«5900 BC» վաճառանիշով՝ աշխարհ կը ծանօթանայ հայկական նորաձեւութեան
Հայաստանի մէջ հագուստի արտադրութիւնն ու նորաձեւութիւնը այլեւս իրարմէ անջատ չեն զարգանար: Ստեղծուած է «5900 BC» հայկական վաճառանիշը, որ կը միաւորէ ոլորտի յառաջատար ընկերութիւններն ու նորաձեւութեան տուները: «Արմէնփրէս» լրատու գործակալութեան փոխանցմամբ՝ Իտալիայէ ժամանած նորաձեւութեան մասնագէտներ արդէն վարպետութեան դասեր կը կազմակերպեն հայաստանեան մասնագէտներու համար, իսկ վերջիններս ալ պատրաստած են առաջին՝ 2015-2016 աշուն-ձմեռ հաւաքածոն:
Այսպէս, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ վաճառանիշի շնորհանդէսը, որու ընթացքին ելոյթ մը ունեցաւ Հայաստանի Զարգացման հիմնադրամի տնօրէն Արման Խաչատրեան։ Ան ներկաներուն տեղեկացուց, որ «5900 BC» վաճառանիշի ներքոյ կ՚աշխատին հագուստ արտադրող ութ ընկերութիւն: «Այս ընկերութիւններուն հետ եւրոպացի մասնագէտները աշխատանքներ տարած են հաւաքածոյի ժամանակակից եւ արտադրական շարունակական գործընթացի ապահովման համար: Համատեղ վաճառանիշի արտադրանքը առաջին առթիւ տեղ կը գտնէ ռուսաստանեան, ապա նաեւ ԱՊՀ-ի շուկաներէն ներս: Հայաստանի տնտեսական յարմարեցումն ալ զարգացման նոր հնարաւորութիւններ կ՚ընձեռէ մեր այս ոլորտի արտադրողներուն համար», ըսաւ ան:
Նորաձեւութեան աշխարհէն ներս հայկական վաճառանիշի ստեղծումը իրականացուած է Ռուսաստանի թեքնիկական եւ գանձատրական աջակցութեամբ: Իբր այդ, իր կարգին ելոյթով մըն ալ հանդէս եկաւ Հայաստանի մօտ Ռուսաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Իվան Վոլինքին։ «Ընտրուած է հիւսուածեղէնի ճարտարարուեստը եւ հագուստի արտադրութիւնը, քանի որ Հայաստան այս ոլորտէն ներս կը ցուցաբերէ հետաքրքրական միտումներ եւ ունի հին աւանդոյթներ ու պատմութիւն: Ոլորտի զարգացումը կարեւոր է յատկապէս աշխատատեղիներու ստեղծման տեսանկիւնէն ու կրնայ նպաստել կանանց գործազրկութեան կրճատման: Ծրագրին մասնակցած են որակեալ մասնագէտներ, իրականացուած է վերապատրաստում եւ ճարտարարուեստներու արդիականացում: Ծրագրի մեկնարկէն ի վեր անցած է ընդամէնը վեց ամիս, սակայն այսօր արդէն պատրաստ է նորաձեւութեան առաջին հաւաքածոն», ըսաւ դեսպանը:
Նորաձեւութեան հայկական վաճառանիշի ստեղծման ծրագիրը իրականացուած է ՄԱԿ-ի ծրագրերու իրականացման կեդրոնին շնորհիւ:
Ապա կեդրոնի ղեկավար Անահիտ Սիմոնեան յայտնեց, որ սերտ համագործակցութիւն հաս-տատուած է Միլանոյի «Պուրկօ» նորաձեւութեան ուսումնական դպրոցին հետ, որու արդիւնքին Հայաստանի մէջ ստեղծուած է «Ատեքս-Պուրկօ» նորաձեւութեան դպրոցը: «Դպրոցի ուսանողները ներկայիս կը շարունակեն իրենց կրթութիւնը: Անոնց կողմէ մշակուած առաջին հաւաքածոն արդէն պատրաստ է եւ կը ցուցադրուի Երեւանի մէջ: Ցուցադրութեան հրաւիրուած են նաեւ գնորդներ ռուսական շուկայէն», ըսաւ Սիմոնեան:
Նորաձեւութեան հայկական վաճառանիշի ստեղծումը իրականութիւն դարձած է ՄԱԿ-ի Արդիւնաբերական զարգացման կազմակերպութեան «Հայաստանի արտահանման ուղղուածութիւն ունեցող ոլորտներու մըր-ցունակութեան բարձրացում՝ արդիականացում եւ դէպի շուկայ մուտք ապահովելով» ծրագրի շրջանակներէն ներս: