ՊԱՔՈՒ-ԹԻՖԼԻԶ-ԿԱՐՍ ԵՐԿԱԹՈՒՂԻԻ ԲԱՑՈՒՄԸ ԿԸ ՆԱԽԱՏԵՍՈՒԻ ՇՈՒՐՋ ԵՐԿՈՒ ԱՄՍՈՒԱՆ ԸՆԹԱՑՔԻՆ
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու յայտարարեց, որ յառաջիկայ երկու ամսուան ընթացքին տեղի պիտի ունենայ Պաքու-Թիֆլիզ-Կարս երկաթուղիին բացումը։ Ծանօթ է, որ այս երկաթուղին կը կառուցուի Թուրքիոյ, Ատրպէյճանի եւ Վրաստանի կառավարութիւններուն մասնակցութեամբ ստորագրուած համաձայնագրի մը հիման վրայ։
Ըստ Մեւլիւտ Չավուշօղլուի, Թուրքիա յաջողութեամբ կը կարողանայ ամրապնդել իր յարաբերութիւնները տարածքաշրջանի շարք մը երկիրներուն հետ՝ խոշոր ենթակառուցուածքային նախագծերու շրջանակներէն ներս։
Հաղորդակցութեան նախարար Ահմէտ Ասլանն ալ քանի մը օր առաջ նշած էր, որ այս նախագծին շնորհիւ Չինաստանէն, Ղազախիստանէն, Թիւրքմենիստանէն եւ Վրաստանէն առեւտրային բեռները Թուրքիոյ վրայով դուրս պիտի գան դէպի Եւրոպա, ինչպէս նաեւ Եւրոպայի ապրանքները պիտի փոխադրուին դէպի Ասիա։