«ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՀԱՄԸ»՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ

Երկ­րորդ տա­րին ըլ­լա­լով Հա­յաս­տան այ­սօր կը միա­նայ «Կութ տէօ Ֆրանս/Կուտ Ֆրանս» ձեռ­նար­կին, որ թարգ­մա­նա­բար կը նշա­նա­կէ «Ֆրան­սա­յի հա­մը»:

Հա­յաս­տա­նի մօտ Ֆրան­սա­յի ար­տա­կարգ եւ լիա­զօր դես­պան Ժան-Ֆրան­սուա Շար­փան­թիէ ը­սած է, որ ձեռ­նար­կը նպա­տակ ու­նի ար­ժա­նին մա­տու­ցել ֆրան­սա­կան խո­հա­նո­ցին, ա­նոր նո­րա­րա­րա­կան հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րուն եւ այն ար­ժէք­նե­րուն, զորս ան կը տա­րա­ծէ։

Ֆրան­սա­յի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան եւ գլխա­ւոր խո­հա­րար Ա­լէն Տիւ­քա­սի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուած այս ձեռ­նար­կը այս տա­րի պի­տի  հա­մախմ­բէ հինգ ցա­մա­քա­մա­սի ա­ւե­լի քան հա­զար հինգ հա­րիւր ա­ւագ խո­հա­րար՝ տօ­նե­լու հա­մար ֆրան­սա­կան խորտ­կա­գի­տա­կան ա­րուես­տը: Հա­յաս­տա­նի մօտ Ֆրան­սա­յի դես­պա­նու­թեան մէջ կը կազ­մա­կեր­պուի կա­լա ընթ­րիք: Ըստ դես­պա­նի, ներ­կայ կ՚ըլ­լան պաշ­տօ­նա­տար ան­ձեր: Բա­ցի այդ, Հա­յաս­տա­նի մէջ ձեռ­նար­կին կը միա­նայ եօթ ճա­շա­րան (ե­րե­ւա­նեան վեց ճա­շա­րան, մէկ ճա­շա­րան՝ Կիւմ­րի), ո­րոնք կ՚ա­ռա­ջար­կեն ֆրան­սա­կան ճա­շա­ցանկ:  Հա­յաս­տա­նի մէջ ձեռ­նար­կը տե­ղի կ՚ու­նե­նայ Մարտ 21-27 թուա­կան­նե­րուն:

Ըստ Շար­փան­թիէի, Մարտ 21-ին աշ­խար­հի վրայ ա­մէն տեղ նոյն ժա­մուն, ե­թէ, ի հար­կէ, ժա­մա­յին գօ­տի­նե­րը թոյլ տան, Ֆրան­սա­յի դես­պա­նա­տու­նե­րուն եւ  հիւ­պա­տո­սա­րան­նե­րուն մէջ պի­տի մա­տու­ցուի ա­ւան­դա­կան ընթ­րիք:

Ձեռ­նար­կի ծի­րէն ներս Մար­տի 22-ին Ե­րե­ւա­նի «Մոս­կուա» շար­ժան­կար-թա­տե­րաս­րա­հին մէջ պի­տի ներ­կա­յա­ցուի «Ե­լի­սէ­յեան պա­լա­տի հա­մա­դամ ու­տեստ­նե­րը» շար­ժան­կա­րը (մուտ­քը ա­զատ է, շար­ժան­կա­րը պի­տի ցու­ցադ­րուի ռու­սե­րէն թարգ­մա­նու­թեամբ): Ներշն­չուած Ֆրան­սա­յի նա­խա­գահ Մի­թե­րա­նի նախ­կին խո­հա­րար Տա­նիէլ Մա­զէ-Տել­պէո­շի կեան­քի պատ­մու­թեամբ, այս շար­ժան­կա­րը հան­դի­սա­տե­սը կը տա­նի Ե­լի­սէ­յեան պա­լա­տի խո­հա­նո­ցի քու­լիս­ներ:

Երկուշաբթի, Մարտ 21, 2016