ԱՊՈՒ ՏԱՊԻԻ ՄԷՋ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎ

Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան վա­ղը աշ­խա­տան­քա­յին այ­ցե­լու­թեամբ պի­տի մեկ­նի Ա­րա­բա­կան Միա­ցեալ Է­մի­րու­թիւն­ներ։ Ե­րե­ւա­նի պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, Ա­պու Տա­պիի մէջ ան պի­տի մաս­նակ­ցի Հա­յաս­տան-Ա­րա­բա­կան Միա­ցեալ Է­մի­րու­թիւն­ներ ներդ­րու­մա­յին հա­մա­ժո­ղո­վին։ Հարկ է յի­շեց­նել, որ ան­ցեալ տա­րե­վեր­ջին Սերժ Սարգ­սեան պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւն մը տուած էր Ա­րա­բա­կան Միա­ցեալ Է­մի­րու­թիւն­ներ եւ այդ ժա­մա­նակ հա­մա­ձայ­նու­թիւն գո­յա­ցած էր այս հա­մա­ժո­ղո­վի կազ­մա­կերպ­ման ուղ­ղու­թեամբ։

 

Երեքշաբթի, Մարտ 21, 2017