ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԷՋ ԶՐՈՅՑ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան Նիւ Եորքի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերէսի հետ։ Ծանօթ է, որ Նալպանտեան Նիւ Եորք մեկնած էր մասնակցելու համար Հայաստանի ՄԱԿ-ին անդամակցութեան 25-ամեակին ձօնուած յոբելենական հանդիսութիւններուն, որոնց ներկայ գտնուեցաւ նաեւ ընդհանուր քարտուղարը։
Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Նալպանտեան Անթոնիօ Կութերէսին փոխանցեց Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեանի ողջոյններն ու բարեմաղթանքը եւ ընդհանուր քարտուղարը հրաւիրեց այցելել Երեւան։ «Սա մեր առաջին հանդիպումն է՝ ձեր կողմէ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնի ստանձնումէն ի վեր եւ օգտուելով առիթէն կրկին կը շնորհաւորեմ բարձր եւ պատասխանատու այս պաշտօնին կոչուելու կապակցութեամբ եւ յաջողութիւն կը մաղթեմ ձեր կարեւոր առաքելութեան մէջ», ըսաւ Նալպանտեան։
Իր կարգին, Կութերէս շնորհակալութիւն յայտնեց բարեմաղթանքներուն եւ հրաւէրին համար։ Ան վստահեցուց, որ իր նպատակն է արդիւնաւէտ համագործակցութիւն ծաւալել Հայաստանի հետ։ Կութերէս գոհունակութեամբ արձանագրեց, որ իր անդամակցութեան քսանհինգ տարիներուն ընթացքին Հայաստան աշխուժօրէն մասնակցած է ՄԱԿ-ի շրջանակներէն ներս իրականացուող աշխատանքերուն, կը համագործակցի այս կազմակերպութեան բազմաթիւ կառոյցներուն եւ օղակներուն հետ եւ հանդէս կու գայ զանազան նախաձեռնութիւններով, որոնք արժանի են բարձր գնահատանքի։ Նալպանտեանն ալ հաւաստիացուց, որ այսուհետեւ եւս Հայաստան պիտի շարունակէ իր շինիչ ներգրաւուածութիւնը եւ աշխոյժ գործունէութիւնը՝ ուղղուած ՄԱԿ-ի նպատակներու կեանքի կոչման։
Եդուարդ Նալպանտեան ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին ներկայացուց ցեղասպանութիւններու եւ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու կանխարգիլման ուղղեալ Հայաստանի նախաձեռնութիւնները։ Զրուցակիցները անդրադարձ կատարեցին միջազգային եւ տարածքաշրջանային բնոյթով շարք մը հրատապ հարցերու։ Անոնք քննարկեցին Մերձաւոր Արեւելքի իրավիճակը, ինչպէս նաեւ փախստականներու եւ գաղթականաց հոսքերուն վերաբերեալ խնդիրներ։ Այս ամբողջին մէջ Անթոնիօ Կութերէս արժեւորեց Հայաստանի ջանքերը փախստականներուն ապաստան տրամադրելու հարցին մէջ՝ նշելով, որ սա օրինակելի է։ Նալպանտեան ներկայացուց Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման գործընթացէն ներս ստեղծուած ներկայ իրավիճակը։ Անդրադարձ կատարուեցաւ անցեալ տարի Վիեննայի եւ Սեն Փեթերսպուրկի մէջ տեղի ունեցած գագաթաժողովներուն ժամանակ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններուն։ Կութերէս աջակցութիւն յայտնեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ պետութիւններու ջանքերուն՝ որոնք ուղղուած են այս հիմնախնդրի բացառապէս խաղաղ կարգաւորման։
Եդուարդ Նալպանտեան Նիւ Եորքի մէջ տեսակցեցաւ նաեւ ՄԱԿ-ի քաղաքական հարցերով փոխ-ընդհանուր քարտուղար Ճեֆրի Ֆլեթմանի հետ։ Քննարկուեցան ՄԱԿ-ի շրջանակներէն ներս Հայաստանի ներգրաւուածութեան վերաբերեալ հարցեր։