ՊԱԽԱՐԱԿԵԼԻ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄ

Շիշ­լիի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նը վեր­ջին եր­կու օ­րե­րուն կ՚ապ­րի ձա­խող մա­հա­փոր­ձի մը ցնցու­մը։ Այս­պէս, նա­խըն­թաց ե­րե­կո­յեան զի­նեալ յար­ձա­կու­մի մը են­թար­կուե­ցաւ քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նի են­թա­կայ վե­րահս­կիչ ու­ժե­րու (զա­պը­թա) տնօ­րէն Ա­թիլ­լա Տի­լէք­ճի։ Այս վեր­ջի­նը Իւմ­րա­նիէի իր բնա­կա­րա­նին առ­ջեւ են­թար­կուած է այս յար­ձակ­ման եւ բա­րե­բախ­տա­բար փրկուած՝ վի­րա­ւո­րեալ վի­ճա­կով։ Ան ան­մի­ջա­պէս դար­ման­ման տակ առ­նուած է հի­ւան­դա­նո­ցի մէջ։ Շիշ­լիի քա­ղա­քա­պետ Հայ­րի Ի­նէօ­նիւ ան­մի­ջա­պէս փու­թա­ցած է իր այ­ցե­լու­թեան, թէ՛ յայտ­նած է իր բա­րո­յա­կան զօ­րակ­ցու­թիւ­նը եւ թէ տեղ­ւոյն վրայ տե­ղե­կու­թիւն­ներ քա­ղած՝ ա­նոր դար­ման­ման ըն­թաց­քին կա­պակ­ցու­թեամբ։

Միւս կող­մէ, Հայ­րի Ի­նէօ­նիւ քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նին առ­ջեւ յայ­տա­րա­րու­թիւ­նով մը հան­դէս ե­կաւ այս դէպ­քին կա­պակ­ցու­թեամբ։ Քա­ղա­քա­պե­տու­թեան զա­նա­զան աս­տի­ճա­նի պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րու հոծ բազ­մու­թեան կող­մէ շրջա­պա­տուած՝ ան բուռն բո­ղոք յայտ­նեց այս դէպ­քին դէմ։ Ի­նէօ­նիւ հա­մո­զուած է, որ սոյն ա­րար­քը ուղ­ղուած չէ միայն Շիշ­լիի քա­ղա­քա­պե­տու­թեան, այլ յար­ձա­կու­մը գոր­ծուած է նաեւ հա­սա­րա­կա­կան հա­մե­րաշ­խու­թեան վրայ։

Շաբաթ, Մարտ 21, 2015