ՉԱՎՈՒՇՕՂԼՈՒ ԱՄՆ-Ի ՄԷՋ
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու այսօր շփումներ կ՚ունենայ Ուաշինկթընի մէջ։ Իր այցելութիւնը կը տեւէ երկու օր։ Չավուշօղլու մասնակցութիւն կը բերէ ԻՇԻՊ-ի («Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորում) դէմ պայքարի ձեռնարկած միջազգային համախոհութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման։ Այս ժողովին ընթացքին նախարարները կշիռքի վրայ կը դնեն ԻՇԻՊ-ի դէմ պայքարի ծիրէն ներս ցարդ արձանագրուած արդիւնքները եւ այժմու փորձառութիւններուն լոյսին տակ կը նախանշեն պայքարի յառաջիկայ քայլերը։ Ուաշինկթընի մէջ նախատեսուած են նաեւ Չավուշօղլուի երկկողմանի հանդիպումները ամերիկացի կարգ մը պաշտօնատարներու, հասարակական գործիչներու եւ զանգուածային լրատուութեան աշխարհի ներկայացուցիչներուն հետ։
ԱՄՆ-ի մէջ իր կեցութեան ընթացքին Մեւլիւտ Չավուշօղլու կ՚անցնի նաեւ Նիւ Եորք, ուր հանդիպում մըն ալ կ՚ունենայ տեղւոյն թուրքերուն հետ։