«ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ԱՉՔԸ» ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒԵՑԱՒ ԹԷՍԱՂՈՆԻԿԷԻ ՄԷՋ

Աշ­խար­հահռ­չակ լու­սան­կա­րիչ Ա­րա Կիւ­լէ­րին ձօնուած «Իս­թան­պու­լի աչ­քը» փաս­տա­վա­ւե­րագ­րա­կան ժա­պա­ւէ­նը ցու­ցադ­րուե­ցաւ Յու­նաս­տա­նի Թէ­սա­ղո­նի­կէ քա­ղա­քին մէջ։ Այս տա­րի 18-րդ ան­գամ կազ­մա­կեր­պուած է Թէ­սա­ղո­նի­կէի փաս­տա­վա­ւե­րագ­րա­կան ժա­պա­ւէն­նե­րու փա­ռա­տօ­նը, որ ձօ­նուած էր «21-րդ դա­րու դրուագ­ներ» նիւ­թին։ Ա­րա Կիւ­լէ­րի վե­րա­բե­րեալ ֆիլ­մը ցու­ցադ­րուե­ցաւ փա­ռա­տօ­նի աւար­տա­կան հանգ­րուա­նին մէջ։  «Թո­նիա Մար­քե­թաքի» շար­ժան­կա­րի դահ­լի­ճէն ներս կազ­մա­կեր­պուած ցու­ցադ­րու­թիւ­նը ար­ժա­նա­ցաւ շար­ժան­կա­րի աշ­խարհի ան­մի­ջա­կան ու­շադ­րու­թեան։

Ֆա­թիհ Քայ­մա­քի եւ Պին­նուր Քա­րաէվ­լիի հա­մա­հեղի­նա­կու­թեամբ պատ­րաս­տուած, 60 վայր­կեան տե­ւո­ղու­թեամբ, եր­կա­րա­ժամ­կէտ այս ֆիլ­մին մէջ կը ներկա­յա­ցուին Ա­րա Կիւ­լէ­րի լու­սան­կար­չու­թեան ո­դի­սա­կա­նը, Իս­թան­պու­լի եւ Պէ­յօղ­լուի նկատ­մամբ սէ­րը եւ կեան­քի ըն­կա­լու­մը։

Միւս կող­մէ, Ա­րա Կիւ­լէր շա­բա­թա­վեր­ջին դուրս եկաւ Սուրբ Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցէն, ուր քանի մը օր դար­ման­ման են­թար­կուած էր՝ թո­քե­րու թե­թեւ բոր­բոք­ման մը հե­տե­ւան­քով։

Երկուշաբթի, Մարտ 21, 2016