ՍՈՆԱ ԱՐՄԷՆԵԱՆ ՄՐՑԱՆԻՇ ՀԱՍՏԱՏԱԾ
Կլենտէյլի Հայ լեռնագնացներու միութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ Սոնա Արմէնեան վաթսունեօթ տարեկան տարիքին մրցանիշ մը հաստատած է՝ հանդիսանալով Մեքսիկայի բարձրագոյն` Օրիզապա լեռը մագլցած ամենատարեց կինը: Մինչ այդ, Օրիզապայի գագաթը, որ 5636 մեթր է, երրորդ ամենաբարձր գագաթն է Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ:
Սոնա Արմէնեանի այս իրագործումին ընկերացած են Հայ լեռնագնացներու միութեան եւ Հայ լեռնագնացներու ընկերակցութեան չորս այլ անդամներ: Անոնցմէ միայն երեքը՝ Արթուր Բարսեղեան, Պապ Մասուչի եւ Սոնա Արմէնեան յաջողած են գագաթ հասնիլ:
Սոնա Արմէնեան գոհունակութեամբ յայտնեց, թէ իր կեանքի ամենադժուար արշաւն էր: Ան նաեւ քաջալերական գտաւ այն իրողութիւնը, որ հետզհետէ աւելի մեծ թիւով հայեր լեռնագնացութեամբ կը հետաքրքրուին:
Միւս կողմէ, Սոնա Արմէնեան Հայ լեռնագնացներու միութեան հիմնադիրներէն է եւ աւելի ուշ անդամակցած է նաեւ Հայ լեռնագնացներու ընկերակցութեան: Շարք մը այլ լեռներու կողքին, ան նուաճած է նաեւ Արարատի եւ Քլիմանճարոյի գագաթները: