ՄԱՀ՝ ՎԱՆԻԿ ՍԱՆԹՐԵԱՆԻ
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, որ Երեւանի մէջ իր մահկանացուն կնքած է հայկական լրագրական աշխարհի երէց դէմքերէն մին՝ Վանիկ Սանթրեան։ Սովետական լրագրական դպրոցէն հասած վարպետ մամլոյ սպասաւոր մըն էր ան։ Իր փորձառութիւնը ի գործ դրած էր անկախութեան տարիներուն, որու սկզբնական շրջանին Հայաստան կը դիմագրաւէր անցումային շրջանի մարտահրաւէրներ, որոնցմէ առաւելագոյն բաժին կը վիճակէր նաեւ երկրի զանգուածային լրատուական միջոցներուն։ Այդ ծանր պայմաններուն ներքեւ գործունէութիւն ծաւալած դէմք մըն էր Վանիկ Սանթրեան։ Երկար տարիներ անձնուիրաբար ծառայած էր «Արմէնփրէս» գործակալութեան։ Արժանացած էր մրցանակներու։
Վանիկ Սանթրեան ստեղծագործութիւններ ունէր նաեւ գեղարուեստական կալուածէ ներս։
Մշակոյթի եւ լրագրութեան ոլորտներէն ներս բեղուն գործունէութիւն ծաւալած Վանիկ Սանթրեան 1935 թուականին ծնած էր Լեռնային Ղարաբաղի Մարտունիի շրջանի Թաղավարդ գիւղին մէջ։ Աւարտած էր Երեւանի Պետական համալսարանի Բանասիրական ֆաքիւլթէի Հայոց լեզուի եւ գրականութեան բաժինը։ Ուսանողութեան տարիներուն իսկ դարձած էր ձայնասփիւռի աշխատակից։ Սովետական շրջանին աշխատակցած էր Հայաստանի զանազան թերթերուն։ 1962 թուականէն սկսեալ, ամբողջ 48 տարի աշխատակցած էր «Արմէնփրէս» գործակալութեան, որու խմբագրակազմէն իր իսկ փափաքով դուրս եկած էր 2010 թուականին։ Վանիկ Սանթրեան հեղինակած էր 35 գիրք եւ շուրջ 10 այլ հեղինակներու գիրքերը խմբագրելով գրած էր նաեւ յառաջաբանները։ Շուրջ 400 նկարներ ստեղծագործած էր։ Իր ստեղծագործութիւններուն գրեթէ բոլորը նուիրած էր ընկերներուն։ Անոնց մէկ մասը կը զարդարէ «Արմէնփրէս» գործակալութեան խմբագրատան պատերը։ Անդամ էր թէ՛ Գրողներու, թէ՛ Նկարիչներու եւ թէ Լրագրողներու միութեան։ Յարգանք իր վաստակին։