ԴԷՊԻ ԲՌՆԱԳՐԱՒՈ՞ՒՄ
Ուքրայնայի տագնապը հետզհետէ կը սաստկանայ ու դաշտի վրայէն հասած լուրերը հետզհետէ աւելի մտահոգիչ կը դառնան։ Միջազգային աղբիւրները կը տեղեկացնեն, որ շաբաթավերջին հազարաւորներ տարհանուած են Տոնպասի շրջանէն, ուր պատահած են պայթումներ՝ Ուքրայնայի զինուորներու եւ Ռուսաստանի հովանաւորած անջատողականներու շփման գծին վրայ։ Ռուսաստանի եւ Սպիտակ Ռուսիոյ զօրքերու ռազմափորձերը յետաձգուած են անժամանակ։
Քրեմլինի աղբիւրները տեղեկացուցին նաեւ Արեւմուտքի կողմէ յաճախակիօրէն բարձրաձայնուած՝ Ուքրայնայի Ռուսաստանի կողմէ հաւանական բռնագրաւման վերաբերեալ ժամկէտները։ Մոսկուա այդ բոլորը կը համարէ խափանարարութիւն եւ կը զգուշացնէ, որ հակառակ հետեւանքներու պատճառ կրնայ դառնալ։
Այս մթնոլորտին մէջ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ընդհանուր քարտուղար Էնթընի Պլինքըն շաբաթավերջին յայտարարեց, որ իրադարձութիւնները կ՚ընթանան դէպի Ռուսաստանի կողմէ Ուքրայնայի բռնագրաւում։ Իր կարգին, Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելն ալ յայտնեց, որ Արեւմուտքը չի կրնար յաւերժ ձիթենիի ճիւղ երկարել Մոսկուային։ Իր խօսքով՝ ռուսական կողմը պէտէ է կողմնորոշուի, որ երկխօսութեան կը ձգտի՞ կամ ոչ։ Միւնիխի անվտանգութեան համաժողովի ընթացքին ունեցած ելոյթին ժամանակ ան կրկնեց, որ Ուքրայնայի վրայ յարձակելու պարագային Ռուսաստան լուրջ պատժամիջոցներու պիտի ենթարկուի։ Իսկ Եւրոմիութեան Արտաքին յարաբերութիւններու եւ պաշտպանութեան քաղաքականութեան գերագոյն յանձնակատար Ժոզէֆ Պորել նշեց, որ Ռուսաստան եւ Չինաստան կը ձգտին վերաբանաձեւել աշխարհակարգը։
Միւս կողմէ, շաբաթավերջին երկար հեռախօսազրոյց մըն ալ տեղի ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւել Մաքրոնի միջեւ։ Մէկ ժամ քառասունհինգ վայրկեան տեւեց այս խօսակցութիւնը, որու զուգահեռ՝ ըստ Էլիզէի պալատի աղբիւրներուն, Մաքրոն հեռաձայնով կապ հաստատեց նաեւ Ուքրայնայի նախագահ Վլատիմիր Զելենսքիի հետ։