ՃԵՒԱՏ ԶԱՐԻՖԻ ՇՓՈՒՄՆԵՐԸ

Ի­րա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ճե­ւատ Զա­րիֆ շա­բա­թա­վեր­ջին այ­ցե­լեց Թուր­քիա։ Իս­թան­պու­լի մէջ ան հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի վրայ։ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Մեւ­լիւտ Չա­վու­շօղ­լու Ճե­ւատ Զա­րի­ֆի հետ ու­նե­ցաւ ա­ռանձ­նազրոյց մը, որ­մէ վերջ եր­կու նա­խա­րար­նե­րը գլխա­ւո­րե­ցին պա­տուի­րա­կու­թիւն­նե­րու բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը։ Եըլ­տը­զի պա­լա­տի հա­մա­լի­րէն ներս, «Մա­պէյն» ա­պա­րան­քի եր­դի­քին տակ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան ըն­դու­նեց Ճե­ւատ Զա­րի­ֆը։ Վար­չա­պետ Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լուն ալ հիւր նա­խա­րա­րին հետ տե­սակ­ցե­ցաւ վար­չա­պե­տա­րա­նի Տոլ­մա­պահ­չէի գրա­սե­նեա­կին մէջ։ Էր­տո­ղա­նի եւ Զա­րի­ֆի զրոյ­ցը տե­ւեց շուրջ ժամ մը, իսկ Տա­վու­տօղ­լու հիւր նա­խա­րա­րին հետ տե­սակ­ցե­ցաւ 1 ժամ 15 վայր­կեան։

Չը­րա­ղա­նի պա­լա­տին մէջ տե­ղի ու­նե­ցած բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րէն վերջ Մեւ­լիւտ Չա­վու­շօղ­լու եւ Ճե­ւատ Զա­րիֆ սար­քե­ցին հա­մա­տեղ մամ­լոյ ա­սու­լիս մը։ Այս առ­թիւ շեշ­տուե­ցաւ, որ Թուր­քիա եւ Ի­րան կողմ­նա­կից են Սու­րիոյ տա­րած­քա­յին ամ­բող­ջա­կա­նու­թեան պահ­պան­ման։ «Մենք Ի­րա­նի հետ կը պաշտ­պա­նենք Սու­րիոյ տա­րած­քա­յին ամ­բող­ջա­կա­նու­թիւ­նը։ Է­սա­տի նիւ­թին շուրջ կրնանք տար­բեր մտա­ծել Ի­րա­նի հետ։ Չենք թաքցներ այս նիւ­թին վե­րա­բե­րեալ մեր տար­բե­րու­թիւ­նը, սա­կայն Սու­րիոյ մէջ խա­ղա­ղու­թեան շուրջ հա­մա­խոհ ենք ի­րա­րու հետ», ը­սաւ Չա­վու­շօղ­լու։

Իր կար­գին Զա­րիֆն ալ շեշ­տադ­րեց Սու­րիոյ տա­րած­քա­յին ամ­բող­ջա­կա­նու­թիւ­նը եւ ը­սաւ, թէ աշ­խար­հագ­րա­կան սահ­ման­նե­րը ան­փո­փոխ են։ «Մեր քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը միշտ հե­տա­մուտ ե­ղած է բո­լոր եր­կիր­նե­րու տա­րած­քա­յին ամ­բող­ջա­կա­նու­թեան նկատ­մամբ յար­գան­քի, Ի­րա­քի եւ Սու­րիոյ կա­յու­նու­թեան։ Մաս­նա­ւո­րա­պէս դէմ ենք այն բո­լոր ա­րարք­նե­րուն, ո­րոնք կրնան խան­գա­րել Ի­րա­քի եւ Սու­րիոյ տա­րած­քա­յին ամ­բող­ջա­կա­նու­թիւ­նը։ Սու­րիոյ քա­ղա­քա­կան ան­կա­խու­թեան եւ տա­րած­քա­յին ամ­բող­ջա­կա­նու­թեան շուրջ հա­մա­կար­ծիք ենք Թուր­քիոյ հետ։ Տա­րա­կար­ծու­թիւն­նե­րը կրնան յաղ­թա­հա­րուիլ երկ­խօ­սու­թեամբ», ը­սաւ Զա­րիֆ։ Թեհ­րա­նի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը հա­մո­զուած է, թէ Սու­րիոյ ա­պա­գա­յին հա­մար դեր պէտք է վի­ճա­կի երկ­րի ամ­բողջ ժո­ղո­վուր­դին, Սու­րիոյ բո­լոր ազ­գու­թիւն­նե­րուն, կրօն­նե­րուն եւ հա­տուած­նե­րուն։

Մամ­լոյ ա­սու­լի­սի ըն­թաց­քին Չա­վու­շօղ­լու մատ­նան­շեց նաեւ, թէ Սու­րիոյ մէջ հրա­դա­դա­րի ա­պա­հով­ման ուղ­ղու­թեամբ եր­կու եր­կիր­նե­րը կը գոր­ծեն միաս­նա­բար։ Ներ­կայ հնա­րա­ւո­րու­թիւ­նը պէտք է լաւ ար­ժե­ւո­րուի՝ մշտա­կան հրա­դա­դա­րի հաս­տատ­ման եւ քա­ղա­քա­կան լուծ­ման ա­պա­հով­ման տե­սան­կիւ­նէն։ Չա­վու­շօղ­լու հա­մո­զուած է, թէ տա­րած­քաշր­ջա­նի կա­յու­նու­թեան տե­սա­կէ­տէ մեծ կա­րե­ւո­րու­թիւն կը ներ­կա­յաց­նէ մահ­մե­տա­կան եր­կիր­նե­րու մի­ջեւ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը։ Թուր­քիա կը փա­փա­քի, որ Ի­րա­նի եւ Սէու­տա­կան Ա­րա­բիոյ մի­ջեւ առ­կայ խնդիր­նե­րը կար­գա­ւո­րուին եղ­բայ­րա­կան զգա­ցում­նե­րով։ Ան­գա­րա­յի հա­մա­պա­տաս­խան մօ­տե­ցում­նե­րը փո­խան­ցուած են թէ՛ Ի­րա­նին եւ թէ Սէու­տա­կան Ա­րա­բիոյ։ Թրքա­կան կող­մը պի­տի ջա­նայ նպաստ բե­րել եղ­բայ­րա­կան եր­կու եր­կիր­ներու մի­ջեւ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու բնա­կա­նո­նաց­ման։

Զա­րի­ֆի հետ սար­քած հա­մա­տեղ մամ­լոյ ա­սու­լի­սին ըն­թաց­քին Մեւ­լիւտ Չա­վու­շօղ­լու խօ­սե­ցաւ նաեւ ՓԵՏ-ի եւ «Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն» Ի­ՇԻՊ ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւոր­ման շուրջ։ Իր խօս­քե­րով, ՓԵՏ Ի­ՇԻՊ-ի հետ պայ­քա­րի մէջ չէ Սու­րիոյ տա­րած­քա­յին ամ­բող­ջա­կա­նու­թեան, Սու­րիոյ ա­զա­տու­թեան հա­մար։ Սա ակն­յայտ է նաեւ Ի­րա­նին։ ՓԵՏ կը պայ­քա­րի, որ­պէս­զի քան­թոն մը ձե­ւա­ւո­րէ ինք­զին­քին հա­մար եւ բռնագ­րա­ւէ Սու­րիոյ տա­րած­քին մէկ մա­սը։ ՓԵՏ կը ձգտի մաս­նա­տել Սու­րիան, իսկ Թուր­քիա եւ Ի­րան դէմ են այդ քայ­լին։ Չա­վու­շօղ­լու ա­ւել­ցուց, թէ ՓԵՏ եւ ԵՓԿ աշ­խար­հին ցոյց տուած են ի­րենց իս­կա­կան դէմ­քը։

Չա­վու­շօղ­լու իր խօս­քե­րուն մէջ ընդգ­ծեց, թէ Ան­գա­րա եւ Թեհ­րան կը նա­խա­տե­սեն ի­րենց ա­ռեւ­տու­րի ծա­ւա­լը հասց­նել 30 մի­լիառ ա­մե­րի­կեան տո­լա­րի մա­կար­դա­կին, ինչ որ եր­կու եր­կիր­նե­րու նա­խա­գահ­նե­րու տես­լա­կանն է։

Մինչ այդ, նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ Ճե­ւատ Զա­րի­ֆի այ­ցե­լու­թիւ­նը զու­գա­դի­պե­ցաւ Իս­թան­պու­լի մէջ պա­տա­հած ա­հա­բեկ­չա­կան պայ­թու­մին՝ հիւր նա­խա­րա­րը իր յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն մէջ փո­խան­ցեց իր վշտակ­ցու­թիւն­ներն ու Թուր­քիոյ ի նպաստ զօ­րակ­ցու­թիւ­նը։

Երկուշաբթի, Մարտ 21, 2016