ՉԱՎՈՒՇՕՂԼՈՒ ԵՒ ՊԼԻՆՔԸՆ ՁԵՌՔ ԱՌԻՆ ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԿՈՎԿԱՍԻ ՎԻՃԱԿԸ

Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի հետ, որ Թուրքիա այցելեց՝ բնական աղէտով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ զօրակցութիւն յայտնելու համար։ Երկու նախարարները շաբաթավերջին աղէտի գօտի այցելելէ վերջ երէկ Անգարայի մէջ վարեցին բանակցութիւններ։ Անոնք սարքեցին նաեւ համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, բարձր մակարդակի քննարկումներուն ժամանակ արժեւորուեցաւ նաեւ Հարաւային Կովկասի առկայ իրավիճակը։

«Թէ՛ Պլինքըն եւ թէ ես վերջերս կապի մէջ եղած ենք ատրպէյճանական եւ հայկական կողմերուն հետ։ Մեր նպատակն է Հարաւային Կովկասի մէջ երկարաժամկէտ կայունութեան եւ խաղաղութեան հասնիլը։ Այդ ուղղութեամբ ջանքերը պիտի շարունակուին», ըսաւ Չավուշօղլու։

Թուրքիոյ մէջ կեցութեան ընթացքին Պլինքընն ալ յայտնեց, որ Անգարա տարածաշրջանէն ներս առանցքային գործընկեր կը հանդիսանայ Ուաշինկթընի տեսակէտէ։ «ԱՄՆ եւ Թուրքիա սերտօրէն կը համագործակցին Միջերկրականի արեւելքին լարուածութիւնը միջազգային իրաւունքի համաձայն նուազեցնելու, Պալքաններու եւ Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութիւն հաստատելու համար», նշեց պետական քարտուղարը։

Անգարայի մէջ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանն ալ ընդունեց Էնթընի Պլինքընը։

Երեքշաբթի, Փետրուար 21, 2023