ՍՈՒՐԻԱՀԱՅԵՐՈՒՆ ՕԳՆՈՒԹԻՒՆ
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) «Վահէ Կարապետեան» կեդրոնին մէջ, ՀԲԸՄ-ի Հայաստանի գրասենեակը եւ «Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող կեդրոն»ը կ՚իրականացնեն սփիւռքահայ բարերարներ Տէր եւ Տիկին Գըրգ եւ Արսինէ Գազազեաններու՝ ՀԲԸՄ-ի Սուրիահայերու օգնութեան հիմնադրամին կատարած 25 հազար տոլարի նուիրատուութեան բաշխումը:
Մարդասիրական օգնութեան ծրագրին համաձայն, սուրիահայ կարիքաւոր երկու հարիւր յիսուն ընտանիքներու նուիրատուութեան տեսքով կը տրամադրուի օգնութիւն՝ 100 տոլար գումարի չափով, որ առաւելաբար կ՚օգտագործուի ջեռուցման ծախսերու փոխհատուցման համար:
ՀԲԸՄ-ի Հայաստանի գրասենեակի փոխ-տնօրէն Յովիկ Էօտէքեան նշեց, որ Բարեգործականը անցնող հինգ տարիներուն Հայաստան ապաստանած հազարաւոր սուրիահայերու համար օգնութեան տարաբնոյթ ծրագրեր իրականացուցած է: Շարք մը ծրագրեր կառոյցը իրականացուցած է՝ համագործակցելով Հայաստան Սփիւռքի նախարարութեան հետ: Այս տարի եւս կը շարունակուին սուրիահայութեան աջակցութեան ծրագրերը, որոնք հիմնականին ուղղուած են անոնց կրթական, առողջապահական ու ընկերային խնդիրներու լուծման: