ԾԱՒԱԼՈՒՆ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄՆԵՐ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան շաբաթավերջին մասնակցեցաւ Միւնիխի Անվտանգութեան համաժողովին։ Սա միջազգային հեղինակաւոր հարթակ մըն է, որու վրայ ամէն տարի համաշխարհային օրակարգի հրատապ խնդիրները կը քննարկուին։ Այս համաժողովի ծիրէն ներս Արարատ Միրզոյեան շաբաթավերջին մասնակցեցաւ Հարաւային Կովկասի զարգացման հեռանկարներուն նուիրուած քննարկումի մը, նաեւ ունեցաւ շարք մը երկկողմանի հանդիպումներ։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Գերմանիոյ Միջազգային համագործակցութեան ընկերութեան (GIZ) կողմէ կազմակերպուած էր Հարաւային Կովկասի զարգացման հեռանկարներուն նուիրուած քննարկումը։ «Չեթըմ հաուզ»ի կանոններուն համաձայն տեղի ունեցաւ այս քննարկումը, որու ընթացքին Արարատ Միրզոյեան ելոյթով մը հանդէս եկաւ ու պատասխանեց մասնակիցներու հարցումներուն։ Ձեռնարկի միւս մասնակիցներն էին՝ Վրաստանի փոխ-վարչապետ ու Արտաքին գործոց նախարար Տաւիտ Զալքալիանի, Ատրպէյճանի Ուժանիւթի նախարար Փարւիզ Շահպազով, Համաշխարհային դրամատան նախագահ Տէյվիտ Մալփաս, ԵԱՀԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Հելկա Մարիա Շմիտ, GIZ-ի տնօրէն Ինկրիտ-Կապրիելա Հովեն, Գերմանիոյ Տնտեսական համագործակցութեան եւ զարգացման նախարարութեան պետական քարտուղար Նիլս Անեն։

Բացի այս հաւաքոյթին մասնակցելէ, Արարատ Միրզոյեան շարք մը երկկողմանի հանդիպումներ ալ ունեցաւ Միւնիխի մէջ։ Այսպէս, ան մէկտեղուեցաւ Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ամիր Ապտուլլահիանի, Սէուտական Արաբիոյ Արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ պին Ֆարհան էլ Սաուտիի, Գանատայի Արտաքին գործոց նախարար Մելանի Ժոլիի, Գերմանիոյ Արտաքին գործոց նախարարութեան պետական նախարար Թոպիաս Լինտների հետ եւ այլն։

Միրզոյեան եւ Ապտուլլահիան Միւնիխի մէջ զրուցելու ընթացքին պատրաստակամութիւն յայտնեցին Հայաստան-Իրան համագործակցութիւնը որակապէս նոր մակարդակի մը բարձրացնելու ուղղութեամբ՝ անվտանգային, առեւտրատնտեսական, ուժանիւթի, փոխադրութեան, զբօսաշրջութեան, մշակոյթի եւ այլ ոլորտներու մէջ։ Անոնք ընդգծեցին «Պարսից ծոց-Սեւ ծով միջազգային փոխադրութեան միջանցքի ստեղծման մասին» համաձայնագրի վերջնականացման եւ ստորագրման անհրաժեշտութիւնը։ Այս համատեսքին մէջ կարեւորուեցաւ մասնագէտներու՝ 6-րդ հանդիպման կազմակերպման նպատակով միասնական ջանքերու ներդրուիլը։

Երկու նախարարները անդրադարձան տարածաշրջանային ու միջազգային անվտանգութեան եւ կայունութեան վերաբերեալ հարցերու լայն շրջանակի մը։ Արարատ Միրզոյեան կանգ առաւ Արցախի երկրորդ պատերազմէն վերջ ստեղծուած իրավիճակին վրայ՝ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածք ներթափանցումով հանդերձ։ Ան բարձր գնահատեց Իրանի դիրքորոշումը՝ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան եւ սահմաններու անձեռնմխելիութեան վերաբերեալ։ Ընդգծուեցաւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան լիազօրութեան ներքեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ ու տեւական կարգաւորման անհրաժեշտութիւնը։

Ֆայսալ պին Ֆարհան էլ Սաուտիի հետ Արարատ Միրզոյեան կարծիքներ փոխանակեց Հայաստան-Սէուտական Արաբիա յարաբերութիւններու եւ համագործակցութեան հաստատման հեռանկարներուն շուրջ՝ պատրաստակամութիւն յայտնելով աշխատանքներ իրականացնել երկկողմանի եւ բազմակողմանի օրակարգերու ձեւաւորման ուղղութեամբ։ Արարատ Միրզոյեան համոզուած է, թէ համապատասխան ներուժ գոյութիւն ունի՝ զարգացնելու համար համագործակցութիւնը տեղեկատուական եւ բարձր փորձագիտութիւններու, առողջապահութեան, զբօսաշրջութեան, մշակոյթի ոլորտներէն ներս։ Նախարարները ընդգծեցին երկու երկիրներու միջեւ առեւտրատնտեսական կապերու աշխուժացման, ներդրումային ծրագրերու իրականացման եւ գործարար շրջանակներու միջեւ շփումներու հաստատման կարեւորութիւնը։

Արարատ Միրզոյեան Մելանի Ժոլիի հետ ալ քննարկեց միջազգային եւ տարածաշրջանային օրակարգին վերաբերեալ շարք մը հարցեր։ Երկուստեք պատրաստակամութիւն յայտնուեցաւ՝ Հայաստան-Գանատա յարաբերութիւններու դրական թափը ամրապնդելու նպատակով գործնական քայլերու ձեռնարկելու ուղղութեամբ։ Ժոլի վերահաստատեց Գանատայի աջակցութիւնը՝ Հայաստանէ ներս ժողովրդավարական բարեփոխումներու օրակարգին ի նպաստ։

Արարատ Միրզոյեան եւ Թոպիաս Լինտներ անդրադարձան Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին։ Անոնք կարեւորեցին ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան լիազօրութեան ներքեւ Լեռնային Ղարաբաղի համապարփակ ու տեւական կարգաւորման անհրաժեշտութիւնը։ Շեշտուեցաւ հայ ռազմագերիներու եւ պատանդներու անյապաղ վերադարձի կարեւորութիւնը։ Միրզոյեան ներկայացուց Արցախի եւ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի իրավիճակը։ Կարծիքներ փոխանակուեցան տարածաշրջանային եւ միջազգային շարք մը հրատապ հարցերուն շուրջ։

Նախարարները խորհրդակցեցան նաեւ երկկողմանի եւ բազմակողմանի ձեւաչափերու մէջ Երեւան-Պերլին արդիւնաւէտ համագործակցութեան շուրջ։ Միրզոյեան գոհունակութիւն յայտնեց Հայաստանի եւ Գերմանիոյ միջեւ ձեւաւորուած բարեկամական յարաբերութիւններու դրական թափին բերումով՝ խարսխուած պատմական կապերու, ընդհանուր արժէքներու եւ փոխադարձ շահերու հիման վրայ։

Երկուշաբթի, Փետրուար 21, 2022