ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ԵՒ ՊՐԻՒՔՍԵԼԻ ՄԻՋԵՒ ԴՐԱԿԱՆ ՄԹՆՈԼՈՐՏ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու փոխ-նախագահ Մայք Փենս երէկ այցելեց Պրիւսքել, ուր տեսակցեցաւ Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Տանըլտ Թուսքի եւ ԵՄ-ի այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներուն հետ։ Փենս եւ Թուսք Պրիւքսելի մէջ սարքեցին նաեւ համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։
Տանըլտ Թուսք յայտնեց, որ ինք Մայք Փենսէն լսած է քաջալերող բացատրութիւններ, որոնք կը պարզաբանեն Ուաշինկթընի նոր վարչակարգի մօտեցումները։ Իր կարգին, Մայք Փենսն ալ նշեց, թէ ամերիկեան կողմը միանշանակ կը սատարէ միացեալ եւ ինքնիշխան Եւրոպայի մը։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Նախագահ Տանըլտ Թրամփի գործի գլուխ եկած շրջանին Պրիւքսելի եւ Ուաշինկթընի միջեւ ծագած էին կարգ մը տարաձայնութիւններ։ Թէ՛ Թրամփ եւ թէ Եւրոպայի յառաջատար երկիրներէն նախագահներ փոխանակած էին խիստ յայտարարութիւններ։