ՄԻՐԶՈՅԵԱՆ. «ԱՆՀՆԱՐ Է ՅԱՋՈՂՈՒԹԵԱՆ ՀԱՍՆԻԼ՝ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿՈՂՄԻՆ ՀԵՏ ԽՕՍԵԼՈՎ ԶԷՆՔԻ ԼԵԶՈՒՈՎ»
Լեռնային Ղարաբաղի Արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեան յայտարարեց, որ յաջողութեան հասնիլ կարելի չէ՝ հայկական կողմին հետ զէնքի լեզուով խօսելով։
Ինչպէս ծանօթ է, Ատրպէյճանի կողմէ հրադադարի անընդհատ խախտումներուն հետեւանքով վերջին օրերուն Արցախի ճակատին վրայ լարուածութիւնը աւելցած է։ Ատրպէյճանի յարձակումներուն հետեւանքով ծագած բախումներուն զոհ գացին երեք հայ զինուորներ։ Վիրաւորեալ զինուորներէն երկուքին ալ կացութիւնը բաւական ծանր է։ Լեռնային Ղարաբաղի Պաշտպանութեան նախարար Մովսէս Յակոբեան երէկ փութաց վերջին բախումներուն ընթացքին վիրաւորուած զինուորներու այցելութեան։ Հանրային կարծիքին ուշադրութիւնը միշտ կեդրոնացած կը մնայ սոյն խնդրին վրայ։
Այս մթնոլորտին մէջ, Կարէն Միրզոյեան երէկ Ատրպէյճանին խորհուրդ տուաւ Հայաստանի եւ Արցախի հետ չխօսիլ զէնքի լեզուով։ Արդարեւ, նա՛խ անհնար է զէնքի լեզուով հասնիլ յաջողութեան եւ երկրո՛րդ, այդ լեզուն չի նպաստեր Ատրպէյճանին ու կը վտանգէ անոր շահերը։
«Արմէնփրէս»ի հետ զրուցելու ընթացքին Կարէն Միրզոյեան ընդգծեց, որ սահմանի իրավիճակը լարուած է, ազէրի կողմը կը դիմէ սադրանքներու ու կը գործադրէ ուժի սպառնալիք։ Ըստ իրեն, նախընթաց օրուան ապրուածները նոյնպէս Ատրպէյճանի կողմէ վերջին շրջանին շատ հետեւողականօրէն իրականացուող ուժի սպառնալիքի օրինակ մըն էին։ «Ատրպէյճան կը շարունակէ անտեսել շփման գծին վրայ իրավիճակը լարելէ խուսափելու եւ հակամարտութեան լուծման միայն խաղաղ միջոցներով ապահովուելու ուղղեալ միջազգային հանրութեան բազմաթիւ կոչերը», ըսաւ Միրզոյեան եւ աւելցուց, թէ Ատրպէյճան անընդհատ կը մերժէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի գործադրած ջանքերը՝ հակամարտութիւնը խաղաղ ճանապարհով լուծելու համար եւ այսպէսով մարտահրաւէր կը նետէ ո՛չ միայն Հայաստանի, այլե՝ւ Արցախի դէմ։
Լարուած իրավիճակի պայմաններուն ներքեւ, երէկ Երեւանի մէջ հանդիպում մը ունեցան Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան եւ Կարէն Միրզոյեան։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, նախարարները համակարծիք գտնուեցան, որ Ատրպէյճանի սադրանքները կը հետապնդեն բանակցային գործընթացը խափանարարելու նպատակը։
Բաց աստի, Կարէն Միրզոյեան երէկ Երեւանի մէջ մասնակցեցաւ «Արարատի ստորոտին» խորագրեալ հինգերորդ միջազգային մետիայի համաժողովին, որու եզրափակիչ փուլի աշխատանքները տեղի ունեցան Մատենադարանի դահլիճին մէջ։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Միրզոյեան Պաքուն մեղադրեց բանակցային գործընթացը տապալելու փորձերու մէջ։ Ըստ իրեն, պատերազմի վերսկսման անդադար սպառնալիքները կը հեռացնեն հակամարտութեան վերջնական կարգաւորման հորիզոնը։ Առկայ պայմաններուն ներքեւ չափազանց դժուար է պատկերացնել բանակցային գործընթացէն ներս որեւէ պայմանաւորուածութեան հասնիլը։ Միրզոյեան դիտել տուաւ, թէ հայկական կողմը մշտապէս վստահութեան ամրապնդման համար կը ձեռնարկէ միջոցներու՝ ներկայացնելով յստակ առաջարկներ։ «Դժբախտաբար, հակամարտութեան գօտիէն ներս վստահութեան մթնոլորտի վերականգնման եւ անվստահութեան ամրապնդման վերաբերեալ առաջարկներէն ոչ մէկը ընդունուած է Ատրպէյճանի կողմէ։ Աւելի՛ն, Ատրպէյճանի բարձրագոյն իշխանութիւնը աշխարհի հայութիւնը հռչակած է որպէս Ատրպէյճանի թիւ մէկ թշնամի եւ առաջնահերթութիւն դարձուցած է Լեռնային Ղարաբաղի եւ Հայաստանի մեկուսացման քաղաքականութիւնը», ըսաւ Միրզոյեան եւ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման տեսանկիւնէն կարեւորեց Ստեփանակերտի վերադարձը բանակցային սեղանի շուրջ։ Ան շեշտեց, որ առանց Արցախի ժողովուրդի կամքը հաշուի առնելու անհնար է հասնիլ վերջնական լուծման։
Ի՞ՆՉ Կ՚ԸՍԷ ՈՒՈՐԼԻՔ
Միւս կողմէ, ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիքն ալ անդրադարձաւ Արցախի ճակատի վերջին բախումներուն։ Ըստ իրեն, Լեռնային Ղարաբաղի մէջ վերսկսած բռնութիւնները ունին ողբերգական բնոյթ։ «Մինչ կողմերը զիրար կը մեղադրեն, գործողութիւնները կը վնասեն հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման», յայտնեց Ճէյմս Ուորլիք։