ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ ՕՐԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
Վերջերս կը լսեմ, թէ ինչո՛ւ լռած եմ, չեմ շարունակեր «Օրագրութիւնս», որ ըստ իրենց՝ շատերուն օրագրութիւնն է: Բայց երբ մարդիկը յուսադրելու հիմքեր չունիմ, միայն ժխտականը յիշելն ալ ճիշդ չեմ գտներ, մանաւանդ որ փապուղին շատ ոլոր-մոլոր է, եւ վերջաւորութեան լոյսը չ՚երեւիր: Ինչպէ՞ս խօսիմ միայն ժխտականը, երբ դեռ երէկ երիտասարդուհի մը, նախկին աշակերտուհի, որուն, ցաւօք, անունն իսկ չկրցայ յիշել, բազմութեան մէջ ժպտեցաւ ինծի ու ըսաւ. «Ձեզ որ տեսնեմ, կը յուսադրուիմ»… Ուրեմն՝ ուզածդ խօսելու կաշկանդում մը եւս…
Նախորդ տարիներուն, երբ կը գրէի Հալէպի բնակչութեան կրած դժուարութիւններու մասին, ըստ երեւոյթին, չէի անդրադարձած, թէ միշտ վատէն վատթարը կայ, եւ այդ ընթացքը կրնայ անվերջ երկարիլ: Լաւատեսութիւնը կամ պարզապէս լաւին հաւատալն էր դեր խաղացողը: Իսկ կարելի՞ է պատկերացնել կեանքը՝ առանց լաւը յուսալու: Կարծես թէ կարելի է, եւ Հալէպի ժողովուրդը հիմա այդ վիճակին մէջ է: Հիմա չենք յուսար, քանի որ յոգներ ենք ապարդիւն յուսալէն, յոգներ ենք քաղաքի բարձր պաշտօնեաներու անվերջ սուտերը կլլելէն: Ստեղծուած է վիճակ մը, երբ լռելեայն կ՚ընդունինք, թէ անոնք կան զմեզ սուտերով կերակրելու համար (օրինակ, որ իրենք ալ կը գոհանան երկու «ամփեր»ով, որ, հաւանաբար, իրենք ալ… կարգ կը սպասեն տանիքի տակառները դրամով ջուր լեցնելու կամ, կազի կարգ ալ կը կենան, հացի ալ եւ այլն… Ինչպիսի՜ դեմոկրատիա, եթէ ոչ՝ ամբոխավարութիւն կամ ամբոխին վրայ խնդալ): Նման պարագայի լռելը աւելի պարկեշտ չէ՞, ինչպէս որ այս ժողովուրդը կը տառապի՝ լո՛ւռ: Եւ անոր կը մնայ անեղունգ մատներով գլուխ քերել: Կամ չքերել. ազա՛տ ես:
Քաղաք՝ քսանմէկերորդ դարուն, ուր ամիսներով չկայ ելեկտրականութիւն… Հաւատացէ՛ք, որ վար-ժըւեցանք չարդուկուած հագնելուն, անխնամ մազերով գործի երթալուն, վիճակին «ըմբռնումով մօտենալուն» (ինչպէս ատենին Հայաստանի ղեկավար մը կը յորդորէր անօթի ու մսող ժողովուրդին)… Դեռ քանի մը օր առաջ յայտարարուեցաւ, թէ տասնվեց քիլօմեթրի վրայ երեսունէ աւելի թոն ելեկտրական հաղորդալար գողցուեր է… Ու մենք «ըմբռնեցինք» վիճակը, հաշտուեցանք եւս տարի մը ելեկտրականութիւն չունենալուն: Խա՛ղ է տասնվեց քիլօմեթրը, թոներով հաստ մետաղալարը… Բայց… քանի մը օրէն եկաւ մոռցուած լոյսը: Ու կը ծագի հարցումը՝ գողցողները տեսնող-արգիլող չեղա՞ւ, կամ՝ այսքան շուտ ինչպէ՞ս նորոգուեցաւ, պրա՛ւօ… Ստիպուած ես հաւատալ հրաշքներու կամ… յօրինումներու…
Ջուրը… Մարդիկ կը խօսին, թէ փողոցային ծորակներէն ջուր կրելէն քաղաքին մէջ շատցեր են ողնաշարի հարցեր ունեցողները: Ինչպէ՞ս չըլլան, երբ այս ծերանոց քաղաքին մէջ վաթսունէն վեր կիներ ու այրեր ստիպուած են կարգերու կենալ ու ծանր բեռերով յարկեր ելլել: Կուշտերը պիտի ըսէին. «Լա՛ւ է, մարզանք է»: Ու յանկարծ աւետիս՝ ջուր եկաւ. ի՜նչ կարիք կար տալու, մարդոց յուզումներու պատ-ճառ դառնալու. վարժուեր ենք մէջք ծռելով կրելուն, «ամփեր»ի ու ջրամբարները ծախու ջուրով լեցնելու վճարումներուն պատճառով ծակ գրպան ունենալուն, (երբ անդին մեծ գրպաններ աւելի կը մեծնան…) իրենց դերը մոռցած ծորակներ ունենալով՝ տուրքերը վճարելուն եւ այլ բարիքներու…
Աստուած անկուշտներուն բարիքներով կշտացնէ:
***
Ու ահա՝ հակասական պատկեր. հայկական շրջանակներէ ներս զանազան ձեռնարկներ կը խաչաձեւեն զիրար: Չէ՛, խօսքս միջինքի աւանդական ձեռնարկներուն չէ, ոչ ալ՝ մեր ժրաջան տիկիններուն կազմակերպած այլազան դասընթացքներուն, ուր նոր սերունդին կը փոխանցուին հայկական ձեռարուեստի գաղտնիքները (իրա՛ւ, այս ժողովուրդով հիանալը քիչ է): Ասոնք՝ իրենց տեղը. խօսքս հայու ոգեղէն մշակոյթի գանձերը պահպանելու եւ անոնց միջոցով ժողովուրդի ոգին բարձրացնելու մշտական ճիգերու մասին է, որ ծանր օրերուն հակադարձ շարժումով մը առաւել շատցած է: Կրկին ու կրկին կը խորհիմ հայու կենսասիրութեան ու անկոտրում կամքի մասին: Իր էութեան լաւագոյն արտայայտութեան մէջ հայը գոյ է, երբ կը ստեղծէ, կը ստեղծագործէ, կը գործէ: Ան պիտի արարէ՝ անկախ պայմաններէն: Անոր համար գոյութեան այլ կերպ չկայ:
Ողջո՛յն քեզ, աննկուն իմ ժողովուրդ: Թո՛ղ որ բեմական խանդավառութեամբ հնչէ խօսքս, սակայն այդ էր, որ կը զգայի, երբ ներկայ գտնուեցայ «Զուարթնոց» երգչախումբի համերգին:
Երթալու տրամադիր չէի, քանի որ հոգեպէս ես ալ փլած էի տունիս վրայ երկրորդ քանդիչ հարուածէն, բայց հրաւէրը մերժել չէի կրնար: Վերադարձիս կ՚երգէի մտովին. աչքիս առջեւէն չէին հեռանար երգողներուն դէմքերը, խանդավառութիւնը, անպայման կատարեալը ընելու ակնյայտ փափաքը: Խմբավար թէ երգողներ պարտականութիւն - աշխատանք չէ որ կը կատարէին, այլ գրեթէ իւրաքանչիւրը հոն, բեմին վրայ, հայօրէն թունդ՝ կը սիրէր, կ՚աղօթէր, կը մարտնչէր, կ՚ընդվզէր աշխարհի չարիքին դէմ եւ ազատ ու երջանիկ ապրելու իր անկապտելի իրաւունքը կը պահանջէր: Իւրաքանչիւրը անհատապէս ու ամէնքը՝ իբրեւ հայութիւն: Հոն էր, որ կը փայլէր մեր եռանդին հետ նաեւ մեր անխախտելի լաւատեսութիւնը ու հաւատը՝ մարդկայինի ու իրաւացիի յաղթանակին:
Չէի կրնար պահել արցունքներս, երբ անոնց ընդմէջէն կը տեսնէի աշխարհի բոլոր անկիւնները ծուարած այս փոքր ածուին անսասան հաւատքը, թէ «Կա՛նք, պիտի լինե՛նք…» այն պարագային, երբ այսօր ամենէն մեծ հողմի բերանն ինկած՝ փոշի կը դառնանք: Մինչդեռ հայը լրջօրէն կը հաւատայ, հակառակ ամէն չարիքի՝ կ՚ուզէ հաւատալ իր յար ու յաւերժ լինելութեան, բարիի յաղթանակին ու դեռ, իր կաթիլը բերելով՝ կը կարծէ լեցնել աշխարհի ցամքող բարութեան ծովը: Իր առաքելութիւնն է այդ, համոզուած է:
***
Եւ կրկին… գաղթը: Սա հարց մըն է, զոր «կրկին չես յիշեր», քանի որ երբեք չես մոռնար, քանի որ ան կը պոռա՛յ, կը շեփորէ՛, կը յիշեցնէ՛ իր մասին «բոլոր քառուղիներէն»: Փողոցը քալած միջոցիդ՝ խօսակցութեան թռուցիկ պատառիկներու ձեւով, խանութի մը մէջ՝ գնորդներու ակնարկներէն, ընտանիքներէ ներս՝ զրոյցներէն, անցորդի մը հեռաձայնային խօսքի պատառիկներէն, հեռատեսիլի կայաններէն եւ այլ ակերէ կ՚ահագնանայ ան ու վրադ կը խուժէ ամէ՛ն օր:
Պատմութիւնը կը նշէ, թէ 4-րդ-7-րդ դարերուն ժողովուրդներու մեծ գաղթեր եղած են: Այսօր ան մեզի համար անցած շրջանի մը պատմութիւնն է, որ միայն մասնագէտները կը հետաքրքրէ: Մինչդեռ այսօր ալ մե՛նք ժամանակակիցն ու ականատեսը կամ զոհն ենք ժողովուրդներու ակամայ մեծ տեղաշարժերուն: Հրդեհներէ հալածական նախիրներու նման՝ միլիոնաւոր մարդիկ կը փախչին իրենց օրրաններէն, եւ ո՛ւր ալ որ հասնին, կ՚ընդունուին ոչ աւելի լաւ, քան՝ իբրեւ նախիր… Այս ահաւոր երեւոյթի պատճառ հետեւանք կապերու յորձանքին մէջ ենք մենք՝ իբրեւ Մերձաւոր Արեւելքի բնակիչ ու իբրեւ հայ: Թէ ո՞ւր է չարիքին արմատը, թէ «Ո՛վ է երազել այսքան դաժան», թէ որո՛նց սատանայական հաշիւներուն ու շահերուն համար շարժած են այս այլեւս անկասելի հեղեղը, մենք՝ մահկանացուներս միայն ենթադրութիւններ կրնանք ընել ու կ՚ընենք: Բայց զմեզ ծանրօրէն ճնշողն ու զգացական գետնի վրայ սոսկում պատճառող իրականութիւնը հայերո՛ւս խուճապահար գաղթն է դէպի ամէն կողմը աշխարհի:
«Կրակը ինկած տեղը կ՚այրէ», կ՚ըսեն: Հոս է հիմա կրակը՝ երկու «Հ»երու կախարդական օղակին մէջ՝ Հալէպ ու Հայաստան: Հարազատ ծննդավայր ու հարազատ Երկիր:
Եթէ ծնած ես միայն ուտել ու աճելու համար, մե՜ծ է աշխարհը եւ քուկդ է, տղա՛ս, գնա՛, ուր կարելիութիւն ունիս եւ ո՛չ ալ «տարտ» ըրէ. քեզի՞ մնաց տառապիլը, թէ հայութիւնը կը քայքայուի:
Եթէ պետական գործիչ ես, բնականաբար «լայն հայեացքով» կը նայիս իրերուն ու հայութեան գաղթն ալ կը դիտես ժողովուրդներու մեծ գաղթի պաստառին վրայ. կը հաշտուիս կամ անկարող ես ու կը դիտես պարպուիլը Երկրիդ:
Եթէ նախնիներուդ տաք ու անխառն արիւնը կը հոսի երակներուդ մէջ, ապա ան կ՚ըմբոստանայ այս քանդումի պատկերին դէմ ու, անկարող բան մը փոխելու, գէթ կը պարպես հոգիդ: Իսկ թէ քանի մը հոգի ալ անդրադառնան, որոշեն Երկիր երթալ ու տոկալ բոլոր դժուարութիւններուն՝ խօսքդ գէթ մասամբ արժէք կ՚ունենայ:
Ինչո՞ւ կ՚երթան հայերը Սուրիայէն. պարզ է՝ մահուան վտանգէն: Այս պարգային մեղադրելը անմտութիւն է, եթէ ոչ՝ անպարկեշտութիւն:
Ինչո՞ւ կը գաղթեն սուրիահայերը Հայաստանէն (հիմա տեղացիներու մասին չէ խօսքը), պարզ է… Արդեօք պա՞րզ է: Աշխատասէր, արհեստաւոր ժողովուրդ, որ այնքա՜ն պէտք էր հոն եւ կրնար շէնցնել Երկիրը. հակառակ խոր հիասթափութիւններուն՝ դեռ ունէ՛ր ալ ջերմութիւնը նախնիներու հողին հանդէպ ու տակաւին՝ հաւատքը հոն ապրելու իր իրաւունքին: Այսօր կը հեռանայ, կ՚երթայ դէպի անորոշն ու հալումը: Նիւթական բարեկեցութեա՞ն հեռանկարն է զայն գրաւողը. բայց՝ ամէ՞նքը նիւթապաշտ: Իսկ ինչո՞ւ կարելի չէ նիւթը ստեղծել հոն՝ Երկրի մէջ… Մե՜ծ հարցերու դուռ: Քանի՜ դէպք լսեցինք հոն գործի սկսող ու զանազան արգելքներու, հարուածներու, «քցել»ներու չտոկալով՝ ձգող-հեռացողներու մասին: Մինչդեռ հեռատեսիլէն հակառակը կը լսենք՝ «փոքր ու միջին պիզնէսը» քաջալերելու որոշումներու մասին…
Հայաստանի հեռատեսիլը սակաւ անգամ կը դիտեմ, քանի որ հոնկէ փոխանցուող ցաւը մարսել անկարող եմ: Պատահական դիտեցի «Այս օրը» կարճ հաղորդումը, ուր պատմութեան էջեր կը ներկայացուին: Այդ օր խօսնակը Երեւանի թաղամաս Նոր Արաբկիրի հիմնադրումի մասին կը խօսէր, թէ ինչպէ՛ս ամերիկահայ ազգայիններ, մեր խելօք ու ձեռներէց ժողովուրդի հաւանական ձուլումի հեռանկարով մտահոգ, 1920-ական թուականներուն (թուականը հոս շատ կարեւոր է) Խորհրդային Հայաստանի համայնավա՛ր ղեկավարութեան կը դիմեն խնդրանքով, ու համայնավարնե՛րը, որոնք յայտնի էին ապազգային տրամադրուածութեամբ, կ՚ընդառաջեն, հող կը տրամադրեն, կը սկսի կառուցուիլ Նոր Արաբկիրը, որուն կը հետեւին կորուսեալ միւս քաղաքներու անուանակիր թաղերը՝ Նոր Մարաշ, Նոր Զէյթուն եւ այլն: Սքանչելի նմոյշ՝ իրաւ հայրենասիրութեան, ազգային մտահոգութեան, պարկեշտութեան: Հայերու՝ իրարու նայելու, նախանձելու սովորութիւնը այդ պարագային միայն բարիք ծնած է:
Այսօր ունինք ազգայի՛ն պետութիւն, ու կրկին՝ գաղթականներ: Իսկ ո՞ւր է նոր Հալէպը: Քանի մը «էլիթար» շէնքերը գաղթակա՞ն, թէ՞ «էլիթար» գրպան ունեցող, «ազնուարիւն» հայեր ընդունելու համար են (իսկ ես կը կարծէի, թէ բոլոր հայերը ազնուարիւն են…): Գիտենք մեր երկրին տնտեսական վիճակը, կը հաւատանք նաեւ, ինչպէս որ կը յայտարարուի, թէ իրենց կրցածին չափով կը փորձեն նպաստել սուրիահայերու հոն հաստատուելուն, բայց իրա՞ւ կարելի չէ տարածք յատկացնել եւ մահկանացու գաղթական ժողովուրդը տեղաւորել պա՜րզ, մարդկային բնակարաններու մէջ: Մանաւանդ որ սփիւռքը ձեռնածալ պիտի չնստէր եւ օժանդակութեան պիտի փութար, ինչպէս այսօր ալ կ՚ընէ… Մանաւանդ որ սուրիահայերն ալ պիտի չծուլանային ժրաջանօրէն «ե՛ւ բոյն շինել, ե՛ւ երգել», իսկ յաջորդ սերունդը պիտի չյիշէր ալ «առաջուան բոյնը»՝ Հալէպը: Բայց իրականութիւնը մեր երազէն տարբեր է, Փոքր Մհերը կը հեռանայ Սասունէն ու կը մնայ թափառական: Այսօր հալէպահայեր՝ եռանդո՛ւն, գործունեա՛յ եւ անպայմանօրէ՛ն հայրենի հողը շէնցնելու ատակ ու տրամադիր մարդիկ, կրկին կը գաղթեն… Անդին կը լսենք նաեւ, թէ գաղթական ընդունած երկիրներ մեծ ցանկեր կազմած են անկոչ «հիւրերը» ետ՝ իրենց տուները ղրկելու…
Եւ ահա օդի մէջ կախուած հայերու նորանոր ողբերգութիւններ…
«Ո՞վ է մեղաւոր, միտք եմ անում, միտք ու չեմ հասկանում», պիտի ըսէր Թումանեան: Հասկցողները կան, անշո՛ւշտ:
ԼԱԼԱ ՄԻՍԿԱՐԵԱՆ-ՄԻՆԱՍԵԱՆ