ՀԵՐԹԱԿԱՆ ԲԱՆԱՁԵՒ ՄԸ
Ամերիկայի Միացեալ նահանգներու Գոնկրէսէն ներս Ապրիլի 24-ի նախօրեակին շրջանառութեան մէջ դրուեցաւ հերթական հայկական բանաձեւ մը, որու նպատակն է 1915 թուականի դէպքերուն որպէս ցեղասպանութիւն ճանաչումը։ Շուրջ ամիսէ մը ի վեր ԱՄՆ-ի Ներկայացուցիչներու տունէն ներս աշխատանք կը տարուէր սոյն նախագիծը շրջանառութեան մէջ դնելու համար։ ԱՄՆ-ի հայկական սփիւռքին մերձակայ խորհրդարանականները աշխատանք կը տանէին՝ իրենց պաշտօնակիցներէն ստորագրութիւն ապահովելու համար։
Ի վերջոյ, Ներկայացուցիչներու տան 435 անդամէն 46-ին ստորագրութեամբ այս նախագիծը մտաւ շրջանառութեան մէջ։ Տեղական մամուլէն զանազան թերթեր կը գրեն, որ Գոնկրէսէ ներս հայկական այս նախագծին համար զօրակցութիւնը մնացած է տկար։