ա­ռանձ­նա­յա­տուկ նշա­նա­կու­թիւն։ Այս առ­թիւ ե­րէկ Ե­րե­ւա­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ կա­րե­ւոր հա­ւա­քոյթ մը։ Հա­յաս­տա­նի Գի­տու­թիւն­նե­րու ազ­գա­յին ա­կա­դե­միոյ եր­դի­քին տակ տե­ղի ու­նե­ցաւ «Հա­յոց լե­զուն դպրո­ցա­կան դա­սա­գիր­քե­րու մէջ» խո­րագ­րեալ կլոր սե­ղան մը։ Այս քննար­կու­մը կազ­մա­կեր­պուած էր՝ Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան, Գի­տու­թիւն­նե­րու ազ­գա­յին ա­կա­դե­միոյ «Հրա­չեայ Ա­ճա­ռեան» լե­զուի կա­ճա­ռի հա­մա­տեղ նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ եւ Հայ­կա­կան բա­րե­գոր­ծա­կան ընդ­հա­նուր միու­թեան (ՀԲԸՄ) հա­մա­ցան­ցա­յին հա­մալ­սա­րա­նի ա­ջակ­ցու­թեամբ։ Քննարկ­ման մաս­նակ­ցե­ցան յայտ­նի գիտ­նա­կան­ներ, լե­զուա­բան­ներ ու մտա­ւո­րա­կան­ներ։

Հա­ւա­քոյ­թի բաց­ման ող­ջոյ­նի խօս­քե­րով հան­դէս ե­կան Հա­յաս­տա­նի Կրթու­թեան ու գի­տու­թեան նա­խա­րար Լե­ւոն Մկրտչեան եւ Սփիւռ­քի նա­խա­րար Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան։ Բա­ցի ա­տե­նա­խօս­նե­րէն, սփիւռ­քա­հայ շարք մը ա­նուա­նի գոր­ծիչ­ներ ալ տե­սո­ղա­կան մի­ջոց­նե­րով փո­խան­ցե­ցին ի­րենց մօ­տե­ցում­նե­րը։

Ա­կա­դե­միոյ Լե­զուի կա­ճա­ռի տնօ­րէն Վիք­թոր Կա­տուա­լեան խնդրեց, որ­պէս­զի քննարկ­ման մաս­նա­կից­նե­րը ներ­կա­յաց­նեն ի­րենց դի­տո­ղու­թիւն­ներն ու ա­ռա­ջարկ­նե­րը՝ Լե­զուի կա­ճա­ռէն ներս գոր­ծող աշ­խա­տան­քա­յին խում­բին։ Այս վեր­ջի­նը այդ բո­լո­րը պի­տի հա­մա­կար­գէ եւ պի­տի ձեռ­նար­կէ հա­մա­պա­տաս­խան մի­ջոց­նե­րու։

Երեքշաբթի, Փետրուար 21, 2017